ՔԵՍԱՊԸ ՊԱՐՊՈՒԵՑԱՒ, ՔԵՍԱՊԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ

ՔԵՍԱՊԸ ՊԱՐՊՈՒԵՑԱՒ, ՔԵՍԱՊԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ

22 Մարտ 2014-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թուրքիոյ տարածքէն Սուրիոյ վարչակարգի հակառակորդ զինեալ խմբաւորումներու` Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերուն ուղղութեամբ կատարած լայնածաւալ եւ բուռն յարձակման հետեւանքով, շրջանի հայ բնակչութիւնը ստիպողական տարհանումի ենթարկուեցաւ դէպի Լաթաքիա:

Լաթաքիայէն հաղորդուած տեղեկութիւններու համաձայն, յարձակման ընթացքին որեւէ հայազգի զոհ չէ արձանագրուած, եւ հայ բնակչութիւնը` մօտաւորապէս 1500 մարդ, անվտանգ կարողացած է ապաստանիլ Լաթաքիա: Անոնց շարքին կը գտնուին նաեւ Հալէպէն եւ պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած սուրիական այլ բնակավայրերէ որոշ հայորդիներ, որոնք ապաստանած էին Քեսապ, իբրեւ յարաբերաբար աւելի ապահով վայր: Տարհանուածներու մեծամասնութիւնը տեղաւորուած է տեղի հայկական ընտանիքներու` ազգականներու եւ բարեկամներու տուներուն մէջ, իսկ մօտ 250 անձ պատսպարուած է քաղաքի հայ առաքելական եկեղեցուոյ զոյգ սրահներուն մէջ :

Լաթաքիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները հաղորդեցին, որ տեղի միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները աշխոյժ գործի լծուած են , ապահովելու համար տարհանուած հայրենակիցներու կենցաղային բոլոր կարիքները : Հայ համայնքի պատասխանատուները զօրաշարժի ենթարկած են նաեւ քաղաքային եւ նահանգային տարբեր կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ եւ պետական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ, օգնութեան ձեռք մեկնելու համար անոնց: Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան կը գտնուի իր հօտին գլուխը` տարապայման այս կացութեան մէջ գօտեպնդելու համար տագնապահար մարդիկը եւ մասնակցելու համար անոնց կարիքներու բաւարարման ուղղուած աշխատանքներուն:

K2

Քեսապի եւ շրջակայ շուրջ մէկ տասնեակ հայկական գիւղերու բնակչութեան տարհանումը ահազանգային իրողութիւն է` մարդկային եւ ազգային առումներով:

Անիկա մէկ արտայայտութիւնն է Սուրիոյ մէջ սանձազերծուած վայրագ պատերազմի արիւնալի արհաւիրքին, որուն կ’ենթարկուին անմեղ մարդիկ, բռնօրէն դուրս մղուելով իրենց պապենական բնակավայրերէն, կորսնցնելով սերունդներու արդար աշխատանքով ձեռք բերուած տունն ու այգին եւ նիւթական բոլոր կարողութիւնները, մատնուելով անստոյգ ապագայի առթելիք բազում մտատանջութեանց եւ տագնապներուն:

Քեսապը առաջին անգամ չէ որ կը մատնուի նման արհաւիրքի, սակայն քեսապցիք միշտ ալ կարողացած են ոտքի կանգնիլ հարուածներէն եւ վերաշինել իրենց հայրենի բնակավայրը:

Վերջին մօտ հարիւր տարուայ պատմութեան մէջ, այս իմաստով կ’առանձնան երեք թուականներ. Քեսապը ծանր կորուստներ կրեց 1909 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Կիլիկիոյ հայերու կոտորածին ընթացքին, մինչ 1915-ին, նոյն Թուրքիոյ կառավարութեան հրամանով անոր բնակչութիւնը եւս տարագրուեցաւ դէպի Տէրի Զօրի եւ Յորդանանի անապատներ, ուր նահատակի մահով ինկան շուրջ 5000 քեսապցիներ` Հայկական ցեղասպանութեան միւս զոհերուն հետ միասին: Իսկ 1939-ին, Քեսապ յաջողեցաւ զերծ մնալ Քեմալական Թուրքիոյ նկրտումներէն եւ պահպանուեցաւ Սուրիական Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, մինչ Ալեքսանտրեթի սանճաքը, ուր կը գտնուէին նաեւ Մուսա լերան-Սուէտիոյ հայկական բնակավայրերը, Թուրք-Ֆրանսական համաձայնութեամբ կցուեցան Թուրքիոյ: Այդ իրագործումին մէջ մեծապէս դերակատար եղան Ֆրանսայի հայկական համանքը, կարտինալ Աղաճանեան, իր լուռ բայց խիստ ազդու միջամտութիւններով, եւ նոյնինքն Հռոմի պապը, որ ի գործ դրաւ իր ամբողջ հեղինակութիւնը` Քեսապը Թուրքիոյ չյանձնելու համար:

Քեսապը հայկական սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան համար ունի անզուգական կարեւորու-թիւն: Քեսապի հողն ու ջուրը, քեսապցիներու աւանդադրոշմ հայկական ընտանիքներն ու ազգա-յին-եկեղեցական կառոյցները հայութեան նուիրաբե-րած են բազում գործիչներ, բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որոնք պարծանք բերած են ամբողջ հայութեան եւ օրինակելի մարդիկ ու քաղաքացիներ եղած են իրենց ապրած բոլոր երկրներուն մէջ:

Լիայոյս ենք, որ Քեսապի հայութիւնը կրկին պիտի վերադառնայ իր հայրենի բնակավայրը, որուն կապուած է բազմահարիւր տարիներէ ի վեր: Պիտի վերադառնայ, ու պիտի տնկէ նոր այգի` աւերուածին տեղ, պիտի վերանորոգէ իր տունը եւ շինէ նորերը` քանդուածներուն տեղ, որպէսզի վերածնի հայ կեանքը այնտեղ աւելի պայծառօրէն, Հայկական Կիլիկիայէն հայութեան մնացած այդ վերջին բեկորին վրայ:

Կոչ կ’ուղղենք բարի եւ ազնիւ սրտի տէր մարդոց աղօթելու աղետահար Քեսապցիներու մխիթարութեան եւ անվտանգութեան համար: Կոչ կ’ուղղենք բոլորին, որ բարոյական եւ նիւթական կարելի ամէն տեսակի աջակցութիւն ցոյց տան անոնց` փորձութեան այս դժուարին ժամանակահատուածին: Ամէն բանէ առաջ, քեսապցիները պէտք է լիարժէքօրէն զգան, որ առանձին չեն այս օրերուն, եւ որ իրենց ցաւակից է ու թիկունքին է հայութիւնը` աշխարհի ամբողջ տարածքին:

Պէյրութ, Լիբանան – 25 մարտ, 2014

 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ