«ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՑՈԼԱՑՈՒՄՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ»

«ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՑՈԼԱՑՈՒՄՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ»

Փետրուարի 20-21-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ կարդինալներու արտակարգ մէկ ժողովը քննարկելու համար մարտահրաւէրները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր ընտանիքը՝ զինք շրջապատող ընկերային յարափոփոխ փափուկ պայմաններրուն ներքեւ։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած 180 կարդինալներ մասնակցեցան երկօրեայ ժողովին, որուն ընթացքին խօսք առին 69 կարդինալներ։ Այս բացառիկ ժողովը սահմանուած էր նախապատրաստելու 2014-ի հոկտեմբերի Սիւնհոդոսը եւ ապա՝ 2015-ի համաշխարհային հանդիպումը։

Ժողովի բացման իր հակիրճ խօսքին մէջ, Պապը ըսաւ թէ «այս երկու օրերու ընթացքին պիտի մտածենք յատկապէս ընտանիքի մասին, որ մարդկային ընկերութեան հիմնական բջիջն է»։ Նշելով որ «Արարիչը սկիզքէն իր օրհնութիւնը տուաւ մարդուն եւ կնկան, որպէսզի բեղմնաւոր ըլլան եւ բազմապատկուին երկրի վրայ», ան ըսաւ որ «աշխարհի վրայ ընտանիքը կը ներկայանայ որպէս ցոլացումը Աստուծոյ»։

«Մեր խորհրդածութիւնը միշտ պիտի յիշէ ընտանիքին եւ ամուսնութեան գեղեցկութիւնը, ամէն կեանքի նման՝ միաժամանակ այնքան պարզ եւ այնքան հարուստ, ուրախութիւններով եւ յոյսերով, ցաւերով ու տառապանքներով շրջապատուած այս մարդկային իրականութեան մեծութիւնը։ Պիտի փորձենք խորացնել ընտանիքին աստուածաբանութիւնը եւ հովուական գործը զոր պէտք է ի գործ դնենք ներկայ պայմաններուն տակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Նշելէ ետք որ ընտանիքը այսօր «արժէքազրկոած եւ չարչրկուած է», ան ըսաւ.- «Այսօր մեզմէ կը պահանջուի գիտնալ թէ ինչքա՜ն գեղեցիկ է, ճշմարիտ եւ լաւ բան է ընտանիք կազմելը, ընտանիք ըլլալը այսօր, ինչքա՜ն անհրաժեշտ է աշխարհի կեանքին եւ մարդկութեան ապագային համար։ Մեզմէ կը պահանջուի ակներեւ դարձնել Աստուծոյ լուսաւոր ծրագիրը ընտանիքի մասին եւ օգնել ամուսիններուն որպէսզի իրենց գոյութեան ընթացքին զայն ապրին ուրախութեամբ, անոնց ուղեկցելով բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջ»։

 

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

familyԸնտանիքի մասին կարդինալներու բացառիկ Սիւնհոդոսին մասնակցելու հրաւիրուած էր նաեւ մարոնիթներու կարդինալ Պշարա Ռաի պատրիարքը, որ ձայնասփիւռ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ընտանիքներու դիմագրաւած խնդիրներու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու կարեւորութեան մասին՝ քրիստոնէական ներկայութիւնը ապրեցնելու համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

«Ընտանիքը՝ մեր մօտ, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական զոհն է։ Պէտք է օգնել ընտանիքին, որովհետեւ ան ընկերութեան բջիջն է» ըսաւ ան, եւ շարունակեց ըսելով որ ընտանիքը ամէն բան է։ «Կը խօսիք երիտասարդներու մասին՝ ընտանիքն է։ Կը խօսիք նախկիններու մասին՝ ընտանիքն է։ Կը խօսիք տնտեսական խնդիրներու մասին՝ ընտանիքն է։ Կը խօսիք կոչումներու մասին՝ ընտանիքն է։ Մեզի համար շատ կարեւոր է ընտանիքին, անոր ինքնութեան, անոր առաքելութեան, անոր կարեւորութեան պահպանումը։ Գիտենք թէ Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի մէջ, ընդհանրապէս, ընտանիքը շատ կը տառապի արժէքներու գետնի վրայ եւ ասիկա մեծ մտահոգութիւն մըն է Պապին եւ մեզի համար ալ։ Մենք ալ որոշեցինք ընտանիքի խնդիրը քննարկել Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու յառաջիկայ ժողովի ընթացքին, Նոյեմբերին։ Մեզի համար հովուական խնդիրները եւ մանաւանդ երիտասարդները շատ կարեւոր են։ Մեծ տագնապ մը, ընկերային-տնտեսական մեծ տագնապ մը կþապրինք Լիբանանի մէջ, ուր երիտասարդները ապագայ չեն գտներ։ Աշխատանք կը փնտռեն եւ չեն գտներ։ Ինչպէ՞ս օգնել այս երիտասարդներուն եւ իրենց ըսել.- «Ահաւասիկ, հակառակ պատերազմին, տագնապին, հակառակ ամէն ինչին որ կþապրի Միջին Արեւելքը, պէտք չէ մոռնանք որ մենք հոն կը գտնուինք Յիսուսի ժամանակներէն եւ որ Միջին Արեւելքը պէտք ունի քրիստոնէական վկայութեան»։ Պէտք է մնանք արեւելեան հողամասին վրայ եւ ընկերութեան փոխանցենք քրիստոնէական արժէքները։ 1300 տարիէ ի վեր իսլամներուն հետ ապրեցանք բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ։ Պէտք է պահպանենք մեր ներկայութիւնը։ Պէտք է հոն մնանք։ Ահա թէ ինչու, մեզի համար ընտանիքը առաջնակարգ խնդիր է»։