ՇՐՋԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏԱԳԱՂԹԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ…

ՇՐՋԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏԱԳԱՂԹԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ…

– Ինչպէ՞ս էք, հարցուցի թաքսիի վարորդին։

– Որտեղի՞ց էք, հարցումով հարցումիս պատասխանեց ան, ինչպէս որ կը պատահի սովորաբար, ամէն անգամ որ թաքսի մը նստիմ Երեւանի մէջ։

Հպատակութիւնս գուշակելու խաղը՝ թաքսիի վարորդին հետ զրոյցիս սկզբնաւորութիւնը կ՛ըլլայ միշտ։

– Սիրիայէ՞ն ես։ Իրանէ՞ն։ Յունաստանէ՞ն…։

Երբ ըսի որ Լիբանանէն եմ, հարցուց որ «հոն պատերազմ կա՞յ»։ «Ոչ»էս ետք յիշեց որ իր որպիսութիւնը հարցուցած էի։

-Լաւ չենք։ Ո՞նց կարելի է լաւ լինել էս երկրին մէջ։ Մարդիկ գնում են, հեռանում, որովհետեւ չեն

– Ինչո՞ւ։ Չի դիմանալիք ի՞նչ կայ որ…։ Վերջին մօտել ինքնաշարժներ։ Խճողուած երթեւեկութիւն։ Տեսակաւոր դրամատուներ եւ ֆինանսական վարկատուներ։ Հիւսիսային պողոտա։ Գեղեցիկ ցուցափեղկեր։ Աշխարհահռչակ վաճառանիշերով խանութներ։ Ընդարձակ սիւբերմարքէթներ։ Ամէն կողմ ռեստորաններ ու կաֆէներ։ Գիշերային ակումբներ։ Անվերջանալի փառատօններ։ Հրապարակներ լեցնող յոբելենական տօնախմբութիւններ ու համերգներ Գեղեցկութեան սրահներ։ Վայելուչ հագուելակերպով կանայք՝ իրենց հասակները 20 սանթիմով երկարող

Կարծրադէմ՝ վարորդը ընդմիջեց նկարագրութիւնս եւ հարցուց.-

– Քաղաքացիութիւն ստանալո՞ւ էք եկել։

– Ո՛չ, ըսի։

– Ուրեմն թուրիսթ ես։ Եկել ես Արարատը տեսնելու, ուրախանալու եւ հանգստանալու, ըսաւ եւ Նալպանտեանի խաչմերուկին վրայ, կարմիր լոյսին կեցնելով ինքնաշարժը՝ դէմքիս քննական ակնարկ մը նետելէ ետք, շարունակեց.-

– Ի՞նչ պիտի իմանաս ինչո՞ւ չեն դիմանում ու գնում են։ Էստեղ որ ապրես՝ կ՛իմանաս։ Գնում են, որովհետեւ դժգոհ են էստեղի կեանքից։ Կեանք չի։ Ո՞նց կարելի է ապրիլ երբ աշխատանք չկայ, ապահովութիւն չկայ, կաշառքի փող չկայ…։ Առաջ ամէն մասնագէտ իր աշխատանքը ունէր։ Հիմա իմ նման թաքսիի վարորդ է։

– Իսկ ո՞ւր են գնում։

– Չգիտեմ։ Ռուսաստան, Ամերիկա։ Թող գնան։ Ուր էլ որ գնան էստեղից լաւ է։ Կը պրծնին…։

– Ի՞նչ գիտես որ աւելի լաւ է։ Ինչի՞ց կը պրծնին։

– Էստեղ պիտի ապրես որ իմանաս… մի տասը մարդու ձեռից։

– Ի՞նչ մարդիկ…։

Լռութիւն։

– Դուն եղե՞լ ես արտասահման, հարցուցի։

– Ո՛չ։ Գնալու փող չունեմ։

Դարձեալ լռութիւն՝ մինչեւ երթալիք տեղս, որուն մօտն ենք արդէն։

Գրեթէ միեւնոյն զրոյցն է որ տեղի կ՛ունենայ թաքսիի վարորդներուն եւ ոչ միայն վարորդներուն հետ, որոնց ըսածն ու պատմածը բնակչութեան առաւելաբար համեստ եւ կերպով մը «եոլա գացող» խաւին բազկերակը շօշափելու ձեւ մըն է, թերեւս միամիտ ձեւ մը, սակայն տեսակ մը ճշմարտապատում է՝ արտագաղթի պատճառներու ու պատրուակի մասին։

1969-ի Օգոստոսին առաջին անգամն էր որ կ՛այցելէի Հայաստան, «Աէրոֆլոթ»ի Պէյրութ-Երեւան օդանաւային գիծի բացումին առիթով հրաւիրուած լիբանանահայ լրագրողներու հնգանդամ պատուիրակութեան մը հետ, որուն մաս կը կազմէր Անդրանիկ Ծառուկեանը։ Այդ օրէն ի վեր, ամէն անգամ որ Երեւան գտնուեցայ ¥մէկ-երկու տարին անգամ մը անպայման¤, թաքսիի վարորդներէն, եւ ոչ միայն վարորդներէն, լսեցի արտագաղթը արդարացնելու միտող՝ պետական իշխանութիւններուն, պետական այրերուն եւ անոնց կողմէ կա- տարուած տնօրինումներուն եւ կեանքի պայմաններուն դէմ բողոքի, դժգոհութեան ու գանգատի միեւնոյն արտայայտութիւնները՝ տարբեր շեշտադրումներով ու երանգաւորումներով։ Ամէն անգամին կը փոխուէին միայն դժգոհութեան եւ երկրէն հեռանալու ցանկութեան պատճառներն ու պատրուակները։ Նման երեւոյթի երբեք չեմ հանդիպած տարբեր ¥ եւ ոչ միայն զարգացած կամ «հարուստ»¤ երկիրներու մէջ ուր այցելած եմ։ Իսկ վերջին յիսուն տարուան ընթացքին երկու քաղաքացիական երկարամեայ կռիւներու բովէն անցած Լիբանանի մէջ, յաճախ տագնապահար ու տառապահար վիճակներու հետեւանքով տնտեսական ու ընկերային հազարումէկ զրկանքներու ենթարկուած թաքսիի վարորդները, եւ ոչ միայն թաքսիի վարորդները, ամէնէն դժուար օրերուն անգամ իրենց գանգատները վերջացուցած են փառք տալով Ալլահին՝ իրենց ունեցածին համար՝ որքան ալ համեստ ըլլայ ատիկա, ինշալլայով մը աւելի լաւը մաղթելով հանդերձ։

Մինչեւ անկախութիւնը ¥1991¤, երկրէն հեռանալու միտումին պատճառը՝ սովետական կամազրկող, հաւատազրկող եւ ազատազրկող կարգերն էին։ Անհատի իրաւունքներու արհամարհանքը, խօսքի ու խղճի ազատութեան բացակայութիւնը, ազատ եւ անկախ կեանք մը ունենալու հնարաւորութեան չգոյութիւնը։ Այս պատճառով ալ, մարդիկ կ՛երազէին անցնիլ երկաթէ վարագոյրին միւս կողմը եւ երբ վարագոյրը դարձաւ թափանցիկ, կերպով մը երկրէն դուրս թափանցումն ալ հեշտացաւ ու թափ առաւ։

Ազատօրէն ճամբորդելու, երկրէն անկաշկանդ մեկնելու քաղաքացիներուն իրաւունքը՝ անկախութեան ընձեռած հնարաւորութիւնններէն մէկը ըլլալով, նորանկախ Հայաստանին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները՝ մէկ կողմէն արցախեան պատերազմը, միւս կողմէն երկրաշարժը, իրենց հետեւանքներով, ցուրտն ու մութը, կեանքի ու կենցաղի անտանելի պայմանները բաւարար պատճառ ու պատրուակ եղան որպէսզի մարդիկ մեկնին, մեկնին օրինաւոր եւ ապօրէն ճամբաներով, «կրին քարթ»ով կամ գաղթականի կարգավիճակով, անգիտակցաբար կամ արկածախնդրաբար, իրենց կեանքը (բարե)փոխուած տեսնելու յոյսով, ապրուստի աւելի բարենպաստ պայմաններու ակնկալութեամբ։ Ու մեկնեցան հազարներով, տասնեակ հազարներով, հարիւրհազարներով։ Defoulement մըն էր պարզապէս։ Յորձանք մը՝ որ համբերելու, զրկանքներու տոկալու հայու կամքի ուժէն, ազգային-քաղաքացիական գիտակցութենէն աւելի զօրաւոր եղաւ։ Արտագաղթելու բնական թուացող պատճառներուն եւ պատրուակներուն վրայ աւելցաւ կեանքի հրապուրիչ պայմաններու մասին եւրոպաներէն, ամերիկաներէն ու աւստրալիաներէն հնչած քարոզչութիւնը, հակառակ անոր որ ասիկա իրականութեան ալ չէր համապատասխաներ յաճախ։ Հոն ըսուած չէր որ օտարութեան մէջ, հայաստանցին՝ ապրուստը կարենալ ճարելու համար յաճախ ստիպուած է ընդունիլ այնպիսի ծանր եւ մինչեւ իսկ նուաստացուցիչ նկատուող աշխատանք, զոր երբեք պիտի չընդուներ սեփական երկրին մէջ։ Հիասթափուած՝ գացողներէն շատեր վստահաբար զղջացին հայրենիքէն հեռանալնուն համար։

Իսկ հիմա՞, անկախացումէն երկու տասնամեակ ետք։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան առիթով մը հաստատած էր որ արտասահմանի մէջ յաջողութիւն փնտռողներուն թիւը մեծ է եւ պէտք է լրջօրէն մտահոգուիլ այս խնդրով։ Ինչպէ՞ս…։ Եթէ հարցումին պատասխանը համոզիչ ըլլար կամ եթէ պետութիւնը՝ խնդրով «լրջօրէն մտահոգուած» ըլլալու վկայութիւններ տար, արտահոսքին թափը ինքնաբերաբար կը նուազէր։

Արդարեւ, հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն, երկրին եւ մասնաւորաբար մայրաքաղաք Երեւանին եւ կարգ մը գլխաւոր քաղաքներուն մէջ այցելուի աչքին առջեւ պարզուող շլացուցիչ տեսարաններն ու երեւոյթները, միջին խաւի մը առկայութիւնը զգացնող ժամանցի վայրերու խճողուածութիւնը եւ առեւտրական եռուզեռը՝ քաղաքացիներուն արտագաղթելու միտումը արդարացնող պատճառներ ցոյց չեն տար, արտահոսքը կը շարունակուի եւ կ՛ըսուի թէ կ՛ընդգրկէ – ինչ որ ամէնէն մտահոգիչն է – բոլո՛ր դասակարգերը, մտաւորականները, արուեստագէտները, երիտասարդները եւ ունեւորներն անգամ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, ըստ երեւոյթին եւ ոչ միայն թաքսիի վարորդներու ճշմարտա-պատումներուն, այլ արժանահաւատ վկայութիւններու, հրապարակի վրայ տեսնուածը երեք միլիոն ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ բաւարարուածութեան ցուցանիշ չէ, ոչ ալ խոստացուած բարեկարգումներու կամ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի արդիւնք, այլ շահագործողներու խաւի մը կողմէ յարուցուած պատրանք, որ կը քօղարկէ աննախընթաց անգործութիւնը եւ չքաւորութիւնը, մասսան ճնշող ընկերային տագնապալի վիճակը, իշխանութեան բոլոր օղակները կրծող համատարած կաշառակերութիւնը, փտածութիւնը, անօրինութիւնները, ներքաղաքական իրավիճակին լարուածութիւնը եւ այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած բարոյահոգեբանական ծանր մթնոլորտը։ 

Բնական է որ այսպիսի յոռի երեւոյթները յատուկ չըլլան միայն Հայաստանի նման զարգացման ճանապարհին վրայ գտնուող նորանկախ երկիրներու։ Անոնց կարելի է հանդիպիլ ամէնէն զարգացած երկիրներու մէջ անգամ։ Բայց անոնք արտագաղթի պատճառ չեն ըլլար։ Անոնցմէ ամէնէն աւելի տուժած քաղաքացիներն անգամ երկիրը լքելու մասին չեն մտածեր։ Իրենց հայրենիքէն չեն հրաժարիր։

Որովհետեւ, այնքան ատեն որ տագնապներն ու տագնապայարոյց երեւոյթները օրէնքի խախտումներու կամ օլիկարխ խմբակներու կողմէ կատարուած չարաշահումներու հետեւանք չեն եւ իշխանութիւնները զանոնք լուծելու աշխատանք կը ցուցաբերեն, քաղաքացիները հասկացողութեամբ կը նային դժուարութիւններուն եւ հանդուրժողութեամբ կ՛ենթարկուին իրենց պարտադրուած զրկանքներուն՝ համոզուած ըլլալով որ անոնք ժամանակաւոր են, անցողակի։ Մինչեւ իսկ իրենց վստահութեամբ կը զօրացնեն խնդիրները լուծելու իշխանութիւններուն աշխատանքը, եթէ զգան ու համոզուին որ խաբուած չեն, իրենց համբերութիւնն ու զրկանքը ուշ կամ կանուխ պիտի վարձատրուի անկախութեան ու ժողովրդավարութեան բարիքներով։ Զգան օրէնքին պաշտպանութիւնը իրենց թիկունքին։ Զգան որ օրէնքը բոլորին համար է հաւասարապէս։ Ան անշրջանցելի է, բոլորէն եւ ամէն բանէ վեր։ Օրէնքին առջեւ հաւասար են անխտիր բոլո՛րը։ Օրէնքը պաշտպանն է իրաւունքին ու արդարութեան միայն։ Զգան որ օրէնքը խտիր չի դներ քաղաքացիներուն միջեւ՝ որ դասակարգին ալ պատկանին անոնք։ Զգան իշխանութիւններուն եւ իշխանաւորներուն նախանձախնդրութիւնը հանդէպ օրէնքի կիրարկումին։ Համոզուին որ յոռի երեւոյթներուն դէմ բողոքելու ու բարձրաձայնելու իրենց ժողովրդավարական իրաւունքին կիրարկումը իրենց դէմ պիտի չդառնայ։

Ահա թէ ինչու հայրենի իշխանութիւնները այսօր կը գտնուին քաղաքացիներուն մօտ իրենց հանդէպ այսպիսի համարում մը յառաջացնելու եւ ապագային հանդէպ անոնց հաւատքը վերահաստատելու մարտահրաւէրին առջեւ։ Բոլոր մակարդակներու վրայ, բոլոր մարզերէն ներս եւ բոլոր իրավիճակներու մէջ նշմարուող օրինախախտումներուն վերջ դնելու, ՕՐԷՆՔԸ ամէն գնով գործադրելու եւ այս ուղղութեամբ համոզիչ քայլերու դիմելու վճռականութիւնը զգացնելով, քաղաքացիներու բարիքին ու բարօրութեան ի խնդիր համոզիչ աշխատանք ցուցաբերելով է որ իշխանութիւնները պիտի կարենան յաջողութեամբ դիմագրաւել այդ մարտահրաւէրը, շրջել քաղաքացիներուն արտագաղթելու տրամադրութիւնները եւ թաքսիի վարորդներուն, եւ ոչ միայն թաքսիի վարորդներուն, ըսել տալ «փառք Աստուծոյ, լաւ ենք եւ ինշալլա աւելի լաւ պիտի ըլլանք»։

17 – 2 – 2014

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ