ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Հոգեկան հրճուանքով կ՚ողջունենք «ՄԱՍԻՍ»ի հրատարակութեան վերսկսումը կարճատեւ դադարէ մը ետք, նոր ձեւաւորումով եւ երիտասարդ աշխատակազմով մը, որուն անդամները կոչուած են արժանաւոր յաջորդները ըլլալու թերթի վաստակաշատ խմբագիրներուն ու աշխատակիցներուն, որոնք իրենց մտքով, բազմաբեղուն գրիչով ու նուիրեալ աշխատանքով «ՄԱՍԻՍ»ը պահեցին անյողդողդ՝ անոր հիմնադրի՝ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ սահմանուած առաքելութեան ճանապարհին վրայ։ Ոգեւորուած իրենց երախտաշատ նախորդներու օրինակէն, անոնք միաժամանակ կոչուած են շարունակողը ըլլալու այդ քրիստոնէական, ազգային, մշակութային առաքելութեան՝ որ կ՚ընդգրկէ ոչ միայն Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի իրադարձութիւնները, այլ նաեւ ժամանակակից կեանքի համարեա բոլոր ոլորտները եւ մեր հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ ժողովուրդը յուզող բոլոր խնդիրները։

Ըլլալով հայապահպանութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան, Լուսաւորչեան Հաւատքի ուսուցումներուն, հայրենասիրութեան, հայկական արժէքներու եւ ազգանպաստ ու հայրենանպաստ քարոզչութեան ամպիոն մը՝ «ՄԱՍԻՍ»ի բազմաբովանդակ էջերու ընդմէջէն պիտի շարունակէ ճառագայթել Ճշմարտութիւնը, որ Աստուածապարգեւ Իրաւունքի, Արդարութեան եւ Ազատութեան ի խնդիր պայքարի ամէնէն հզօր եւ անպարտելի զէնքն է։

Մեր մաղթանքն է որ «ՄԱՍԻՍ» մշտական ներկայութիւն ըլլայ հայկական օճախներէն ներս եւ արժանանայ ծնողաց ուշադրութեան՝ իբրեւ օրինակ իրենց զաւակներուն եւ իբրեւ այս վերջիններուն եւ անոնց ինքնութեան միջեւ անխզելի օղակը զօրացնող ազդակ։

Հաւատացած ըլլալով ընդհանրապէս հաղորդամիջոցներու եւ մասնաւորաբար Հայ Մամուլի առաքելութեան եւ անոր զինուորագրեալներու աշխատանքին յոյժ կարեւորութեան, «ՄԱՍԻՍ»ը, որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի հրատարակութիւններէն մէկն է, օժտուած քաղաքական թերթի արտօնագրով, ինչպէս նաեւ անոր նուիրեալ աշխատակիցները պիտի շարունակեն արժանանալ մեր հայրական ուշադրութեան եւ գնահատանքին։

 

Յաջողութեան, յարատեւութեան մաղթանքներով եւ Հայրապետական Օրհնութեամբ՝

 

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյս որ ի Զմմառ
ՅԱռաջնում աւուր յամսեանն Յունուարի յամի Տեառն 2014-ի
Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի Տօնի Տնօրէնութեան եւ Անուան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի