ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ

Թերեւս ոչ աննախադէպ, բայց հազուադէպ երեւոյթ է որեւէ ոլորտի կամ ասպարէզի մէջ գործող մարդու մը միջազգային բեմի լուսարձակներուն տակ յայտնութենէն ուղիղ իննը ամիսներ ետք «Տարուան Մարդ» ճանաչումը «Թայմ» հանդէսին կողմէ, ապա – ինչ որ աւելի ուշագրաւ է – միջազգային հանրային կարծիքին աննախընթաց արձագանգը այդ ճանաչումին, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պարագային, հակառակ անոր որ Ֆրանչիսկոս այդ կոչումին արժանացած առաջին Պապը չէր։ Արդարեւ, Իրմէ առաջ «Տարուան Մարդ» ճանչցուած էին Յովհաննէս ԻԳ. Պապը՝ 1962-ին եւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ.ը՝ 1994-ին։ Ո՛չ երկու մեծանուն Քահանայապետերուն եւ ոչ ալ Պարագ Օպամային կամ Վլատիմիր Փութինին նման միջազգային բեմի գլխաւոր «աստղերուն» «Տարուան Մարդ» ճանաչումը 2012-ին եւ 2007-ին` չէր արժանացած այն ուշադրութեան զոր միջազգային մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները ընծայեցին Ֆրանչիսկոս Պապի «Տարուան Մարդ» ճանաչումին 2013-ի Դեկտեմբերին։

Նուազ ուշագրաւ գնահատական մը չէր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին 2013-ի որպէս աշխարհի կարեւորագոյն անձնաւորութիւններու ցուցակին երրորդը ընտրութիւնը չինական մամուլի 50 կարեւորագոյն ներկայացուցիչներուն կողմէ անցեալ Դեկտեմբերին։ Ցարդ, ո՛չ մէկ հոգեւորական անձնաւորութիւն, ոչ իսկ քահանայապետ մը նման դասակարգումի մը արժանացած է Չինաստանի մէջ։

Եւ վերջապէս, «Google»ի կողմէ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքին համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհի ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող անձնաւորութիւնն է, աւելի՛ քան Պարաք Օպաման եւ Վլատիմիր Փութինը։ Արդարեւ, անոր անունը մէկ ամսուայ ընթացքին յիշատակուած է աւելի քան 49 միլիոն անգամ։

Ի՞նչ է «աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնէն բերուած կարդինալի մը» ¥ինչպէս ինքն իր մասին ըսաւ ընտրութենէն անմիջապէս ետք ակնարկելով ինքն իրեն երբ Պուէնոս Այրէսի իր համեստութեամբ ծանօթ Պերկոլիօ կարդինալն էր¤ սբ. Պետրոսի Աթոռի 266-րդ Գահակալ ընտրութեան՝ միջազգային այս աննախընթաց արձագանգին եւ ուշադրութեան պատճառը։ Յետադարձ ակնարկով մը փորձենք փնտռել հարցումին պատասխանը։

ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՆՍՈՎՈՐ ԳՈՐԾԵԼԱՈՃ ՄԸ

Կարծես չուզելով ժամանակ կորսնցնել եւ շրջանցելով ամէն աւանդական ձեւակերպութիւն եւ վատիկանեան փրոթոքոլին պարտադրանքները, առաջին յիսուսեան Պապը իր ընտրուած պահէն սկսեալ բանիւ եւ գործով ցուցաբերեց վատիկանեան աւանդութիւններուն համար անսովոր գործելաոճ մը, որ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ «հովուական մեծ անկիւնադարձի մը» սկզբնաւորութիւնը նկատուեցաւ Կարդինալ Մարգ Ուլլեթին կողմէ, որ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի ամէնէն մօտիկ գործակիցներէն մէկն էր եւ որ Եպիսկոպոսներու Ժողովի Վա-րիչի իր պաշտօնին վրայ վերահաստատուեցաւ անոր յաջորդին կողմէ։

Pope3

Վատիկանի պալատի պերճաշուք դահլիճներուն փոխարէն նախընտրելով տեղաւորուիլ յարակից աւելի համեստ հիւրանոցին մէջ, իր նախորդներէն զգալիօրէն նուազ պահպանողական իր կեցուածքներով եւ իր նուազ զուսպ եւ աւելի արդիահունչ արտայայտութիւններով՝ նորընտիր Քահանայապետը «հաճելիօրէն զարմացուց» կաթողիկէ կամ ոչ կաթողիկէ, բայց հաւատացեալ եւ ոչ-հաւատացեալ հասարակութիւնները։

Այսպէս,

Ան համարձակութիւնը ունեցաւ անդրադառնալու Եկեղեցիէն ներս յառաջացած յոռի երեւոյթներուն։ «Չե՞նք ամչնար» հարց տուաւ Ան՝ յայտնապէս ակնարկելով կղերներու կողմէ գործուած մանկապղծութեան եւ փտածութեան բազմաթիւ գայթակղութիւններու։ «Այս քահանաները, եպիսկոպոսները, աշխարհականները կապ մը չունէին Աստուծոյ հետ։ Անոնք պարզապէս պաշտօն մը միայն ունէին Եկեղեցւոյ մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս, ոչ մէկ արգելք տեսնելով մեղաւորներու հետապնդումին Արդարադատութեան կողմէ եւ թելադրելով այդ յոռի երեւոյթներու դարմանումին ուղղուած քայլերը։ Նման արտայայտութիւններով, Ան աւելի պայծառացուց ու թափանցիկ դարձուց կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիմագիծը։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արժէքներուն եւ աւանդութեան իր անյողդողդ հաւատարմութիւնը հաստատելու առիթ չփախցնելով հանդերձ, Ան զգացուց յարափոփոխ աշխարհին դիմաց Եկեղեցւոյ կեցուածքը եւս փոխելու պահանջին ընդառաջ երթալու իր յանդուգն յանձնառութիւնը։

Իր ամենօրեայ քարոզներուն ընդմէջէն եւ հրապարակային օրինակովը՝ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականին ցոյց տուաւ դէպի ժողովուրդը երթալու ճանապարհը, հրաւիրելով կղերը իր հովուական ներկայութիւնը աւելի ջերմ, բարեգութ, կարեկից, յուսադրիչ, ցանկալի ու շօշափելի դարձնելու հասարակութեան բոլոր խաւերէն ներս, բայց մանաւանդ աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն շուրջ։ Ան չվարանեցաւ հրապարակաւ քննադատելու կղերականներու կողմէ գործուած «իշխանութեան չարաշահումները» եւ դատապարտեց «դրամի իբրեւ կուռք երկրպագութիւնը»։

In this photo provided by the Vatican paper L'Osservatore Romano Tuesday, Jan. 7, 2014, Pope Francis is placed a lamb around his neck as he visits a living nativity scene staged at the St. Alfonso Maria de' Liguori parish church, in the outskirts of Rome, Monday, Jan. 6, 2014. The Epiphany day, is a joyous day for Catholics in which they recall the journey of the Three Kings, or Magi, to pay homage to Baby Jesus. (AP Photo/Osservatore Romano, ho)

Ան անհրաժեշտ նկատեց փոխել կղերական աւանդական որոշ մտայնութիւն մը՝ որ չի հանդուրժեր հասարակական կեանքէն ներս տեղի ունեցող նորարարութիւնները։ Ան ըսաւ որ այդ փոփոխութիւնները անպայմանօրէն զարգացման ժխտական երեւոյթներ չեն։

Իր նորարար գաղափարներով եւ յեղաշրջիչ արարքներով, Ան բացաւ Աստուծոյ ժողովուրդին աւելի մօտիկ ըլլալու, անոր հետ հաղորդակցելու նոր եւ աննախապաշար ճանապարհ մը եւ հարթեց Եկեղեցւոյ հանդէպ միջազգային հասարակութեան համակրանքը, յարգանքը, վստահութիւնն ու համարումը թուլացնող ամէն վերապահութիւն։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԵՄԻ ՄԵԾԱԶԴԵՑԻԿ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐ ՄԸ

Առաւելաբար Եկեղեցւոյ ներքին կարգ ու կանոնին եւ եկեղեցականներու վարք ու բարքին հայող այս եղափոխութիւնները՝ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ոմանց կողմէ մինչեւ իսկ պատմական որակուած շրջադարձ մը նկատուելով հանդերձ, թերեւս բաւարար չըլլային որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապը այնքան արագօրէն թափանցէ համաշխարհային հանրային կարծիքէն ներս եւ համաշխարհային ուշադրութեան կեդրոն դառնայ, եթէ Ան այնքան կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ միջազգային բեմին վրայ չի յայտնուեր ո՛չ միայն սեղմ իմաստով որպէս կրօնապետ մը՝ որքան ալ ընդարձակ ըլլան անոր հոգեւոր իշխանութեան սահմանները, այլ նաեւ որպէս ամէնէն վստահելի եւ անշահախնդիր ղեկավար՝ միջազգային քաղաքական բեմի անշրջանցելի եւ մեծազդեցիկ դերակատարներէն մէկը, որուն հետեւորդներուն թիւը կը գերազանցէ վիճակագրութիւններուն կողմէ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող նկատուած քաղաքական ղեկավարներունը եւ որուն յորդորները՝ իրենց իմաստութեամբ եւ միջամտութիւնները՝ իրենց հեղինակութեամբ ու ազդուութեամբ, միջազգային ընտանիքը յաճախ դուրս կը բերեն աննախատեսելի հետեւանքներու սեմին կանգնած լարուած իրավիճակներէ, ինչպէս ցոյց տուին Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան կոչին գտած արձագանգը ո՛չ միայն աշխարհի բոլոր կողմերը սփռուած կաթողիկէ կամ քրիստոնեայ, այլ իսլամ կամ անաստուած հասարակութիւններէն ներս անգամ, ապա նաեւ Սուրիոյ դէմ զինեալ միջամտութիւն մը կատարելու Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի որոշումին յետս կոչումը, որ արդիւնքն էր Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին՝ ուղղուած Սան Փեթերզպուրկի մէջ Վլատիմիր Փութինին նախագահութեամբ ժողովի նստած «20 Մեծեր»ուն եւ Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած դեսպաններուն։ Այնուհետեւ, Սրբուհի Մարթայի մատուռի խորանէն արտասանած իր ամենօրեայ քարոզներուն եւ խաղաղութեան համար աղօթելու իր կոչերուն մէջ Պապը հրաւիրեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կառչելու իրենց ծննդավայրերուն եւ չի համակերպելու առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մը գաղափարին։ Հրաւէրը միաժամանակ զգուշացում մըն էր ուղղուած հակա-քրիստոնէական արարքներու հեղինակներուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շուտով հասկցուց որ Երկրագունդի հինգ ցամաքամասերուն վրայ տարածուած իր 1,2 միլիառ հետեւորդներով կրօնական եւ հոգեւոր կառոյց մը ըլլալով հանդերձ՝ իր գլխաւորած Եկեղեցիին գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն հոգեւոր, կրօնական, բարոյական ու մարդ-կայնական ոլորտներուն, այլ կþընդգրկէ նաեւ մարդկութիւնը յուզող եւ միջազգային քննարկումներու առարկայ ամէնէն հրատապ խնդիրները՝ խաղաղութիւնը, միջազգային իրաւունքը, Մարդու ու ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազատութիւնը, ընկերային արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, աղքատութիւնը, տնտեսական զարգացումը, բնապահպանութիւնը, խնդիրներ՝ որոնց լուծման մեկնակէտը կրնան ըլլալ աւետարանական պատգամներուն վրայ հիմնուած Եկեղեցւոյ յորդորները։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐ

Ֆրանչիսկոս կրցաւ աւելի բացայայտ դարձնել Սուրբ Աթոռին համաշխարհային Խաղաղութեան եւ Արդարութան անշահախնդիր դատապաշտպանի եւ միջազգային իրաւարարի դերը։ Ան հասկցուց որ Սուրբ Աթոռին ըրածը՝ միջազգային օրակարգին վրայ գտնուող խնդիրները անձամբ լուծելու յաւակնութենէ մը չի բխիր, այլ ան կը փորձէ իր ազդու միջնորդութեամբ դիւրացնել լուծումներու որոնումը խաղաղ միջոցներով եւ երկխօսութեամբ։ Սուրբ Աթոռի այս առաքելութեան վկայութիւնները բազմաթիւ են եւ կը տարածուին աշխարհի բոլոր կողմերը, մասնաւորաբար հոն ուր տագնապներն ու հակամարտութիւնները աւեր կը գործեն, կեանքեր կը խլեն եւ մարդիկը ամէն տեսակ զրկանքներու, սովահարութեան ու փախուստի կը մատնեն։ Այս մասին նորագոյն վկայութիւններ են Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Տաւոսի տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն եւ վատիկանեան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը Սուրիոյ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու կոչուած «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին։

Pope6

Հակառակ անոր որ Վատիկանը իր 44 հեկտար տարածութեամբ եւ խորհրդանշական պահակագունդով աշխարհի ամէնէն փոքր երկիր-պետութիւնն է, որ ՄԱԿ-էն ներս իր դիտորդի կարգավիճակով քուէարկելու իրաւունք անգամ չունի, սակայն անոր կեցուածքը կþազդէ քուէարկութեան արդիւնքին եւ միջ-պետական յարաբերութիւններու ընթացքին վրայ։ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Վատիկանի միջազգային դերակատարութեան կարեւորութեան մէկ ցուցանշանը հանդիսացող այս ազդեցութեան վկայութիւնը տալու առիթ չփախցուց իր ընտրութենէն ի վեր։ Իսկ Վատիկանի միջազգային դերակատութեան կարեւորութեան վկայութիւններէն մէկը՝ համաշխարհային նշանակալից իրադարձութիւններու նախօրեակին եւ մանաւանդ ճգնաժամային պահերուն, աշխարհի ոչ միայն պետական այրերու, այլ բոլոր ոլորտներու «մեծեր»ու տողանցքն է Վատիկանէն։ Միամտութիւն է այս տողանցքին միայն քաղաքավարական կամ փրոթոքոլային նշանակութիւն տալ։ Տողանցողները քաջ գիտեն որ շնորհիւ իր լրատուամիջոցներուն եւ մասնաւորաբար 40 լեզուներով երկրագունդի բոլոր կողմերը հասնող ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ-ի ձայնին, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ կաթողիկէ միջազգային բազմաբնոյթ կազմակերպութիւններու ցանցին՝ Պապը կրնայ ոչ միայն Եկեղեցւոյ պատգամը հասցնել աշխարհին, այլ մեծ ազդեցութիւն գործել միջազգային հանրային կարծիքին եւ կառոյցներուն վրայ։ Անոնք քաջ գիտեն նաեւ որ այդ ազդեցութիւնը կրնայ ի գործ դրուիլ միայն ի խնդիր արդար դատերու պաշտպանութեան՝ անկախ կրօնական կամ ազգային նկատառումներէ, ի խնդիր կերտումին աշխարհի մը, ուր կը տիրեն Ազատութիւնը, Արդարութիւնը եւ Խաղաղութիւնը։ Այսպիսի աշխարհի մը կերտումը Սուրբ Աթոռին եւ անոր գահակալներուն մնայուն առաջադրանքը եղած է։ Այդ գահակալներուն 266-րդը պարզապէս լծուած է Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու առաքելութեան վերաշխուժացման ճամբով այդ առաջադրանքը վերարժեւորելու եւ անոր նոր սլացք տալու աշխատանքին, որ զինք յաճախ պիտի դնէ նաեւ քաղաքականութեան ականապատ ճամբուն վրայ։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ