Հակառակ դժուարութիւններու՝ Լիբանան կարող է տնտեսապէս յառաջդիմել

Հակառակ դժուարութիւններու՝ Լիբանան կարող է տնտեսապէս յառաջդիմել

Փոքր Լիբանանը օժտուած է կարողութիւններով, որոնց միջոցաւ կրնայ յառաջդիմել, իսկ այդ կարողութիւններուն գլխաւորները կը հանդիսանան մարդկային ուժերը եւ վառելանիւթի հարստութիւնը: Անցնող տարի երկիրը չունեցաւ բարգաւաճում, սակայն այս մէկը կարելի է իրագործել եթէ բարելաւուին մրցակցութեան պայմաններ աժան եւ որակաւոր արտադրութեան գծով: Այս երկու կարողութիւններէն դուրս, կը նախատեսուի որ դրամատնային մարզը կարեւոր դեր ունենայ երկրին տնտեսութեան յառաջընթացին մէջ:

Լիբանանեան տնտեսութիւնը կը վստահի նաեւ արտաքին փոխանցումներուն որոնք մեծամասնութեամբ կը հասնին դուրսը ապրող լիբանանցիներէն: Այս փոխանցումներուն գումարները կազմած են ընդհանրապէս երկրի տեղական արտադրութեան 20-էն 30%-ը, իսկ 2013-ին գումարը հասաւ 8 միլիառ տոլարի: Այս կարեւոր գումարը հիմնաքար է տեղական տնտեսութեան դրամագլուխ յատկացնելու եւ ծածկելու արտածումներու եւ ներածումներու միջեւ գոյացած բացը: Միւս կողմէն, Լիբանան զարգացած է առեւտուրի, ծառայութիւններու եւ շինարարութեան մարզերէն ներս, որոնց միջոցաւ բարգաւաճում կ՚ապահովէր, սակայն այս տարի այս մարզերը եւս ազդուեցան շրջանի եւ տեղական դէպքերէն եւ արդիւնաբերութեան նուազում արձանագրեցին:

47484875Ներկայիս, դրամատուները բաւական բարձր համեմատութեամբ կանխիկ դրամ ունին, որովհետեւ ստիպուած են իրենց յաճախորդներէն ստացած դրամագլուխներուն 30%-ը կանխիկ պահել, ինչպէս նաեւ անջատուած են առեւտրական եւ ներդրում կատարող դրամատուները, ինչ որ կը նշանակէ թէ առեւտրական դրամատուները չեն կրնար յաճախորդներուն խնայողական հաշիւները ներդրումներու գործածել, իսկ կալուածներու պարագային վարկեր կրնան տրամադրել ծրագրի 60% համեմատութեամբ, ինչպէս նաեւ բաժնետոմսերու գնման համար 50% համեմատութեամբ: Այս կարգադրութիւնները դրական արդիւնքներ տուին դրամատուներու եւ յաճախորդներու ապահովութեան համար, հեռու պահելու համար զանոնք պարտքերու վտանգներէն: Կեդրոնական դրամատունը առիթ չտար դրամատան մը սնանկացման: 1993-էն ի վեր, ոեւէ հաշիւ ունեցող լիբանանեան դրամատան մը մէջ՝ իր դրամագլուխը կորսնցնելու կամ վնասի ենթարկուելու վտանգին առջեւ չէ գտնուած, եւ այս պատճառաւ ալ խնայողական հաշիւները կ՚աւելնային հակառակ որ տոկոսները կը նուազէին, սակայն այս տոկոսներու նուազումը կ՚օգտէր տնտեսական բարգաւաճումին:

Դրամագլուխներու կուտակումը առիթ տուաւ որպէսզի օգտակար վարկեր յատկացուին տնտեսութեան եւ նպաստեն ընկերային կայունութեան ինչպէս բնակարաններու յատկացուած վարկերը:

90-ական թուականներու սկիզբը տոկոսները 15% էին, ներկայիս նուազած են միջին հաշուով 6%-ի: Այս տոկոսի նուազումին պատճառը մեծ դրամագլուխներու գոյութիւնն է, որ կ՚օգտէ նաեւ վարկ ստացող քաղաքացիին, երբ նուազ տոկոս կը վճարէ:

Լիբանանեան շուկան վստահելի է՝ նաեւ որովհետեւ կեդրոնական դրամատունը բաւարար ոսկի ունի եւ կը կիրարկուի դրամատուներու համակարգի մէջ գաղտնապահութեան օրէնքը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան դրամին արժէքը կայուն կը մնայ:

Businessman and woman working on computers

Վերջապէս, Լիբանան կրնայ շրջանին մէջ տնտեսական կարեւոր կեդրոն դառնալ եթէ զարգացնէ տնտեսական նոր մարզ մը որ ծանօթ է «համակարգչային տնտեսութիւն» անուան տակ, այսինքն զարգացնել այն ինչ որ կը վերաբերի համակարգիչներու օգտագործումին տնտեսութեան մէջ: Այս մարզին մէջ կարելի է ուղղել նոր սերունդները, որոնք ստեղծագործելու առիթներ պէտք է ունենան: Այս մարզը մեծ դեր ունի բարելաւելու բոլոր մարզերու գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ լայն դուռ կը բանայ երիտասարդութեան առջեւ՝ աշխատելու փոխանակ դուրս ճամբորդելու:

Նշուած մարզերէն ներս, լիբանանցիները կրնան մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրել եւ այս ձեւով ֊֊վերստին թափ տալ տնտեսական «անիւին» դէպի առաջ երթալու…:

 

ԶԱՒԷՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ