BRIGHT 2014

BRIGHT 2014

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կրթութեան նախարարութեան, գոր-ակցութեամբ Կոկիկեան Հիմնարկին, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան, Երկուշաբթի, 27 Յունուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «BRIGHT 2014» համալսարանական արեւելումին նուիրուած ցուցահանդէսը:

Հերթաբար եօթներորդ տարին ըլլալով, ՀԿՀՄ-ի կազմակերպած այս օգտաշատ ցուցահանդէսը կը նկատուի Լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու համալսարանական ճիւղի կողմնորոշման նպաստող կարեւոր ձեռնարկ մը:

Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետուհի դոկտ. Դալար Աթէշեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութիւնը բերող համալսարաններուն, հայկական վարժարան-ներու տնօրէնութիւններուն, Կոկիկեան Հիմնարկին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ` վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին, եւ բոլոր անոնց որոնց շնորհիւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը յաջողեցաւ «BRIGHT» ցուցահանդէսը կազմակեր-պել եօթը տարիներ շարունակ:

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան հիւր, Հայկազեան համալսարանի նախագահ` վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, որ իր պատգամին մէջ շեշտեց թէ աշակերտի մը կամքը կարեւոր տուեալ մըն է ապագային յաջո
ղութիւն գտնելու համար: Ան աւելցուց ըսելով թէ աշակերտը պէտք է միշտ ձգտի իտէալին, սակայն ան միա-ժամանակ պէտք է իրապաշտ ըլլայ, վստահելով որ Աստուած մնացածը կը հոգայ:

Բացման հանդիսութենէն ետք, լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժնի աշակերտները հերթական դրութեամբ ժամանեցին սրահ, ու այցելեցին համալսարաններու տաղաւարները, ստանալով համալսարանական ուսման տարբեր ճիւղերու մասին տեղեկութիւններ ու գրքոյկներ:

Համալսարաններու տաղաւարները շրջելու կողքին, աշակերտները հետեւեցան Կոկիկեան Հիմնարկի պատրաստած հակիրճ ներկայացումին, որուն նպատակն էր քաջալերել Լիբանեան պետական ասպարէզի մէջ աշխատանքը:

Նշենք որ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ գործող հետեւեալ բարձրորակ համալսարանները`
– Haigazian University (HU)
– American University of Beirut (AUB)
– Lebanese American University (LAU)
– Notre Dame University (NDU)
– Universitռ Saint Joseph (USJ)
– Universitռ Saint Esprit de Kaslik (USEK)
– University of Balamand (UOB)
– Sagesse University (ULS)
– Antonines University (UPA)
– Middle East University (MEU)
– Beirut Arab University (BAU)
– Lebanese University (LU)
– Lebanese International University (LIU)
– Arab Open University (AOU)
– American Univ. of Science & Technology (AUST)
– Lebanese German University (LGU)