Արժանթինի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Գերապայծառ Հէքիմեանի թագադրութեան արարողութիւնը

Արժանթինի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Գերապայծառ Հէքիմեանի թագադրութեան արարողութիւնը

Կիրակի 7 հոկտեմբերին, Պուէնըս Այրէսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է կաթողիկէ համայնքի նոր առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պօղոս Արք. Հէքիմեանի թագադրութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են քահանաներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ, հայ եւ օտար հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, նորընտիր եպիսկոպոսը դիտել տուած է թէ այսօր եկեղեցին կը փայլի այն մարդոց հետ որոնք եկած են ուրախութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու նոր եւ սիրելի եպիսկոպոսին, հաստատելով թէ ինք «այստեղ է ծառայելու համար» եւ թէ եպիսկոպոսները առաքեալներու յաջորդներն ու անոնց շարունակութիւնն են։ Անոնք պարտականութիւնը ունին իրագործելու Աստուծոյ կողմէ իրենց յանձնուած առաքելութիւնը»։ Ասկէ մեկնելով գերապայծառ Հէքիմեան ներկաներէն խնդրած է որ իրեն օգնեն իր այս պարտականութեան մէջ որպէսզի, ըսած է ան, ես ալ կարենամ ձեզի օգնել։

Ապա, Առաջնորդը անդրադարձած է Հռոմի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումին ու զրոյցի մասին։ Հուսկ, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղած է նախ եւ առաջ իր նախորդին՝ Արհիապատիւ Վարդան Արք. Պօղոսեանին որ «ուղեկցած է իմ հոգեւոր կեանքին, ինծի սորվեցնելով ըլլալ իսկական քահանայ» ըսած է գերապայծառ Հէքիմեան. ապա շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Սրբազան Քիսակ Մուրատեանին որ կարելիութիւն չէ ունեցած իր մասնակցութիւնը բերելու արարողութեան։ «Զայն կ՛անուանեմ որովհետեւ համամիութիւնը ու եկեղեցւոյ միութիւնը պիտի ըլլան իմ նպատակակէտս», ըսած է Հէքիմեան արքեպիսկոպոսը եւ շեշտած է «Միութիւնը Յարուցեալի միակ եկեղեցւոյ։ Մենք պէտք է սիրենք զիրար, օգնենք իրարու ու շարունակենք միասին կերտել եկեղեցին, նախ հայ եկեղեցին, ապա բոլոր դաւանանքները»։

Գերապայծառ Հէքիմեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ բոլոր արժանթինահայերուն ու իր ծուխին հաւատացեալներուն, որոնք միշտ թիկունք կանգնած են իրեն, ապա յայտարարած է թէ ինք որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած է «Սէր եւ ողորմութիւն» բառերը, որոնք, ըսած է ան, պիտի ըլլան Աւետարանի լոյսերը՝ որ պիտի առաջնորդեն իր քայլերը, որպէսզի ինք իր կարգին առաջնորդէ հաւատացեալները՝ որպէս Հայր եւ Հովիւ։

«Եպիսկոպոսը այն մարդն է որ պէտք է սորվեցնէ Աստուծոյ խօսքը» ըսած է ապա գերապայծառ Հէքիմեան, դիտել տալով թէ «պէտք է նախ եւ առաջ ապրիլ այդ Խօսքը, ապրիլ Աւետարանը, օրինակ հանդիսանալով հօտին»։

«Ասիկա ծանր խաչ մըն է, որ սակայն կը շալկեմ ուրախութեամբ, վստահ ըլլալով որ այդ կ՛առաջնորդէ դէպի Յարուցեալը» ըսած է գերապայծառ Հէքիմեան եզրափակելով իր քարոզը։