ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔ

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 2․30-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան, այցելեցին Զմմառու վանք, ուր դիմաւորուեցան վանքի մեծաւոր եւ Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Միքայէլ թ․ ծ․ վ․ Մուրատեանի, վարչութեան անդամներուն, Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Արհի․Գէորգ Եպիսկ․ Ասատուրեանի, Արհիապատիւ Գէորգ Արքեպիսկ․ Խազումեանի, Արհի․Մանուէլ Եպիսկ․Պաթագեանի, Լիբանանի կաթողիկէ հայոց կղերաց դասի, Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներուն ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներուն ու կիսասարկաւագներուն, ինչպէս նաեւ պետական երեսփոխան Ժան Թայլուզեանի, Զմմառու քաղաքապետի եւ հայ կաթողիկէ կառոյցներու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչնե-րուն կողմէ։

Շքախումբը նախ այցելեց Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, ուր Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներն ու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները երանելի նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի երգը հնչեցուցին: Ապա ուղղուեցան դէպի մայրավանքի Վերափոխեալ Աստուածամօր եկեղեցին, ուր Նիկոլ Փաշինեան եւ իր տիկինը մոմ մը վառեցին ի պատիւ Սրբոյ Կուսին:

Այնուհետեւ, մայրավանքի դահլիճին մէջ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան ներկաները ողջունելէ ետք, հակիրճ ձեւով զեկուցեց միաբանութեան անցած պատմական ուղիին, անոր կանոնական բնոյթին, 270 տարիներուն ծաւալած գործունէութեան, Լիբանանի քաղաքաշինութեան մէջ ունեցած ներդրումին եւ լիբանանահայութեան կրած բազմաթիւ հոգերը ամոքելու առումով արձանագրած նուաճումներուն ու ձեռքբերումներուն մասին:

«270 տարիներու ընթացքին, ըսաւ գերապայծառ Մուրատեան, միաբանութեան գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է հայ հոգեւորականներու պատրաստութիւնն ու աշխարհով մէկ ցրուած հայկական թեմերը որակեալ կղերականներով ապահովելը: Ասոր կողքին, միաբանութիւնս լուրջ աշխատանքներ կատարած է հայապահպանման ու հայագիտութեան զարգացման ուղղութեամբ»:

Ան աւելցուց, թէ «Մեծ եղեռնի դաժան օրերուն միաբանութեանս կղերը իր ժողովուրդի կողքին էր. Մարտինի թեմի առաջնորդ Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան իր հաւատակից միաբաններով ինկաւ վասն հայրենեաց եւ հաւատքի: Ցեղասպանութենէն հազիւ ճողոպրած եւ Լիբանան ապաստանած հայութեան բեկորներուն առաջին օգնութեան ձեռք մեկնողը Զմմառու միաբանութիւնը հանդիսացաւ: Պէյրութի շրջակայքը տեղափոխուած գաղթական հայերուն ապաստան տալու միտումով, Զմմառու միաբան հայրերէն Պօղոս Արիս Պէյրութէն դուրս հիմնեց Պուրճ Համուտ հայկական աւանը, որ հետագային դարձաւ մայրաքաղաք Պէյրութի անբաժան մասը: Պօղոս Արիս դարձաւ այդ աւանի առաջին քաղաքապետը` իր աւանդը բերելով ո՛չ միայն հայերու պատսպարման, այլեւ Լիբանանի քաղաքաշինութեան կարեւոր գործին»:

Անդրադառնալով միաբանութեան մշակութային ներդրումին` Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան ըսաւ. «Մշակութային առումով եւս կատարուած են բազմաթիւ աշխատանքներ` ըլլան անոնք տպագիր գործերու` գիրքեր, պարբերականներու տեսքով, ըլլան բանաւոր խօսքի` դասախօսութիւններ, դաստիարակչական դասընթացքներու տեսքով: Միաբանութիւնս աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքագրած եւ անդառնալի կորուստէ փրկած է բազմաթիւ հայկական հին ձեռագիր մատեաններ, արխիւային բնոյթի կարեւոր փաստաթուղթեր` յիրաւի դառնալով աշխարհի հայագիտական
5-րդ կեդրոնը»:

Ապա հայրենիքի հետ մշակուած ծրագիրներուն անդրադառնալով գերապայծառ Մուրատեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր ցանկութիւնն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնները հասնին բաղձալի մակարդակի, եւ ձեր վարչապետի պաշտօնին վերընտրման պարագային այս յարաբերութիւնները կը ստանան բնականոն տեսք, եւ մեր համագործակցութիւնը կը հասնի լիարժէք ու ցանկալի աստիճանի, որպէսզի մեր ազգը յաւէտ խոյանայ դէպի յաւերժութիւն, դէպի մեր ցայսօր անկատար իղձերու եւ երազներու իրագործում` ի փառս Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին»:

Ողջոյնի խօսքէն ետք, Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան վարչապետի պաշտօնակատար Ն. Փաշինեանի պատմական այցելութեան ի պատիւ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անունով «Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր» գեղակերտ լուսանկարը նուիրեց անոր:

Իր կարգին խօսք առնելով, Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով. «Շատ յուզիչ առիթ է ինձ համար, որովհետեւ առաջին անգամ եմ գտնւում Հայ Կաթողիկէ եկեղեցում եւ այսպիսի միջավայրում: Սա ինձ համար յիշարժան այցելութիւն է, որն անընդհատ կ՛ուղեկցի ինձ: Ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Սփիւռքում ամենակարեւոր խնդիրներից մէկն այն է, որ մենք չունենանք բաժանարար գծեր: Մենք մէկ ազգ ենք, գալիս ենք նոյն տեղից եւ ձգտում ենք դէպի նոյն տեղը, ունենք ընդհանուր երազանքներ, որոնց կենտրոնում Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, Արցախի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը»:

Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւորեց հայ հոգեւոր, մշակութային ամենանշանաւոր օճախներէն մէկուն` Զմմառու գործունէութիւնը պատմամշակութային ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ:

Այնուհետեւ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը եւ հայկական պատուիրակութեան անդամները առաջնորդութեամբ Մեծաւոր Հօր շրջայց կատարեցին վանքին զանազան բաժինները՝ թանգարանը, մատենադարանը, ձեռագրատունը եւ գինեմարանը։ Աւելի քան ժամ մը տեւած այս պատմական այցելութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն բարեմաղթանքներով եւ յիշատակի լուսանկարներով։