Հայածէս Սբ. Պատարագ Իզմիրի կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ

Հայածէս Սբ. Պատարագ Իզմիրի կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ

Երկուշաբթի, 14 օգոստոսին, գերյ. Վարդան ծ.վ.Գազանճեան հայածէս Սուրբ Պատարագ մատուցանած է Իզմիրի Ս. Յովհաննէս կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ, մօտ 150 հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։ Ս. Պատարագին ներկայ եղած են ոչ միայն հայ կաթողիկէներ, այլ նաեւ լատին ծէսի պատկանող հաւատացեալներ։

Ս. Յովհաննէս Տաճարը կառուցուած է 1862-1874 թուականներուն նոր-դասական ոճով։ Ան 50 տարի ինկած էր բանակին ձեռքը, ծառայելով նաեւ իբր իջեւան ՕԹԱՆ-ի ամերիկացի զինուորներուն։ 2013 թուականին ձեռնարկուած է եկեղեցւոյ նորոգութեան, եւ միեւնոյն տարուան աշնան տաճարը կրկին օծուած է։ Այնտեղ արդէն կը մատուցուին լատինածէս պատարագներ, իսկ այս տարուան 14 օգոստոսին, 95 տարիներ ետք, առաջին անգամ ըլլալով հայածէս Սուրբ Պատարագ կը մատուցուէր։

Իզմիրի (Զմիւռնիա) եկեղեցին գոյութիւն ունի քրիստոնէութեան նախնական շրջանէն ի վեր։ Զմիւռնիոյ համայնքը Յովհաննու Յայտնութեան մէջ կը յիշուի։ Քաղաքի լատին եպիսկոպոսներու ցանկը կը սկսի խաչակիրներու ժամանակէն։ Իսկ նոր տաճարի կառուցումը կատարուած է ԺԹ. դարուն, այսպէս կոչուած «քրիստոնէական վերածնունդի» ժամանակ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1856ի «Հաթթ-ի Հիւմայուն»էն ետք, որ կը հաստատէր «Թանզիմաթ»ի (Նորոգումի) շրջանը։ Նաեւ Սուլթան Ապտուլազիզ Ա. իր համակրանքով մասնակցութիւնը բերած էր Մայր Տաճարի կառուցման։

Առաջին պատերազմէն ետք, 1919-ին, յունական բանակը կը գրաւէ Զմիւռնիան, որուն բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ յոյներ էին։ Սակայն յոյն-թրքական պատերազմին յոյները կը կորսնցնեն Զմիւռնիան, եւ 1922-ի Սեպտեմբեր֊ին, Քեմալի բանակը կը գրաւէ քաղաքը։ Գրաւումէն չորս օր ետք, հրդեհը կը ոչնչացնէ քաղաքին մեծ մասը։ Հրդեհին զոհ կը դառնայ նաեւ հայկական թաղամասը։ Այդ դէպքին յաջորդող բախումներու ընթացքին տասնեակ հազարաւորներ կը սպաննուին, եւ հարիւր հազարաւորներ կը տեղահանուին։ Այդ ժամանակ բացի կաթողիկէ եկեղեցիներէն, քաղաքին բոլոր եկեղեցիները կը քանդուին։