«Որովհետեւ Հա՞յ ես․․․»

«Որովհետեւ Հա՞յ ես․․․»

Վերջերս մինչ կը գտնուէի սկաւառակի (DVD) վաճառատան մը մէջ, լիբանանցի (ոչ հայ) երիտասարդ մը մտաւ եւ պաշտօնեայէն խնդրեց լիբանանեան տեսաերիզ մը, որ տակաւին կը ցուցադրուէր կինոթատրոնին (cinema) մէջ: Պաշտօնեան, որ հայ էր,  պատասխանեց որ խնդրած տեսաերիզը չունի: Երիտասարդը, որ նկատած էր պաշտօնեային հայ ըլլալը պարզապէս որովհետեւ երբ խանութ մտաւ միասին հայերէնով կը խօսակցէինք, յայտնապէս հաճելի չգտնելով անոր ժխտական պատասխանը, ըսաւ․- «Չունի՞ս․ ինչո՞ւ․ որովհետեւ հա՞յ ես»: Պաշտօնեան բացատրելէ ետք յաճախորդին թէ լիբանանեան տեսաերիզները, մինչեւ այն ատեն որ կինոթատրոնին մէջ կը ցուցադրուին, ըստ օրէնքի, իրաւունք չունին ծախելու, այլապէս կառավարութեան տուրք պէտք է վճարեն: Սականյ, անձամբ չկրցայ անտարբեր մնալ երիտասադ յաճախորդին անտեղի վերագրումին դիմաց: Չեմ յիշեր բառացիօրէն ինչ պատասխանեցի, բայց ազնիւ ոճով միջամտելով «արհամարհեցի» զինք, եւ լսելէ ետք դիտողութիւններս՝ ան անմիջապէս ներողութիւն խնդրելով խանութը թողուց ու գնաց:

Զարմանալիօրէն դեռ եւս կան լիբանանցիներ, որոնց համար  տակաւին խորթ կը թուի հայուն լիբանանցի ըլլալը, պարզ այն պատճառով որ այսպիսիները թերեւս  իրե՛նք տակաւին ապահով չեն իրենց  ինքնութենէն, եւ այս պատճառով ալ կը կասկածին իրենց շրջապատի մարդոց  ինքնութեան հարազատութենէն: Ցաւալի է որ տակաւին, մինչեւ օրս, կարգ մը լիբանանցիներ կը համարձակին հարց տալու հայուն թէ աւելի լիբանանցի՞ է թէ հայ, եւ կամ Լիբանա՞նը կը նախընտրէ թէ Հայաստանը: Այսպիսիներ դժբախտաբար կը շարունակեն  հայերը նկատել  Լիբանանի հողերուն վրայ հաստատուած օտարներ։ Դեռ եւս ոմանք կը շարունակեն հայուն մէջ տեսնել արականը եւ իգականը իրարու հետ շփոթող քաղաքացին միայն,  կարծել թէ հայ ըլլալու համար կը բաւէ ազգանունը աւարտել «եան»ով եւ  թուրքը ատել, կամ որոճալ ցեղասպանութեան թողած վէրքերուն վրայ, յաւերժացնել իր նախորդներուն աւանդութիւնները եւ կառչիլ  անոնցմէ ժառանգուած արժէքներուն, կամ պարզապէս զէնքը ուսին շալկած  անցեալէն վրէժ լուծելու մասին մտածել: Ցաւալի  է հայը այսպիսի վերագրումներով սահմանել,  անգիտանալով որ Հայը ամենուրեք, հոն ուր հանգրուանած է ճակատագրին բերումով՝ փայլած ու գնահատուած է իր բազուկի եւ մտքի նուաճումներով, զորս ծառայեցուցած է անխտիր  բոլորին,  իր  շրջապատին,  երկրի  վերելքին:  Հայը  յաճախ Հայը յաճախ իրականացուցած է այն ինչ որ ուրիշը  չէ կրցած ընել: Կերտած է իր պատմութիւնը ու մասնակից դարձած է ժողովուրդներու պատմութեան կերտման: Ռահվիրան եղած է իր հանգրուանած երկիրներու  զարգացման ու բարգաւաճումին: Նահատակուած է զինք հիւրընկալողներուն դատերուն ի խնդիր եւս: Չէ զլացած բաժնելու ուրիշին ցաւերն ու ձախողութիւնները, վէրքերն ու պարտութիւնները, ինչպէս նաեւ կենացը խմած է բոլորին ուրախութիւններուն, յաջողութիւններուն ու յաղթանակներուն: Հայը՝ ստեղծագործ պանդուխտը, միշտ ունեցած է ձգտումը ըլլալու օրինակելի ու տիպար, որովհետեւ սիրած է աստուածատուր  կեանքը, եւ ուզած է միշտ ապրիլ արժանավայել կեանքով, հակառակ բոլոր փոթոռիկներուն ու խոչընդոտներուն, որովհետեւ հաւատացած է թէ մոխիրին ներքեւ կրակի կայծերը կը մնան վառ: Յամենայնդէպս, որքան ալ շարադրենք դժուար պիտի ըլլայ հարազատ Հայը սահմանել, որովհետեւ Հայը սահման չունի:

Այս բոլորին եւ դեռ շատ աւելիին անտեղեակ մարդիկ միայն կրնան չարամտօրէն հարց տալ «որովհետեւ Հա՞յ ես»:

Այո՛, որովհետե՛ւ Հայ եմ՝ գիտե՛մ հարազատ լիբանանցի ըլլալ, գիտեմ քաղաքացիութեան արժէքը, գիտեմ թէ ի՛նչ կը նշանակէ ապրիլ որպէս լիբանանցի՝ լիբանանեան հողերուն վրայ, ունենալ հայրենիք,

գիտե՛մ ինքնութեանս տէր մնալ,
գիտե՛մ հողիս արժէքն ու դրօշիս պատիւը,
գիտե՛մ փնտռել ազգիս ու հայրենիքիս վերելքը,
գիտե՛մ հաւատարիմ մնալ նախնիքներուս կտակին,
գիտե՛մ պահապանն ու պաշտպանը ըլլալ դատիս, արդար բոլոր դատերուն։

Որովհետեւ Հայ եմ, կարող եմ ճանչնալու նաեւ քե՛զ, գիտնալու քու արժէքդ եւ… կանգնելու քու կողքիդ բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ, իբրեւ հարազատ համաքաղաքացիներ, լիբանանցինե՛ր։

 

Ս.Կ.