ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

24 մայիս 2017, չորեքշաբթի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ  ջերմ ձեռքսեղմումով մը դիմաւորեց «աշխարհի հզօրագոյնը» ճանչցուած պետութեան նախագահը, Տոնալտ Թրամբ, որ մինչեւ Պապին հասնիլը, Վատիկան պաշտօնական այցելութիւններուն յատուկ շուքով՝ իր տիկնոջ` Մելանիային ընկերակցութեամբ  ծանրաքայլ անցաւ Վատիկանի շքեղ Պալատէն   առաջնորդութեամբ  իտալացի ազնուական ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն։ Լրատուամիջոցները սովորաբար զանց կ՛ընեն պաշտօնական այցելութիւններուն  վատիկանեան ձեւակերպութիւններու նկարագրութիւնը, սակայն Թրամբի պարագային այս զանցառումը չկատարուեցաւ։ Յիշեցնելով որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը , այս վերջնոյն ընտրութենէն ի վեր յաճախ հակոտնեայ դիրքորոշումներով յայտնուած են,  լրատուամիջոցները՝ դիմաւորութիւնը ջերմ ու սիրալիր որակելով հանդերձ, նկատել տուին որ մինչ Տոնալտ  Թրամբ կը ժպտէր, Պապին դիմագիծը աւելի լուրջ էր՝ հակառակ սովորութեան։ Պապի «բարի եկաք»ին, «շատ մեծ պատիւ է» պատասխանելով Թրամբ հետեւեցաւ անոր մտնելու համար քահանայապետական գրադարանը, ուր առանձնացան գլուխ-գլխի զրուցելու համար եւ  դուրս եկան կէս ժամ ետք։ Քահանայապետը գնաց իր չորեքշաբթի օրերու հայրական յորդորը տալու՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու, իսկ Թրամբ իր տիկնոջ հետ գնաց տեսնելու Սիքսթին մատուռին եւ  Միքել Անճելոյի գլուխ գործոցը հանդիսացող հռչակաւոր պազիլիքային նման արուեստի անզուգական ստեղծագործութիւններ որոնք դիտողին մոռցնել կու տան աշխարհիկ ամէն  խնդիր։

Այդ կէս ժամուան ընթացքին, իրարու ի՞նչ կրնան ըսած ըլլալ «միլիառատէր մը» եւ «աղքատներու բարեկամ մը», որոնց տարակարծութիւնները ակնյայտ են աշխարհը յուզող բազմաթիւ խնդիրներու շուրջ, սկսեալ գաղթականներու թափանցումը արգիլելու համար պատեր բարձրացնելու Թրամբի ծրագրէն մինչեւ ազատական տնտեսութեան խնդիրները։ Այսուհանդերձ եւ զարմանալիօրէն անոնք համակարծիք են վիժումին դէմ անտեղիտալի  պայքար մղելու անհրաժեշտութեան շուրջ։ Արդարեւ, Թրամբ արտօնեց մեծ ընկերութիւններուն մերժել վիժումը կանխարգիլող բժշկական միջամտութիւններու ծախսերուն հատուցումը, դադրեցուց վիժումը քաջալերող միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն ֆինանսաւորումը եւ մինչեւ իսկ նշանակեց Գերագոյն Ատեանի դատաւոր մը որ ծանօթ է որպէս հակա-վիժումական, ինչ որ հաճոյք պատճառեց անշուշտ Ֆրանչիսկոս Պապին, որ հակառակ իր «յեղափոխականութեան» շատ աւանդապահ է բարոյագիտական հարցերու նկատմամբ։

«Պիտի ըսեմ այն ինչ որ կը մտածեմ եւ ինք պիտի ըսէ այն ինչ որ կը մտածէ» ըսած էր Ֆրանչիսկոս` Թրամբը ընդունելէ առաջ, աւելցնելով որ «մարդ մը չի դատեր երբեք՝ զինք մտիկ ընելէ առաջ»։ Այսուհանդերձ, զինք մտիկ ընելու  առիթին առանց սպասելու, Պապը, ակնարկելով Մեքսիկայի սահմանի ամբողջ երկայնքին մեծ պատ մը կառուցանելու միլիառատէր նախագահի ծրագրին,  յայտարարած էր որ «քրիստոնեայ չի կրնար ըլլալ մարդ մը  որ կ՛ուզէ պատեր բարձրացնել»։  Այս յայտարարութիւնը վիրաւորած էր Օպամային յաջորդը։ Ան ըսած էր որ «հոգեւոր պատասխանատուի մը չի վայելեր կասկածի տակ առնել մէկու մը հաւատքը»։

Ֆրանչիսկոս՝ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահէն իր ակնկալութիւնները զգացուցած էր յունուարին, անոր երդման արարողութեան առթիւ աղօթելով որ անոր որոշումները յատկանշուին «աղքատներուն եւ լքեալներու մասին մտահոգութեամբ»։ Սակայն, շատ չանցած, 2018-ի պիւտճէին համար Սպիտակ Տունը ներկայացուց առաջարկ մը որ կը նախատեսէ ընկերային ծրագիրներու եւ հիւանդութեան համար յատկացումներու կրճատում մը։

Այսուհանդերձ, 24 այիս 2017-ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը բան մը փոխած ըլլալ կը թուի ի նպաստ Պապի ակնկալութիւններուն Թրամբէն։ Արդարեւ,  Սպիտակ Տան մէկ հաղորդագրութենէն յայտնուեցաւ որ այս տեսակցութեան ընթացքին  նախ․ Տոնալտ Թրամբ վերահաստատած է աշխարհի վրայ անօթութեան դէմ պայքարելու Միացեալ Նահանանգներու յանձնառութիւնը։ 

Pope Francis meets U.S. President Donald Trump during a private audience at the Vatican, May 24, 2017. REUTERS/Alessandra Tarantino/Pool - RTX37BSI

Թրամբ յայտարարեց որ իր երկիրը «հպարտ է անօթութեան դէմ պայքարին ի խնդիր 300 միլիոն տոլար ծախսելուն համար՝ մասնաւորաբար Եմէնի, Սուտանի, Սոմալիոյ եւ Նիճերիոյ մէջ»։ Ան յայտարարեց նաեւ որ «պատիւ զգացած է» Ֆրանչիսկոս Պապին կարենալ հանդիպելուն համար եւ հասկցած է որ Վատիկան «աւելի քան երբեք վճռած է շարունակել պայքարիլ ի խնդիր խաղաղութեան աշխարհի վրայ»։

Սպիտակ Տունը հաղորդեց նաեւ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը  29 մայիս 2017-ը  (Վատիկանի հանդիպումէն հինգ օր ետք) հռչակած է մնայուն խաղաղութեան ի խնդիր աղօթքի օր եւ հրաւիրած է ժողովուրդը «միանալու աղօթքին մէջ ժամը 11-ին, իսկ բոլոր լրատուամիջոցները մասնակցելու այս միջոցառումին»։

Պապին հանդիպելէ ետք կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ, նախ․ Թրամբ հաւաստիացուց որ «Միացեալ Նահանգները եւ Սուրբ Աթոռը համակարծիք են բազմաթիւ հիմնական արժէքներու շուրջ եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ կ՚աշխատին պաշտպանել  մարդու իրաւունքները, պայքարիլ  մարդկային տառապանքներուն  դէմ եւ պաշտպանել կրօնական ազատութիւնը»։

Թէեւ Վատիկան ոչինչ ըսաւ Պապին եւ Թրամբի միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութեան մասին, սակայն Սպիտակ Տան, ամերիկեան աղբիւրներու եւ նոյնինքն Թրամբին կողմէ կատարուած յայտարարութիւններէն կը յայտնուի որ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած կէս ժամուան հանդիպումը իրապէս «բան մը փոխած է», փոխած՝ Մ․ Նահանգներու նախագահի մօտեցումներուն մէջ ի նպաստ Ֆրանչիսկոսի ակնկալութիւններուն եւ Վատիկանի համաշխարհային դերակատարութեան մասին անոր համոզումներուն մէջ։  Թովմաս առաքեալին նման մատը վէրքին վրայ դնելէ ետք է որ Թրամբ  համոզուեցաւ որ  Ֆրանչիսկոս իրապէ՛ս համաշխարհային խաղաղութեան առաջամարտիկն է։

11 / 06 / 2017              

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ