Պաշտօնական շուքով եւ ժողովրդական խանդավառութեամբ Բացում` Այնճարի Վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց Տան»

Պաշտօնական շուքով եւ ժողովրդական խանդավառութեամբ Բացում` Այնճարի Վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց Տան»

«Այնճարը կ’ողջունէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին անդրանիկ եւ օրհնաբեր այցելութիւնը» արձանագրութեամբ հայաւանի մուտքին պարզուած պաստառը կը նախանշէր տօնական մթնոլորտը որ պիտի տիրէր Այնճարի մէջ կիրակի, 4 յունիս 2017-ին, Հոգեգալստեան օրը,  վերանորոգուած «Աղաճանեան Սանուց Տուն»ի հանդիսաւոր բացման առիթով`  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին անդրանիկ այցելութեամբ։ Արդարեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ժամը 10-ին կը ժամանէր Այնճար ընկերակցութեամբ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչչիայի, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյի, Հայ կաթողիկէ արհիապատիւ եպիսկոպոսներու եւ Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ մուտքին կը դիմաւորուէր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Այնճարի քաղաքապետին, պաշտօնական հիւրերու,  բարերարներու եւ հոծ բազմութեան մը կողմէ, մինչ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի շեփորախումբը խանդավառ կատարումներով կ՛ողջունէր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Անոր ուղեկցող բարձրաստիճան հոգեւորականներուն ժամանումը։

A2

Հոգեւոր Տիրոջ առաջնորդութեամբ՝ պաշտօնական հիւրերը մուտք գործեցին տօնականօրէն ծաղկազարդուած եկեղեցին, ուր Պէյրութի Հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան մատուցանեց սուրբ Պատարագը առընթերակայութեամբ  հայր Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեանի եւ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի։

A3

Յետ Սուրբ Աւետարանի ընթերցման, այս առիթով իր հայրապետական խօսքը նախ ֆրանսերէնով արտասանեց Ամենապատիւ  Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ  ողջունելէ ետք պապական նուիրակը, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովի ընդհանուր քարտուղարը, հոգեւորական եւ աշխարհական հիւրերը,  ամփոփ պատմականը ըրաւ Աղաճանեան Սանուց Տան, նշելով որ ան  Կարդինալ Աղաճանեանին  երազն ու ցանկութիւնն էր որ իրականացուց անոր յաջորդը՝  երջանկայիշատակ Իգնատիոս Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Ապա, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց  գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյին՝ Աղաճանեան Սանուց Տան բարեկարգումին համար ցուցաբերած մեծագումար աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք օժանդակեցին վերանորոգումի եւ բարեկարգումի աշխատանքներուն։

A4Ապա, Հոգեւոր Տէրը հայերէնով իր խօսքը ուղղեց ժողովուրդին եւ ներկայացուց Ս. Հոգեգալուստի դրուագը:

Ան նշեց, թէ Ս. Հոգիով է, որ մենք մկրտուեցանք եւ թէ այդ նոյն Ս. Հոգին է, որ մեզ կը զօրացնէ, կը լուսաւորէ, մեր մեղքերը կը քաւէ, կը մխիթարէ, որովհետեւ Ս. Հոգիին ներկայութիւնը կը վայելենք մեր մէջ, Քրիստոսի տուած խաղաղութիւնը մեր մէջ կը բնակի, եւ բոլոր դժուարին պայմանները կը յաղթահարենք Անոր զօրութեամբ, որովհետեւ Քրիստոս խոստացաւ մեզի հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհիս կատարածը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդը շատ աւելի դժուար օրեր տեսած է, բայց միշտ հաւատքը պահած: Երբ կարդանք աւետարանները, կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Ս. Հոգին ուղղութիւն կու տար Քրիստոսի առաքեալներուն, նոյն ձեւով ալ 1700 տարիներ առաջ Ս. Հոգիին կանչը լսելով, հայերը ընդունեցին այս աւետիսը եւ հաւատարիմ մնացին Անոր:

Սուրբ Պատարագի վերջին օրհնութիւնը տուին ներկայ հոգեւոր հայրերը միասին։

 

A5

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, որուն երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ երգչախումբը, հայերէնով եւ իտալերէնով խօսք առաւ «Աղաճանեան Սանուց Տան» պատասխանատու տէր Ալիշան քհնյ. Աբարդեան: Ան  անդրադարձաւ երջանկայիշատակ կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի հայրական գուրգուրանքին ու սիրոյ` հանդէպ բոլորին, մասնաւորապէս որբերուն, ծնողազուրկներուն եւ տնանկներուն: Անոր հայրական սրտին փափաքն էր հիմնել որբանոց կամ պատսպարան  մը  անչափահաս  հայ  կարիքաւորներուն  համար:  Այս ծրագիրին իրագործումը ստանձնեց կարդինալ Աղաճանեանի յաջորդը` Իգնատիոս Պետրոս Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, որ հանդիսացաւ թէ՛ հիմնադիրը եւ թէ՛ կառուցողը «Աղաճանեան Սանուց Տան»: Տէր Ալիշան Աբարդեան իր խօսքը ուղղելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ըսաւ, թէ իր նախորդներուն նախաձեռնութիւնը ունեցաւ նաեւ ինք,  ստանձնելով «Աղաճանեան Սանուց Տուն»ը վերանորոգելու աշխատանքը: Ան աշխատեցաւ ամէն ձեւով ապահովել պէտք եղած գումարը, որպէսզի կանգուն մնայ այս հոգատար հաստատութիւնը: Տէր Աբարդեան յայտարարեց անունները նուիրատուներուն, որոնք հոգացին «Աղաճանեան Սանուց Տան» վերանորոգման ծախսերը: Նուիրատուներն են` Իտալիոյ եպիսկոպոսաց ժողովը, Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեան եւ Հայ կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութիւնը: Ծրագիրը մշակեց ճարտարապետ Թուֆիք Արիս:

Ապա գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին «Աղաճանեան Տան» սաները` երգելով հոգեւոր տաղեր, իսկ ջութակահար Մարինէ Հալլաճեան  «Աւէ Մարիա»ի եւ «Կռունկ»ի կատարումով առինքնեց ունկնդիրները: Հուսկ, Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերյարգելի Մեսրոպ ծ.վ. Թոփալեանի հրաւէրով միաբերան հնչեց Հայրապետական Մաղթանքը։

A6

A7

Պատարագէն ետք ներկաները ուղղուեցան դէպի «Աղաճանեան Սանուց Տուն», որուն բացումը ընդհանուր խանդավառութեան մէջ կատարեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, շրջապատուած հոգեւոր հայրերով եւ բարերարներով։ Նախքան իրենց շրջայցը շէնքին մէջ, ներկաները ստացան այս առթիւ հրատարակուած բովանդակալից գեղատիպ գրքոյկ մը Աղաճանեան Սանուց Տան մասին։ Ապա անոնք առիթը ունեցան գնահատելու կատարուած բարենորոգչական աշխատանքը։

A8

 

 

A10

Հուսկ, պաշտօնական հիւրերը ուղղուեցան ճաշարան «Արեւ» մասնակցելու համար տօնական ագապին: Սիրոյ սեղանին շուրջ խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան: Ան յայտնեց, թէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այս հանգամանքով եւ դրդապատճառներով Այնճար կատարած այցելութիւնը ունի աւելի քան յատկանշական նշանակութիւն: Ան ըսաւ նաեւ, թէ դէպի առաջ քալելու համոզումը պիտի ըլլայ արգասիքը գիւղի զաւակներուն հաւաքական աշխատանքին: Ան Հոգեւոր Տիրոջ ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ գիւղի բովանդակ ժողովուրդը եկած էր ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը, որովհետեւ ան դէպի Բարձրեալն Աստուած իր հոգեպարար աղօթքով բարձրացուց անոնց տենչերը: Ան ըսաւ, թէ Հոգեգալստեան այս օրուան մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր ներկայութեամբ ու հոգատարութեամբ իրենց ուժ եւ կարողութիւն ներշնչեց:  Քաղաքապետը խոստացաւ, որ Այնճար աւանին մէջ միշտ պիտի վերանորոգուին դպրոցներն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու բոլոր հաստատութիւնները: Քաղաքապետը հրաւիրեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը իր հետ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ յանձնելու  պատմական այս օրուան նուիրուած Յուշապարգեւը։

A9Ապա Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին գեղակերտ լանջախաչով մը պարգեւատրեց գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոն։ Ան յատկապէս Հայաստանէն բերուած յուշանուէրներով պարգեւատրեց նաեւ Վրէժ Սապունճեանը, Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեան երկարամեայ ատենապետ մեթր Ժաք Չուխատարեանը եւ ճարտարապետ Թուֆիք Արիսը:

Հայաւանին համար պատմականօրէն յիշարժան այս օրը աւարտին հասաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ աղօթքով, օրհնութեամբ եւ մասնակիցներու վերանորոգ տրամադրութեամբ: