1917 – 2017 100 ամեակը Աստուածամօր երեւումներուն Ֆաթիմայի մէջ (4)

1917 – 2017 100 ամեակը Աստուածամօր երեւումներուն Ֆաթիմայի մէջ (4)

13 Օգոստոս 2017
Փոքրիկները բանտին մէջ

«Վիլա Նօվա Տէ Ուրէմ»ի վերակացուն՝ Արթիւր Տէ Օլիվերա Սանթօս, որ նաեւ Ֆաթիմա գիւղին պատասխանատուն էր, երիտասարդ տարիքին քաղաքականութեամբ կը զբաղի ու կը հրատարակէ «Ուրէմի Ձայնը» խորագրով թերթ մը, նախքան  ընտանեկան արհեստին ժառանգորդ դառնալը որպէս թիթեղագործ: Ան հակակղերական էր ու անհաւատ: Երբ երեւումներուն լուրը կը տարածուի եւ թերթերու հետաքրքրութիւնը կը գրաւէ, Օլիվերա Սանթօս չի կրնար անտարբեր մնալ այս դէպքերուն դիմաց, մանաւանդ որ նահանգին պատասխանատուն էր: Ան կը սկսի մտածել միջոցի մը մասին արգիլելու համար այս պատահարները: 10 օգոստոսին, փոքրիկներուն հայրերը՝ Մանուէլ Մարթոն եւ Անթօնիօ Տոս Սանթօսը հրաման կը ստանան յաջորդ օրը կէսօրուայ ժամերուն ներկայանալու՝ իրենց զաւակներուն հետ միասին, վերակացուին մօտ, Վիլա Նօվա գիւղը, որ Ֆաթիմայէն 15 քիլոմեթր հեռու կը գտնուէր: Միակ միջոցը երթալու քալելն էր եւ կամ իշուն կռնակը: Ֆրանչիսկոսի եւ Յակինթայի հայրը կ՛որոշէ առանձին երթալ, որպէսզի իր  զաւակներուն  չպարտադրէ  երկար  ճանապարհի  յոգնութիւնը,  իսկ Լուչիային հայրը իշու կռնակը դնելով իր դուստրը՝ իր հետ կը տանի զինք: Վերակացուն տեղեակ չէր թէ երեք մանուկներու կ՛երեւնար Աստուածամայրը, ան կը կարծէր թէ միայն մէկ անձի հետ կը պատահէին երեւումները: Ան կը հարցաքննէ Լուչիան, պարտադրելով անոր որ յայտնէ գաղտնիքը որու մասին խօսած էր Սուրբ Կոյսը: Փոքրիկը լուռ կը մնայ, հակառակ անոր որ Օլիվերա Սանթօս շատ խիստ ոճով կը սաստէ զինք, նոյնիսկ զինք սպաննելու սպառնալիքով: Պատասխանատուն ոչ մէկ արդիւնքի յանգելէ ետք, զիրենք  տուն կը ղրկէ:

13 օգոստոսին, գիտնալով որ երեւման թուականն էր, առաւօտեան ժամը

9:00-ին խումբ մը մարդիկ կը ներկայանան փոքրիկներուն ծնողաց տուները։ Անոնց հետ էր նաեւ վերակացուն։ Անոնք կը խնդրեն որ երեք փոքրիկներուն հետ միասին երթան ժողովրդապետին մօտ, կարծելով թէ անոնք վարդապետին ներկայութեամբ եւ խնդրանքով դիւրաւ պիտի յայտնեն գաղտնիքը: Անոնք կ՛առնեն մանուկները իրենց սայլերուն մէջ, եւ կ՛ուղղուին դէպի ժողովրդապետութիւն: Հասնելով վարդապետին մօտ, մանուկները յարգելով Տիրամօր հրահանգը՝ կը մերժեն յայտնել գաղտնիքը: Վերակացուն մանուկները անգամ մը եւս սայլին մէջ կը դնէ, զիրենք տուն դարձնելու համար: Սակայն փոխանակ տան ճամբան առնելու, զիրենք կը տանին Վիլա Նօվա Տէ Ուրէմ, ուր զիրենք կը բանտարկէ սենեակի մը մէջ, սաստելով որ հոնկէ պիտի չելլեն մինչեւ չխօսին գաղտնիքին մասին: Յաջորդ օրը, երեք հովիւները կը տարուին վերակացուին գրասենեակը հարցաքննութեան համար: Սակայն առանց պատասխանի մնալով, պատասխանատուն անոնց կը սպառնայ եռացած ձէթի մէջ դնել: Ան կը հրամայէ զինուորին որ Յակինթան փոխադրէ ուրիշ սենեակ մը: Վերակացուն միւս փոքրիկներուն դառնալով կ՛ըսէ. «Յակինթան արդէն եռացած ձէթին մէջ է, մի ձգէք որ ձեր վերջն ալ այդպէս ըլլայ»: Ֆրանչիսկոս քաջութեամբ կ՛ըսէ Լուչիային. «Մի՛ վախնար, Յակինթան հիմա երկինք ելաւ, եւ ես ալ պիտի հետեւիմ իրեն»: Վերակացուն զայրանալով հրաման կու տայ որ Ֆրանչիսկոսն ալ նոյն սենեակը դրուի, որպէսզի ինք Լուչիան սիրաշահի դրամ առաջարկելով: Սակայն ամէն ջանք ի զուր կը մնայ: Տեսնելով անոնց լռութիւնն ու արիութիւնը, եւ խռովութիւնը ժողովուրդին, որոնք չէին հասկցած թէ ինչո՞ւ այս փոքրիկները բանտարկուած են, վերակացուն կը ստիպուի զիրենք ազատ արձակել: 15 օգոստոսին, վերակացուն ոչ մէկ լուծումի յանգած ըլլալով՝ մանուկները անգամ մը եւս սայլին մէջ կը դնէ եւ զիրենք տուն կը դարձնէ: (Արթիւր Տէ Օլիվէրա Սանթօս կը մահանայ 1955ին, Լիզպոն, առանց որ նուազագոյն զղջումի ու դարձի արտայայտութիւն ունենայ):  

13 օգոստոսին, մինչ փոքրիկները բանտարկուած էին, Աստուածամայրը նման միւս ժամադրութիւններուն՝ երեւումը կը կատարէ: 18 հազար հոգի ներկայ կ’ըլլան: Անոնք որոտումի ձայն կը լսեն, որմէ ետք լոյսի ցոլք մը կը յայտնուի եւ  կը տեսնեն ամպի կտոր մը այն կանանչ թուփին վրայ, ուր Սուրբ Կոյսը կը կենար իր երեւումներուն ընթացքին: Ամպը մի քանի րոպէ կը մնայ, ապա դէպի երկինք կը բարձրանայ: Մինչ այդ, ծիածան մը կը յայտնուի, որ կը ներկէ բնութիւնը գեղեցիկ գոյներով: Իրենց ազատութիւնը գտնելէ ետք, փոքրիկները անմիջապէս կ՛երթան երեւումներուն վայրը: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնելով կ՛աղօթեն Վարդարանը այն թփիկին առջեւ, որմէ ուխտաւորները արդէն քաղած էին բոլոր ծաղիկներն ու կոճղերը, տանելով զանոնք որպէս մասունք: Մանուկներուն վերադարձը մեծապէս կ՛ուրախացնէ գիւղին բնակիչները, մանաւանդ անոնց ծնողները: Սակայն Լուչիայի մայրը տակաւին մտահոգ էր պատահածներէն, մանաւանդ որ վերջին երեւումին ուխտաւորները նիւթական նուէրներ ալ սկսած էին տալ: Ան շուարած մնալով այս երեւոյթին առջեւ եւ զգալով թէ գումարը բեռ մը կը դառնար իր ուսերուն, որովհետեւ չէր գիտեր ատով ինչ պիտի ընէր, կ՛ուզէ զանոնք վստահելի անձի մը յանձնել, սակայն ոչ ժողովրդապետը եւ ոչ ալ միւս փոքրիկներուն ծնողքը կ՛ընդունին բեռը իրմէ վերցնել: Ուստի, ան Լուչիայէն կը խնդրէ որ յաջորդ երեւումին, Տիրամօր հարցնէր թէ այս գումարը ինչի՞ պիտի ծառայէր: Լուչիան կը խոստանայ զայն կատարել: 

 

19 Օգոստոս 1917
Հրաշքի Յայտարարութիւն

Կիրակի օր մըն էր։ Լուչիան, Ֆրանչիսկոսը, եւ իր եղբայրը՝ Ժանը, կը մեկնին արածելու համար ոչխարները: Ճանապարհին, Լուչիան կ՛անդրադառնայ օդի որոշ փոփոխութեան մը, որ ընդհանրապէս երեւումներէն առաջ կը պատահէր: Ջերմաստիճանը կը նուազի եւ արեւի լոյսը կը տկարանայ: Ենթադրելով թէ Տիրամայրը պիտի երեւնար, Ժանը անմիջապէս կը վազէ երեւոյթը իմացնելու իր քրոջը՝ Յակինթային, որ ատենին կը հասնի: Ինչպէս ամէն անգամ, լոյսի ցոլացումէ ետք, Տիրամայրը կ՛երեւնայ:

Աստուածամայրը կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ որ շարունակէք գալ հոս ամսուն 13-ին, ու շարունակէք նաեւ Վարդարանը աղօթել ամէն օր: Վերջին ամսոյն հրաշք մը պիտի ընեմ, որպէսզի բոլորն ալ հաւատան»:

Լուչիան կը հարցնէ. «Ի՞նչ ընենք այն դրամներով զորս մարդիկ կը նուիրեն»:

Մարիամ կը պատասխանէ. «Կ՛ուզեմ որ երկու գահաւորակներ շինէք: Մէկը կը շալկես դուն՝ Յակինթային հետ միասին, եւ ուրիշ երկու սպիտակազգեստ աղջիկներու, իսկ միւսը կը շալկէ Ֆրանչիսկոսը, ուրիշ երեք տղաներու հետ, որոնք իրեն նման ճերմակ հագած կ՛ըլլան: Գահաւորակներուն դրամը պիտի նուիրուի Վարդարանի Տիրամօր տօնին, իսկ մնացածով պիտի կառուցուի մատուռ մը ինծի համար»:   

Լուչիան կը հարցնէ. «Կ՛ուզեմ խնդրել բուժումը քանի մը հիւանդներու»:

«Այո՛, պիտի բուժեմ ոմանք տարուան ընթացքին: Աղօթեցէ՛ք, շատ աղօթեցէ՛ք, եւ զոհողութիւններ կատարեցէ՛ք մեղաւորներուն համար, շատ մը հոգիներ կ՛երթան դժոխք որովհետեւ չունին մէկը որ իրենց համար աղօթէ կամ զոհողութիւններ կատարէ». այս ըսելով, Մարիամ կը բարձրանայ դէպի արեւելք ու կ՛անհետանայ:

 

13 Սեպտեմբեր 1917
Աշխարհի Օրհնութեան Յայտարարութիւն

Երեք հովիւները անհամբեր կը սպասէին 13 սեպտեմբերը, որպէսզի անգամ մը եւս տեսնեն ու վայելեն Աստուածամօր ներկայութիւնը: Անոր երեւումը իրենց ուժ կը պարգեւէր համբերութեամբ տանելու բոլոր տառապանքները, ինչպէս նաեւ սիրով զոհողութիւններ կատարելու: Այս երեւումներուն հաւատացողներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնար արտակարգ ձեւով, մանաւանդ որ մանուկները, ամենադժուար վայրկեաններուն կը կարողանան վառ պահել իրենց հաւատքը:

13 սեպտեմբերին մօտաւորապէս 30,000 հոգի կը հաւաքուին երեւումներուն վայրը: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն Ֆաթիմայի փողոցները կը լեցուին հոծ բազմութեամբ. մարդիկ իրենց Վարդարանները կ՛աղօթէին: Ժողովուրդը մանուկներէն կը խնդրէ իրենց փափաքները ներկայացնել Աստուածամօր, ըլլան անոնք բուժումներ, սնունդ, առողջ վերադարձ զինուորներուն…: Ներկաներէն մէկը կը վկայէ ըսելով. «Իսկապէս արժանի էր կոչուելու ուխտագնացութիւն, որուն երեւոյթը ինքնիրմէջ արցունք կը հոսեցնէր: Կեանքիս ընթացքին երբեք չեմ հանդիպած այսպիսի տեսարանի մը, հաւատքի այսպիսի ցոյցի մը: Երեւումներուն տեղը, մարդիկ ծունկի եկած ջերմեռանդութեամբ կ՛աղօթէին»:  Բազմութեան մէջ կը գտնուէին նաեւ վարդապետներ եւ ժառանգաւորներ:

Կէսօրուայ ժամերուն, ներկաներէն ոմանք կապուտակ երկինքին ներքեւ կը տեսնեն լուսաւոր գունդ մը, որ կը տեղափոխուի արեւելքէն դէպի արեւմուտք, ապա կ՛անհետանայ քանի մը րոպէ: Անգամ մը եւս կը յայտնուի, եւ այս անգամ կու գայ հանգչելու կաղնիին վրայ: Օրուան լոյսը կը նուազի:

Աստուածամայրը կ՛ըսէ. «Շարունակեցէ՛ք Վարդարանը աղօթել որպէսզի պատերազմը վերջ գտնէ: Հոկտեմբերին, մեր Տէրը պիտի գայ, ինչպէս նաեւ Ցաւագին Տիրամայրը, Կարմեղեան լեռի Տիրամայրը, սուրբ Յովսէփը մանուկ Յիսուսի հետ. ան աշխարհը պիտի օրհնէ»:

Մեղաւորներուն դարձին համար, երեք մանուկները իրենց մէջքին կապած էին չուան մը, զոր կը շալկէին առտու իրիկուն, այնպէս որ ցաւ կը պատճառէր իրենց: Տիրամայրը կ՛ըսէ. «Աստուած գոհ է ձեր զոհողութիւններէն, սակայն չ’ուզեր որ չուանով քնանաք: Զայն շալկէցէք միայն օրուան մէջ»:

Պատասխանելով համր եւ խուլ աղջկայ մը բուժումի խնդրանքին, Տիրամայրը կ՛ըսէ. «Ասկէ մէկ տարի, աւելի լաւ պիտի ըլլայ»: Խնդրելով նաեւ ուրիշ բուժումներ, Մարիամ կ՛ըսէ. «Ոմանք պիտի բուժուին, սակայն միւսները ոչ, որով-հետեւ Տէրը չի վստահիր անոնց»: Այս ըսելով, Սուրբ Կոյսը կ՚ակնարկէր այն մարդոց, որոնք միայն ու միայն վտանգի վայրկեաններուն կը յիշեն Աստուած ու անոր կը դիմեն աղօթքով: Իսկ երբ հանգիստ ըլլան, կը մոռնան աղօթքը եւ նոյնիսկ Աստուծոյ գոյութիւնը: Որով հաւատացեալը կանչուած է յարատեւ աղօթելու, որպէսզի Աստուծոյ վստահութիւնը շահի:

Ապա Լուչիան ուրիշ խնդրանքներ կը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ երկու նամակներ, սակայն Տիրամայրը կը պատասխանէ ըսելով. «Հոկտեմբերին պիտի կատարեմ հրաշքը, որպէսզի ամէն մարդ հաւատայ»: Այս խօսքէն ետք, կը սկսի վերանալ եւ անհետանալ նման միւս երեւումներուն:

 

13 Հոկտեմբեր 1917
Հրաշքը

F213 հոկտեմբերին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, ներկաներուն թիւը կը հասնի 60.000-ի: Ոմանք հեռաւոր վայրերէ կու գան վկայելու այս պատահարներուն մասին: Նաեւ կը գտնուին անհաւատներ, անաստուածներ, որոնք եկած էին ժխտելու պատահածները, եւ ստելու սպասուած մեծ հրաշքի մասին։

Վարդարանը աղօթելու համար, անոնք իրենց հովանոցները կը գոցեն, եւ ծունկի կու գան, հակառակ անոր որ տակաւին անձրե-ւը առատօրէն կը տեղար: Ժամը 13:30 էր, եւ ներկայ անհաւատները արդէն կը սկսին բազմութեան թելադրել որ իրենց տուները դառնան, որովհետեւ հրաշքը պէտք է կէսօրուայ ժամերուն պատահէր: Լուչիան դէպի արեւելք նայելով, կը նշմարէ լոյսին ցոլքը, որ ամէն անգամ կը կանխէր երեւումները: Աստուածամայրը ներկայ էր եւ Լուչիային դառնալով կ՛ըսէ. «Քեզմէ պիտի խնդրեմ որ ինծի համար մատուռ մը կառուցուի հոս: Ես Վարդարանի Տիրամայրն եմ: Թող շարունակեն միշտ Վարդարանը աղօթել: Պատերազմը պիտի վերջանայ եւ զինուորները շուտով պիտի դառնան իրենց տուները»: Շատեր բուժումներ կը խնդրէին Աստուածամօրմէն: «Ոմանք պիտի բուժուին, իսկ ուրիշներ ոչ, որովհետեւ անոնք պէտք է սրբագրեն իրենց վիճակը, եւ ներողութիւն խնդրեն իրենց մեղքերուն համար»: Տիրամայրը տխուր ոճով կը շարունակէ. «Բաւ է նախատել Աստուծոյ՝ մեր Տիրոջ, որ արդէն շատ նախատուեցաւ»:

Ապա Աստուածամայրը մինչ կը վերանար՝ կը բանայ իր ձեռքերը, եւ լոյսին ցոլքը կ՛ուղղէ դէպի արեւ: Լուչիան կը բացագանչէ. «Արեւուն նայեցէ՛ք»: Այդ վայրկեանին  կը  պատահի  հրաշքը՝  «արեւուն պարը»:  Յանկարծ  անձրեւը կը դադրի, ամպերը կը հեռանան իրարմէ եւ երկինքը կը պայծառանայ: Ներկաները կարող էին անմիջապէս արեւին նայիլ, առանց ոչ մէկ նեղութիւն զգալու: Այս մեծ հրաշքին դիմաց, խոր լռութիւն մը կը տիրէ: Արեւի գունտը մեծ արագութեամբ երեք անգամ ինքնիր վրայ կը դառնայ հրեղէն անիւի նման, արձակելով լոյսի ցոլքեր ծիածանի տարբեր գոյներով: Ապա արեւի գունտը, կարմիր գոյնն առնելով, կարծէք կը բաժնուի երկինքէն, եւ օձապտոյտ էջքով կը գլտորի բազմութեան վրայ: Ներկաները սարսափի ու վախի վայրկեաններ կ՛ապրին: Անոնք ծնրադիր ողորմութիւն կը խնդրեն երկինքէն: Այս դէպքը տասը վայրկեան կը տեւէ, ապա արեւը կը դառնայ իր տեղը: Աւարտին բոլորն ալ կ՛անդրադառնան որ իրենց զգեստները արդէն չորցած էին: Ոչ մէկ ձեւով կարելի եղաւ բացատրել այս երեւոյթը։ Բոլոր ներկաները կը վկայեն, նոյնիսկ անոնք որոնք վայրէն 40 քիլոմէթր հեռու տեղեր կը գտնուէին: Այս տասը վայրկեաններուն ընթացքին, մինչ ժողովուրդը զարհուրած էր «արեւի պար»էն, երեք փոքրիկները արեւուն կողքին հերթաբար կը տեսնեն՝

Սուրբ Ընտանիքը: Արեւուն քով կ’երեւայ սուրբ Յովսէփը Յիսուս մանուկին հետ, եւ Տիրամայրը հագած սպիտակ զգեստ եւ կապոյտ վերարկու: Սուրբ Յովսէփ եւ Յիսուս մանուկ կ՛օրհնէին աշխարհը իրենց ձեռքերով խաչանման շարժում կատարելով:

Ցաւագին Տիրամայրը: Առաջին տեսարանէն ետք, փոքրիկները կը տեսնեն Եօթն Ցաւոց Տիրամայրը եւ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ կ՛օրհնէր աշխարհը:

Կարմեղեան լերան Տիրամայրը: Այս վերջին տեսարանին մէջ, Աստուածամայրը կ’երեւայ առանձին՝ Կարմեղեան լերան Տիրամօր պատկերով:

Այս վերջին անգամն էր որ Տիրամայրը կ’երեւայ Գովա Տա Իրիայի մէջ: Օրուան բոլոր թերթերը կը խօսին այս դէպքին մասին: Լուչիան յետագային կ’ըսէ. «Այս երեւումին, մեծ ազդեցութիւն ձգեցին սրտիս մէջ մեր երկնաւոր Մօր բառերը, որոնցմով հրաւիրեց մարդիկը որ այլեւս չնախատեն Աստուծոյ: Ո՛հ, որչափ կը փափաքիմ որ բոլոր զաւակները լսեն իրենց Մօր ձայնը»: 

 

ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ