Տէրունական Աղօթք

Տէրունական Աղօթք

Յաճախ կ՚աղօթենք առանց գիտնալու թէ  ի՞նչ կ՚աղօթենք, կամ առանց աղօթքին բովանդակութիւնը կամ բառերուն իմաստը հասկնալու որոնք շատ զգացումներ կը պարփակեն իրենց մէջ: Բառերը դուրս կու գան մեր շուրթերէն նման թութակին որ ուրիշէն լսած խօսքերը կը կրկնէ. կամ երբեմն մենք մեր ձեռքերուն մէջ կ՚առնենք աղօթագիրքը եւ կը կարդանք զայն որպէս պարտականութիւն, քանի որ մենք պէտք է արտասանենք այս կամ այն աղօթքը:

Ամենագեղեցիկ եւ ամենահզօր աղօթքը ուղղուած Հօր Աստուծոյ՝ Տէրունական աղօթքն է, որ Յիսուս Քրիստոս մեզի սորվեցուց: Այս աղօթքը երկնաւոր Հայրը ականջալուր դարձնելու միակ միջոցն է: Ան ուղղակի երկխօսութիւն մըն է որդիին եւ Երկնային Հօր միջեւ: Այն Հայրը, ով ստեղծած է մեզ իր պատկերով ու նմանութեամբ եւ մշակած է իր սէրը մեզ համար, արդեօք արժանի չէ՞ որ փոխհատուցենք այդ սէրը, եւ բարձրացնենք մեր աղօթքները որպէս  անուշաբոյր խունկ։

Եթէ այս աղօթքը երկխօսութիւն է, ինչո՞ւ չենք լսեր թէ մեզի ինչ կ՚ըսէ Երկնային Հայրը։ Եկէք սուզուինք այս աղօթքին մէջ, եւ լսենք, թէ ինչ կ՚ըսէ ան  մեզի:

Մի ոմն աղօթել կ՚ուզէ, ուստի ծունկի կու գայ ու կ՚ըսէ. Հայր մեր, որ յերկինս ես։ Յանկարծ, ան կը լսէ ձայն մը որ կ՚ըսէ.-

«Այո, ահաւասիկ ես եմ»։ 

Խնդրեմ, մի՛ ընդհատեր զիս, ես կ’աղօթեմ:

«Բայց դո՛ւն կանչեցիր զիս»:

Ես ոչ մէկուն կանչեցի, միայն կ՚ըսէի Հայր մեր որ յերկինս ես։

«Դարձեալ զիս կը կանչե՞ս»։

Ինչպէ՞ս:

«Դուն զիս կանչեցիր երբ ըսիր Հայր մեր, որ յերկինս ես. Ի՞նչ կ՚ուզես որ քեզի համար ընեմ».։

Ես քեզ չկանչեցի: Բայց ամէն օր կ՚աղօթեմ, եւ կ՚ըսեմ, Հայր մեր, որ յերկինս ես, եւ այդ մէկը կը հանգստացնէ զիս ինչպէս նաեւ որպէս պարտականութիւն կ՚ընեմ եւ երբ չեմ ըներ այդ պարտականութիւնը կը զգամ  որ բան մը պակաս է։

«Ինչպէ՞ս կրնաս Հայր մեր ըսել առանց գիտակցելու թէ բոլոր  շուրջիններդ քու եղբայրներդ են. Ինչպէ՞ս կրնաս յերկինս ըսել, առանց գիտակցելու որ այդ տեղը  խաղաղութեան եւ սիրոյ վայր է, բոլորին համար»։

Իսկապէս ուշադրութիւն չեմ դարձուցած  այս հանգամանքին։ Ուրեմն, շարունակեմ քու աղօթքդ: Սուրբ եղիցի անուն քո։ Ի՞նչ կը նշանակէ, չեմ գիտեր։ Կ՚ուզեմ ըսել, … ինչ գիտնամ, բայց մաս մըն է աղօթքէն։

«Սուրբ կը նշանակէ իրական հայր, կեանք պարգեւող, եւ արժանի յարգանքի. Կը դիմես անոր պատկառանքով ու սրբութեամբ, անոր կը վստահիս ամբողջութեամբ»:

Ես կը հասկնամ, բայց ես երբեք չեմ մտածած սրբացման մասին: Եկեսցէ Արքայութիւն քո, եղիցի կամք քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի։

«Դուն գիտակի՞ց ես ըսածիդ»։

Այո՛:

«Ի՞նչպէս։ Գիտե՞ս թէ ինչ պէտք է ընել իրականացնելու համար այս ամէնը»։

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես թէ ինչ պէտք է ընել։ Ոչինչ։ Ասիկա պարզապէս աղօթքին մէջ արտայայտութիւն մըն է։ Ես եկեղեցի կ՚երթամ:

«Հարցումս այդ չէ։ Ինչպէս կը վերաբերիս քու եղբայրներուդ հետ, մարդկութեան հետ, ի՞նչպէս կը ծախսես փողերդ, կամ հեռատեսիլ դիտելով կամ ամսագրեր կարդալո՞վ կը վատնես ժամանակդ, եւ կամ այն ժամանակը որ ինծի կը տրամադրես»։

Խնդրեմ դադրեցուր քննադատութիւններդ:

«Կը ներես, բայց խնդրեցիր որ կատարուի իմ կամքս։ Որպէսզի այս մէկը կատարուի … Ի՞նչ ընեմ այն մշտապէս աղօթողներուն, որոնք գոհունակութեամբ կ՚ընդունին   ցուրտը, ջերմութիւնը եւ անձրեւը …»։

Ասիկա ճշմարտութիւն է, եւ դուն իրաւունք ունիս, որովհետեւ ես միշտ կը գանգատիմ, երբ անձրեւէ՝  արեւը կ՚ուզեմ, երբ արեւը ծագի՝  ջերմութենէն կը գանգատիմ եւ ցուրտը կ՚ուզեմ, եւ այսպէս ես միշտ կը գանգատիմ, եւ երբ ինծի առողջութիւն կու տաս, հոգ չեմ տանիր անոր։

«Շատ լաւ, երբ գիտակից ես քու վիճակիդ,  ուրեմն  մենք պէտք է միասին աշխատինք, Ես եւ դուն։ Պիտի ըլլան յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ. Ես կը սիրեմ այս վերաբերմունքդ»։

Լսէ՛, Տէր, այս աղօթքը սովորականէն աւելի երկար տեւեց, պիտի շարունակեմ ու ըսեմ. զհացն մեր հանապազօր տուր մեզ այսօր։

«Սպասէ՛, դուն հանապազօրեայ հացը խնդրեցիր։ Դուն չես գիտէր, որ մարդը միայն հացով չէ որ կ՚ապրի, այլ ամէն մէկ խօսքով, որ դուրս կու գայ իմ բերանէս։ Երբ դուն հաց կը խնդրես, յիշէ որ անօթի մարդիկ կան։ Դուն ինչ որ կ՚ուզես կրնաս խնդրել, ինչ որ կը ցանկաս, եւ զիս որպէս քու հայրդ համարէ։ Շարունակէ՛, որովհետեւ հետաքրքրուած եմ լսել մնացեալ աղօթքդ»:

Եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մենք թողունք մերոց պարտապանանց:

«Իսկ եղբա՞յրդ, որ կ՚ատես»։

Տէր, ան զիս շատ քննադատեց։ Ես չեմ կրնար իրեն ներել, ես կ՚ուզեմ վրէժս լուծել իրմէ:

«Ուրեմն, ի՞նչ կ՚ուզես ըսել աղօթքներովդ։ Զիս կանչեցիր, հիմա ես ահաւասիկ քեզի հետ եմ. կ՚ուզեմ որ դուն փոխուած  դուրս գաս այստեղէն։ Կ՚ուզեմ որ անկեղծ ըլլաս։ Բայց ցանկալի չէ, որ սրտիդ մէջ կրես այդ ծանր բեռը։ Կը հասկնա՞ս»:

Հասկցայ, բայց ես կը հանգստանամ երբ վրէժս լուծեմ։

«Ո՛չ, չես հանգստանար: Վրէժխնդրութիւնը, լաւագոյն միջոցը չէ, պարզ է: Յիշէ՛ թէ ինչքան դժբախտութիւն պիտի ըլլայ, եւ յիշէ քու դժբախտութիւնդ հիմա. ամէն ինչ ի շահ քեզի պիտի փոխեմ: Բաւական է, որ դուն անկեղծ ցանկութիւն ունենաս։ Կրնա՞ս։

Ինչպէս պիտի ըլլայ այս մէկը:

«Ներէ՛ քու եղբօրդ, ապա դուն կը կարողանաս վայելել իմ ներումս եւ հանգստանալ»։

Բայց Տէր, ես չեմ կրնար։

«Ուրեմն մի արտասանէր այս աղօթքը»:

Դուն ճիշդ ես, ես միայն կ՚ուզեմ վրէժ լուծել , բայց ես խաղաղութիւն կը ցանկամ։ Անոր համար բոլորին պիտի ներեմ, օգնէ ինծի եւ զիս ուղղէ՛։

«Խնդրանքդ իսկապէս հրաշալի է։ Ես քեզի հետ ուրախ եմ։ Իսկ դուն, ինչպէ՞ս կը զգաս հիմա»:

Լաւ, բայց իրապէս ես երբեք չեմ ունեցած այս զգացումը, Տիրոջ հետ խօսելէս առաջ։

«Այժմ շարունակենք եւ աւարտենք աղօթքը»։

Եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ փրկեայ զմեզ ի չարէ»։

«Հրաշալի է, ես այդ մէկը կ՚ընեմ, բայց դուն քեզ մի դներ փորձութիւններու մատնող դիրքերու մէջ»:

Իսկ հիմա ի՞նչ կ՚ուզես ըսել։ 

«Ընկերակցութիւնդ դադրեցո՛ւր վատերուն հետ, ովքեր կարող են քեզ մասնակից դարձնել չար գործերու: Մերժէ՛ չարն ու ատելութիւնը, քանի որ անոնք քեզի կ՚առաջնորդեն զարտուղի ճանապարհներու որոնց վերջը կործանում է, եւ չըլլայ թէ անոնք գործածես ժամանակաւոր փրկութեան համար»:

Չհասկցայ:

«Ի հարկէ հասկցար, որովհետեւ շատ անգամներ օգտագործած ես զայն եւ ամէն անգամ օգնութիւնս խնդրած ես»։

Ես ամօթով եմ, Տէր քու առջեւդ, ներէ՛ ինծի։

«Ի հարկէ պիտի ներեմ քեզի, ես կը ներեմ անոնց որոնք ներել գիտեն. Եւ  ամէն անգամ, երբ դուն կ՚աղօթես այս աղօթքը, յիշէ՛ մեր այս երկխօսութիւնը»։

«Աւարտէ՛ աղօթքդ»:

Աւարտե՞մ։ Օ, այո։ Ամէն։

«Իսկ ի՞նչ է ասոր իմաստը»։

Ես չեմ գիտեր, բայց այսպէս կը վերջանայ:

«Երբ դուն «Ամէն» կ՚ըսես ուրեմն կ՚ընդունիս ամէն ինչ որ կ՚ըսեմ, դուն կը համապատասխանես իմ կամքիս, կը հետեւիս իմ պատուիրաններուս. քանի որ «Ամէն» բառը կը նշանակէ «եղիցի» այսինքն ամէն ըսուածներուն համաձայն գտնուիլ»:

Շնորհակալութիւն, Տէր իմ, այս աղօթքին համար, որ սորվեցուցիր ինծի եւ այն մեկնաբանութիւններուն, որ տուիր:

«Ես կը սիրեմ իմ բոլոր զաւակներս, եւ կը նախընտրեմ անոնք, որոնք կը ցանկան հրաժարիլ սխալներէ եւ հեռանալ մեղքէ. Ես կ՚օրհնեմ քեզ, ապրիր խաղաղութեան մէջ»:

Շնորհակալութիւն Տէր, ես ուրախ եմ, որ դուն իմ բարեկամս ես։

Այստեղէն մենք կը հասկնանք Յիսուսի խօսքը, երբ Ան ըսաւ: «Բայց դուք, ապա երբ աղօթէք, մտէք ձեր ննջարանը փակեցէք ձեր դուռը, աղօթեցէք ձեր հօրը, որ ծածուկ է» (Մատթէոս 6: 6)։

 

ՏԷՐ ՌԱՖԱՅԷԼ ՍՐԿ. ԺԱՈՒՀԱՐԺԻ