Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Վատիկանի Գաղտնի արխիւներու եւ Առաքելական գրադարանի ղեկավարը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Վատիկանի Գաղտնի արխիւներու եւ Առաքելական գրադարանի ղեկավարը

Մայիսի 30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Վատիկանի Գաղտնի արխիւներու եւ Առաքելական գրադարանի ղեկավար գերապայծառ Ժան-Լուի Պրիւկէսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ուղեկցութեամբ Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգը:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուած է պատուիրակութեան անդամներուն իրենց Մայր Աթոռ այցելութեան առիթով: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ Հայոց Եկեղեցւոյ ունեցած ջերմ կապերուն եւ գործակցութեան` ասոր վառ վկայութիւնը նկատելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետեր Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապերուն այցերը Հայաստան եւ Ս. Էջմիածին:

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն հայտնած է նաեւ Վատիկանի Գաղտնի արխիւներու եւ Առաքելական գրադարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ արժէքաւոր փաստաթուղթերու ցուցադրման, հրապարակման եւ  ուսումնասիրութեան  համար  գիտնականներուն  տրամադրման  կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը իր մասնաւոր գնահատանքը յայտնած է պատուիրակութեան կազմին մէջ  ընդգրկուած Հռոմի Քահանայապետական արեւելագիտութեան ինստիտուտի եկեղեցական իրաւունքի բաժանմունքի պրոֆեսոր Հայր Ժորժ-Անրի Ռուիյսէնին, որուն ջանքերով հրապարակուած է Հայոց ցեղասպանութեանն առնչուող պատմական փաստաթուղթերու բազմահատոր աշխատութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին,  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը խօսած է նաեւ երկու Եկեղեցիներուն  միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան շրջագիծէն ներս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ Մայր Աթոռի միաբաններու ուսումնառութեան մասին:

Իր հերթին Մոնսէնիէօր Ժան-Լուի Պրիւկէս իր ուրախութիւնը արտայայտած

է Հայաստան այցելութեան  առիթով` ընդգծելով, որ դեռեւս Ֆրանսա իր ծառայութեան շրջանէն  սկսեալ բազում առիթներ  ունեցած է ճանչնալու հայ ժողովուրդը եւ ծանօթանալու անոր պատմութեան ու մշակոյթին:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Մայր Աթոռի հոգեւոր կրթա-դաստիարակչական առաքելութեան եւ հոգեւորականներու պատրաստութեան:

Հուսկ,  Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները փոխանցած է  Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին` մաղթելով, որ Աստուած միշտ զօրեղ պահէ Կաթողիկէ Եկեղեցին, անոր սպասաւորները եւ հաւա-տացեալները:

Հանդիպումին ներկայ եղած են Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը եւ Արխիւի ու թանգարաններու տնօրէն արժանապատիւ Տ. Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը:

Նոյն օրը Գերապայծառ Ժան-Լուի Պրիւկէս Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ հանդէս եկած է «Հայկական գանձերը Վատիկանի Գաղտնի արխիւներուն եւ Առաքելական գրադարանին մէջ» թեմայով դասախօսութեամբ: