Զուարթնոցի մէջ պիտի բացուի Մխիթարեան Միաբանութեան գործունէութեան նուիրուած ցուցադրութիւն

Զուարթնոցի մէջ պիտի բացուի Մխիթարեան Միաբանութեան գործունէութեան նուիրուած ցուցադրութիւն

Ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն եւ ուրոյն տեղ ունեցող Մխիթարեան միաբանութիւնը այս տարի կը նշէ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի մուտք գործելուն 300-ամեակը:

Մխիթար Սեբաստացիի, ինչպէս նաեւ միաբանութեան գործունէութիւնը հանրութեան ներկայացնելու ու հանրահռչակելու նպատակով «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնութիւնը նախաձեռնած է սեպտեմբեր 21-ին «Զուարթնոց» պատմամշակութային-արգելոց թանգարանին մէջ բանալ «Ձայն տուր, ով կղզեակ» խորագիրը կրող ցուցահանդէս:

Հոգեւոր, ուսումնակրթական, գիտական եւ մշակութային միաբանութիւնը հիմնադրած է Մխիթար Սեբաստացին` 1701-ին, Պոլսոյ մէջ: 1717-ին միաբանութիւնը հաստատուած է Վենետիկի մօտ Սբ. Ղազար կղզիին վրայ` վերածելով զայն իւրայատուկ ոգեղէն Հայաստանի` կեանքի կոչելով Մխիթարեան միաբանութեան կարգախօսը` «Ի փառս Աստուծոյ եւ յանուն լուսաւորութեանն ազգի մերոյ»:

ՊՈԱԿ-ի կայքը կը տեղեկացնէ որ ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ընթանան տարուան սկիզբէն: ՊՈԱԿ-ի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժնի վարիչ Էլմիրա Եսայեան Վենետիկ մէկշաբաթեայ գործուղման ընթացքին ծանօթացած է արխիւային հարուստ ու հետաքրքրական նիւթերու:

Նախանշուող ցուցադրութիւնը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու նպատակով «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերդեան հանդիպած է Հայաստանի Մխիթարեան կրթահամալիրի պատասխանատու Հայր Եղիայի հետ, քննարկած ցուցադրութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն, արխիւային ու բնագիր նիւթերուն առնչուող հարցեր:

ՊՈԱԿ-ի տնօրէնը խօսած է Մխիթարեան միաբանութեան արխիւային հարուստ նիւթերու որոշ մասը ցուցադրութեան ներկայացնելու, մասնաւորապէս` միաբանութեան կազմաւորման վերաբերող հռչակագիրին, միաբանութեան մէջ ուսանած ու աշխատած նշանաւոր մարդոց, օտարազգի հանճարներու բնագիր նիւթերու, անձնական իրերու եւ այլնի մասին:

Հայր Եղիան  պատրաստակամութիւն յայտնած է ՊՈԱԿ-ի ցուցադրութիւններու բաժնին հետ համատեղ աշխատիլ իւրաքանչիւր նիւթի մշակման, հաւաքման ուղղութեամբ: Անոր խօսքով, ցուցադրութեան ներկայացուելիք արխիւային նիւթերու համար հարկ պիտի ըլլայ գրութեամբ դիմել Վենետիկ` Մխիթարեան միաբանութեան: