«ԾՈՎԻ ԽՈՐՔԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԼԵՌԱՆ ԲԱՐՁՈՒՆՔ»

«ԾՈՎԻ ԽՈՐՔԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԼԵՌԱՆ ԲԱՐՁՈՒՆՔ»

Մայիսի 21-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանութեան եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան հովանաւորութեամբ «Octopusteam» ակումբը՝ Քֆարզըպիանի քաղաքապետարանի եւ «Hye Riders» մարզական ակումբի համագործակցութեամբ, կազմակերպեց «Ծովի խորքէն մինչեւ լեռան բարձունք» միջոցառումը: Միջոցառման ընթացքին, Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանի ձմեռնային մարզաձեւերու մեծագոյն կենտրոն՝ Լիբանանի Քֆարզըպիան քաղաքի վարչական տարածքի բլուրներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած խաչի օծման արարողութիւն, զոր կատարեց Պէյրութի պատրիարքութեան օգնական Եպիսկոպոս Հայր Գէորգ Ասատուրեանը:

Միջոցառումին ներկայ էին Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւորներ, Քֆարզըպիանի քաղաքապետը, կուսակցություններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, արուեստի գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Միջոցառումին ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Opcopusteam» ակումբին իւրօրինակ նախաձեռնութեան համար՝ կարեւորելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներու շարունակական բնոյթը, որոնք քայլ առ քայլ պէտք է առաջ մղեն մարդկութեան դէմ այդ ծանր յանցագործութեան ճանաչման գործընթացը: Դեսպանը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առթիւ ակումբին կողմէ երկու տարի առաջ կազմակերպուած մէկ այլ միջոցառումին, որով տպաւորիչ  խաչ մը  տեղադրուած էր Միջերկրական ծովի յատակին: Սամուէլ Մկրտչեան մեկնաբանեց տեղադրուած երկու խաչերու ընտրութեան վայրերու խորհուրդը՝ նշելով, որ այդ կերպով կ’ընդգծուի  սրբադասուած 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակի յարգումը եւ վերապրածներու յարնումը:

Միջոցառման աւարտին մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին խաչին առջեւ: