THE PROMISE ֆիլմի յատուկ ցուցադրութիւն

THE PROMISE ֆիլմի յատուկ ցուցադրութիւն

Ընդառաջելով Հայ Կաթողիկէ Լրատուամիջոցներու Գրասենեակի  հրաւէրին, լիբանանեան տպագիր մամուլի, հեռատեսիլի եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան Քարիթասի, կաթողիկէ հաստատութիւններու եւ հիմնարկներու պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ,  լիբանանցի եւ օտար անձնաւորութիւններ ներկայ գտնուեցան THE

PROMISE  (ԽՈՍՏՈՒՄԸ) ֆիլմի յատուկ ցուցադրութեան, որ տեղի ունեցաւ 10 Մայիս 2017,  Չորեքշաբթի երեկոյեան,  City Mall-ի Cinema City-ի մէջ։ 

Այս առթիւ խօսք արտասանեց Հայ Կաթողիկէ Լրատուամիջոցներու Գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ․ կարապետեան որ ըսաւ․-

«Այս տարի կը նշենք 102-րդ ամեակը Հայոց ցեղասպանութեան, որու ընթացքին Օսմանեան պետութիւնը ուզեց արմատախիլ ընել իւրաքանչիւր հայ, որ կը գտնուի իր սահմաններուն մէջ: Օգտուեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմէն իրագործելու համար իրենց դժոխային ծրագիրը: Մերկացան մարդկային զգեստներէն, ու հագուեցան անասնայինը: Ջարդեցին, քանդեցին, կոտորեցին, սրբապղծեցին, եւ ուզեցին ոչընչացնել հայուն գոյութիւնը, թողելով միայն մէկ նմուշ, զայն դնելու համար թանգարանին մէջ: Այդ գիշերը խաւարի վարագոյրը փակուեցաւ հայ ժողովուրդին վրայ:

102 տարիներ անցան, եւ տակաւին կը շարունակուի դատը որպէս պահանջատիրութեան արդար իրաւունք, որ իր կարգին դարձաւ Աւետարանին ձայնը, որ կը հնչէ աշխարհի չորս ծագերէն դէպի աշխարհի չորս ծագերը: Հայ դատը պաշտպանել կը նշանակէ աւետարանել: Իրաւունքի եւ ճշմարտութեան պահանջը իր հիմքը կը գտնէ Աւետարանի շունչին մէջ: Ով որ գործեց ցեղասպանութիւնը ծունկի չի գար եթէ ոչ աղօթքով ու ծոմապահութեամբ: Մեր զէնքը մեր աղօթքն է,  եւ մեր աղօթքը մեր պահանջատիրութիւնն է, եւ մեր պահանջատիրութիւնը մեր հաւատարմութիւնն է: Մենք մեր դատով կ՛աւետարանենք, կը գոյատեւենք ու կը վկայենք համայն աշխարհին թէ մենք քրիստոնեաներ ենք: Մահուան յաղթեցինք նահատակուելով՝ մեր կեանք նուիրելով Անոր, որ է Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը ու Կեանքը:  

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր ներկայութեան մաղթելով բարի վայելում»: 

Ներկաները ֆիլմի մասին իրենց տպաւորութիւնները փոխանակելու առիթը ունեցան ցուցադրութեան աւարտին տեղի ունեցած հիւրասիրութեան ընթացքին։