ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՊՕՂՈՍ ՃԵԼԱԼԵԱՆԸ

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՊՕՂՈՍ ՃԵԼԱԼԵԱՆԸ

Այսօր քանինե՞ր  ճանչնալու առիթը ունեցած են, եւ եթէ նոյնիսկ ունեցած են՝ կը յիշեն  ՊՕՂՈՍ ՃԵԼԱԼԵԱՆԸ, լիբանանահայ տաղանդաշատ երգահան-երաժիշտը, որ աւելի քան կէս դար յօրինած է, ստեղծագործած, ուսուցանած եւ սերունդներ դաստիարակած՝ ի սպաս հայ եւ լիբանանեան երաժշտութեան եւ որուն ստեղծագործութիւնները Լիբանանի սահմաններէն անդին՝ միջազգային ճանաչումի ու գնահատանքի արժանացած են։ 

Այս հարցադրումը կատարելու առիթ մը եղաւ, գէթ ինծի համար,  Պօղոս Ճելալեանին նուիրուած յիշատակի երեկոն, որ տեղի ունեցաւ 8 մարտ 2017-ին, ՀԲԸՄ.ի Տէմիրճեան Կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայաստանի Դեսպանութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի։

Ձեռնարկը մեծապէս ողջունելի եւ գնահատելի ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէր կրնար ըլլալ ըստ արժանւոյն արժեւորելու համար Պօղոս Ճելալեանը եւ անոր նպաստը Լիբանանի երաժշտութեան։ Արդարեւ, Պօղոս Ճելալեանի բազմաժանրը ստեղծագործութիւնները  հնչած  են եւրոպական եւ ամերիկեան աշխարհահռչակ բեմերէն, հայ եւ այլազգի մեծանուն երաժիշտներու կատարողութեամբ եւ զինք արժանի դարձուցած միջազգային մրցանակներու ու պարգեւներու, որոնց պսակումը հանդիսացաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ՝ Սուրբ Սեղբեստրոսի Ասպետի Կարգի  (Chevaliers de Saint Sylvestre) Շքանշանով պարգեւատրումը՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին յանձնարարութեամբ։  Քահանայապետական շքանշանը կու գար գնահատելու ոչ միայն երաժշտագէտը, երաժշտահանը, երաժշտութեան  դասախօսը, այլ նաեւ  քաղցրաբարոյ, համեստ, պարկեշտ քրիստոնեայ մարդը եւ անոր աստուածաշնորհ տաղանդը, որուն լուռ եւ լուսարձակներէ հեռու աշխատանքին արգասիքը եղան նուագախումբի,  դաշնամուրի, ջութակի, թաւջութակի, երգեհոնի համար գրուած բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, վոքալիզներ,  եղերերգներ, պարեր, ի մէջ այլոց էսթրատային, հայկական երգեր ու բազմաձայն յօրինումներ։  Ան  նաեւ  արժեւորեց լիբանանեան ֆոլքլորը, գրեց Պաալպեքի Փառատօնին յատուկ, յատկապէս  1968-ի փառատօնին բեմադրուած  La Citadelle-ի եւ Ռոմէօ Լահուտի երաժշտախառն թատերախաղերուն երաժշտութիւնները։ Լիբանանի հայ եւ օտար երաժշտասէրները առիթը ունեցած են վայելելու անոր Sept Sռquences pour Orchestre-ը կատարողութեամբ Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցի նուագախումբին ղեկավարութեամբ Րայիֆ Ապիլլամայի, Toccata pour Orgue-ը, Preludio e Toccatina-ն, բազմաթիւ սոնաթները, սոփրանոյի համար գրուած վոքալիզները, որոնք մեզի կը յիշեցնեն նաեւ  լիբանանահայ ուրիշ տաղանդաշատ արուեստագիտուհի մը՝ Արփինէ Փեհլիվանեանը։

Ճելալեանը ճանչցողներուն եւ զինք յիշողներուն անմոռանալի պէտք է եղած ըլլայ Քասլիքի Համալսարանի սրահին մէջ, Լիբանանի կրթական նախարարին հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան երաժշտութեան վաստակաւորներուն,  Պօղոս Ճելալեանի գործունէութեան յիսնամեակին նուիրուած Յարգանքի Նուագահանդէսը՝  որ տեղի ունեցաւ 1992 Ապրիլին։

Դաշնակահար եւ ջութակահար՝ Վարուժան եւ Միհրան Գոճեան եղբայրները, միջազգային հռչակ վայելած լիբանանցի ուրիշ երաժիշտ մը՝ դաշնակահար Տիանա Թաքիետտին, դաշնակահար Ուալիտ Հորանի, դաշնակահար Եսթեր Ֆսթըքճեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ  Ճելալեանի յօրինումները փայլուն կերպով մատուցանած են Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու բեմերէն։ Իր դաշնակի փրոֆեսէօրին՝ Ուիլիըմ Քորպեթ Ճոնզի թելադրութեամբ Ճելալեանի Sonate Breve-ի կատարումով է որ Ֆսթըքճեան ստացած է Սան Ֆրանչիսկոյի երաժշտանոցի Bachelor of Music-ի վկայականը։  Ճելալեանի միջազգային հռչակի մասին գաղափար մը տալու համար նշենք թէ ջութակահար Արշամպօ միեւնոյն Սոնաթով հանդէս եկած է Պելճիքայի մէջ։ Մեքսիկացի դաշնակահար Կլորիա Պոլիվար Ճելալեանը ծանօթացուցած է իր հայրենակիցներուն՝ 1968-ի Ողիմպիական Խաղերու շրջագիծէն ներս, իսկ  թաւջութակահար Փափասթրավօ Ճելալեանի յօրինումնե-րով ելոյթ ունեցած է Փարիզի մէջ։ Ափսոս որ Ճելալեան բախտը չունեցաւ յայտնուելու նաեւ Հայաստանի բեմերէն։

Լիբանանահայ երաժշտասէր շրջանակներուն համար, որոնք տիրական ներկայութիւն էին Լիբանանի Պետական Երաժշտանոցէն եւ  երաժշտական  հաստատութիւններէն ներս, Պօղոս Ճելալեան սիրուած ու յարգուած «Ուստա»ն էր, սակաւախօս Վարպետը, որ իր Համայնքին ու Ազգին պարծանքը ըլլալով հանդերձ, կը պատկանէր Լիբանանին եւ անոր ճամբով համաշխարհային Արուեստին։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ