«ԱՅՍՕՐ ԼՈՒՍԱՒՈ՛Ր ԵՒ ՓԱՌԱՊԱ՛ՆԾ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՕՐՆ Է»

«ԱՅՍՕՐ ԼՈՒՍԱՒՈ՛Ր ԵՒ ՓԱՌԱՊԱ՛ՆԾ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՕՐՆ Է»

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր
Գրիգոր Պետրոս Ի.
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Կաթողիկոս Պատրիարքին
Զատկուան Քարոզը`

 

Այսօր Լուսաւո՛ր եւ Փառապա՛նծ Յաղթութեան Օրն Է:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Սիրելի՛ եւ պատուական հայրենակիցներ,

Կիները Յիսուսի գերեզմանը կ՛երթան, եւ իրարու կ՛ըսեն. «Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի գերեզմանին դրան վէմը…»:

Նայեցան եւ տեսան, որ վէմը արդէն թաւալեցուցեր էին գերեզմանին վրայէն, որովհետեւ շատ մեծ էր: Կիները խռովեցան եւ սաստիկ վախցան:

Կիներուն այս հարցումը արդեօք մենք մեզի չե՞նք ըներ, երբ ծանր դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք:

«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի այս վէմը», երբ կը տեսնենք, որ չենք ըներ բարին` որ կ՛ուզենք, երբ կը գործենք չարը` որմէ կ՛ուզենք խուսափիլ. ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս՝ «չեմ ըներ բարին, որ կ՛ուզեմ, այլ կը գործեմ չարը, որ չեմ ուզեր» (Հռոմ.
7, 19):

Այս վէմը, որ կ՛արգիլէ ինծի Յիսուսին հասնիլ, մի՞թէ մեղքերուս վէմը չէ, որ սրտիս վրան է, մի՞թէ եսասիրութիւնս չէ, որ կը ճնշէ խղճիս վրայ` արգիլելով ինծի, որ յառաջանամ շնորհքի կեանքին մէջ:

Կիները գերեզման կ՛երթան մեռե՛լ մը օծելու համար, դիա՛կը Անոր, զոր այնքան սիրեցին եւ որ Աստուծոյ արքայութիւնը կը քարոզէր:

Վէմին ետեւը տեսան հրեշտակ մը, որ կ՛ըսէր իրենց. «Մի՛ վախնաք, դուք կը փնտռէք Յիսուս Նազովրեցին` Խաչեա՛լը, հոս չէ՛, յարեա՛ւ, ահաւասիկ տեղը, ուր զինքը դրին: Բայց դուք գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ` ահաւասիկ կը կանխէ ձեզ եւ Գալիլիա կ՛երթայ, հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսէր էր ձեզի» (Մրկ. 16, 6-7):

Մեր քարոզած Քրիստոսը մեռած կ՛ըլլայ, եթէ մեզի համար լոկ հի՛ն յիշատակ մըն է. բայց Յարուցեալը մեր առջե՛ւն է, մեր ներկա՛ն է, մեր ապագա՛ն, ոչ թէ մեր անցեալը: Ի՛նքն է որ այսօրուան պատմութիւնը կը գրէ: Թերեւս պիտի նախընտրէինք մեռած եւ հանգստացնող խօսք մը լսել Իրմէ, քան թէ խանգարող, մեզ խրախուսող եւ դրդող հրաւէր մը:

Յարութեան շնորհքն է, որ վէմը կը թաւալեցնէ, վէմը մեր մեղքերուն եւ եսասիրութեան: Մեր դէմը կեցած` յարուցեալ Քրիստոսը` Իր լոյսին զօրութեամբ, այս վէմը կը թաւալեցնէ` փարատելով մեր տարակոյսները, մեր յուսալքումները եւ մեր վախերը:

Ապաշխարութեան եւ ողորմութեան խորհուրդն է, որ կարող է աստուածայի՛ն ուժով տապալել մեր կեանքի բոլո՛ր արգելքները եւ լուսաւորել մեր առօրեայ ճանապարհը:

Սուրբ Պօղոսն է, որ կը գրէ. «Կը յիշեցնեմ ձեզի եղբայրներ Աւետարանը, զոր քարոզեցի ձեզի` թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար. թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ. երեւցաւ Կեփասին (Պետրոսին) եւ ապա տասներկուքին, յետոյ աւելի քան հինգ հարիւր եղբայրներուն, յետոյ երեւցաւ Յակոբի եւ բոլոր առաքեալներուն, ի վերջոյ իբրեւ նուաստ մէկուն` երեւցաւ նաեւ ինծի, որովհետեւ ես տրուպն եմ առաքեալներուն, արժանի չեմ նոյնիսկ կոչուիլ առաքեալ, որովհետեւ հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին» (1 Կոր. 15, 1-9):

Եւ կը յարէ. «Արդ, ե՛ս կամ անո՛նք, մենք այսպէ՛ս կը քարոզենք, դուք այսպէ՛ս հաւատացիք (1 Կոր. 15, 11):

«Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, ընդունայն է մեր քարոզութիւնը, ընդունայն է նաեւ ձեր հաւատքը» (1 Կոր. 15, 14):

«Արդարեւ, ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսով` ամէնքը պիտի վերակենդանանան» (1 Կոր. 15, 22):

Մեր հայրերուն, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք դարերէ ի վեր կը նահատակուին եւ այսօր ալ կը հալածուին իրենց հաւատքին եւ Քրիստոսի անունին հաւատարիմ մնալու համար, կրկին լսենք յարուցեալ մեր Տիրոջ մխիթարական խօսքը. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ.  16, 33):

Օրն է այսօր, լուսաւո՛ր եւ փառապա՛նծ յաղթութեան, որովհետեւ Քրիստոս խաչե՛ց մահը, պայծառացո՛ւց կեանքը եւ անմահութիւնը: Ան մեզ կ՛անցընէ` գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս, գերութենէն դէպի ազատում:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, երկու հազարամեայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ այսօրուան բոլոր քրիստոնեաներուն հետ, խոր հաւատքով, մեծ յոյսով եւ վառ սիրով եւ անհուն ուրախութեամբ հռչակենք յաչս աշխարհի`

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.

օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

 

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը
հանդիսապետեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնի Սուրբ Պատարագին

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին հանդիսապետեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին նուիրուած սուրբ Պատարագին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Ս. Պատարագը սկսաւ հայրապետական թափօրի հանդիսաւոր մուտքով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ: Առընթերակայ պատարագակիցներն էին Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

Յընթացս սուրբ Պատարագին֊ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով հաւատացեալներուն ուղղած քարոզին մէջ հաստատեց, որ Յարութեան տօնը լուսաւոր եւ փառապա՛նծ յաղթութեան օր է։ Ան մեզ կը փոխադրէ գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս (Քարոզը ամբողջութեամբ՝ նախորդ էջերուն մէջ)։

Յընթացս սուրբ Պատարագին հաւատացեալները ճաշակեցին Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող սրբազան հացն ու գինին: Հաղորդութեան աւարտին Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը օրհնելէ ետք ժողովուրդը, եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց ներկայ հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները: Յետ միջօրէին եւ յաջորդ երկու օրերուն եւս Հոգեւոր Տէրը Զատկուան շնորհաւորութիւնները ընդունեց պատրիարքարանի դահլիճին մէջ: