ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Յընթացս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնի սուրբ Պատարագին՝ զոր  մատուցանեց Պուրճ Համուտի  Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 16 ապրիլին, ի ներկայութեան հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի օգնական Եպիսկոպոս Արհի. Գէորգ Ասատուրեան տուաւ հետեւեալ քարոզը։

 

Քառասուն օր ծոմապահութենէ ետք, աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները ցնծութեամբ կը տօնակատարեն Քրիստոսի փառաւոր յաղթանակը՝ ապացուցանելու համար թէ ի՛նքն է մեր Աստուածն ու Փրկիչը, որ աշխարհ եկաւ՝ մեզ անձնապէս փրկելու համար: Քրիստոսի այս յաղթանակին նշումը սպասուած օրն է աշխարհի ստեղծումէն ի վեր:

Յարութիւնը քրիստոնեայ կրօնքին հիմնական ճշմարտութիւնն է, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոս առաքեալը իր կորնթացիներուն ուղղած առաջին թուղթին մէջ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չ՚առաւ, մեր քարոզութիւնը ընդունայն է, ընդունայն է նաեւ ձեր հաւատքը: Եթէ Քրիստոս յարութիւն չ՚առաւ , ուրեմն ի զուր է ձեր հաւատքը եւ դուք տակաւին կը մնաք մեղքերու մէջ…: Եթէ մեր յոյսը Քրիստոսի վրայ՝ միայն այս կեանքին համար է, մենք բոլոր մարդոց մէջ, ամէնէն ողորմելիներն ենք» ( 1 Կոր 15, 14-19):

Առաքեալները իրենք զիրենք գերազանցուած զգացին իրենց փոխանցուած պատգամէն: Անցած եղելութիւնները բացատրելու անոնց հոգը փարատեցաւ իրենց կարողութեամբ՝ լուծելու պատգամին բովանդակութիւնը:

Յարութիւնը կեանքի անըմբռնելի իրողութիւն մըն է, միաժամանակ կեանքի շարունակութիւն, քանի որ ան տրամաբանօրէն կ՚արձանագրուի Քրիստոսի ամբողջ կեանքին մէջ : Ան նման է Ծնունդին:

Յարութեան հաւատքը կը սնուցանէ իւրաքանչիւր անձի թաքուն կերպով փայփայած յոյսը: Մարդը հաճոյք կը ստանայ շնչելով եւ ապրելով, եւ ամենամեծ վիշտերուն ու ցաւերուն մէջ անգամ ան կը նախընտրէ չարչարուիլ քան մեռնիլ։ Հետեւաբար, ան խորապէս կը հաւատայ թէ իրեն համար ներկայ կեանքը աներեւակայելի իրողութիւններու մասնակցութիւն մըն է, այն աստիճան, որ երբ ան դէմ յանդիման կը գտնուի մահուան, զայն կը նկատէ անընդունելի պահ մը եւ անկէ վախնալով՝ կը փորձէ խուսափիլ անկէ:

Եթէ մարդը չի հաւատար անմահութեան, ան պիտի չկարենայ նաեւ սիրել։ Այր մարդը բնականաբար կը սիրէ կին արարածը, ծնողքը՝ իր զաւակը։ Սէրը աստուածապարգեւ շնորհք մըն է։ Ով որ այս աշխարհիս վրայ սիրած է, պիտի շարունակէ սիրել եւ սիրուիլ յաւիտենական կեանքին մէջ:

Անշուշտ, Քրիստոսի եւ մեր յարութեան հաւատքը կը բախի այն դառն իրողութեան, թէ երկու հազար տարիներէ ի վեր, չարը տակաւին ներկայ է տարբեր երեւոյթներով, ինչպէս ատելութիւնը, բռնութիւնը, պատերազմներն ու անարդարու-թիւնը: Թէեւ յարութիւնը յաղթահարեց չարի ազդեցութեան եւ տիրապետութեան ամենուրեք եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ, սակայն ան վերջ չտուաւ բոլոր չարիքներուն եւ ոչ ալ անարդարութիւնը եւ աղքատութիւնը ջնջեց:

Այսուհանդերձ, երբ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, ինքնաբերաբար կը հաւատանք Անոր յաղթանակին մահուան վրայ եւ այսպէսով մենք իսկական վկաներ կը դառնանք այս սքանչելի յաղթանակին, որ ֆիզիքական յաղթանակ մը չէ՝ այլ հոգեւոր. ան աստուածային մուտքն է մեր սրտերուն մէջ քանի որ յարութիւնը մէկնակէտն է աշխարհիս բոլոր ազգերուն աւետարանացման:

Երբ կ՚անդրադառնանք թէ հաւատքը կը բխի մեր սրտերէն, մենք կը գիտակցինք թէ Տէր Աստուած խոր սիրով մարդն ու աշխարհը ստեղծեց, եւ երբ զրկուինք այդ Սէրէն, բոլորս կը դատապարտուինք դժոխքի բոցերուն: Քրիստոսի պատգամը տառապանքի պատգամ մը չէ, այլ սիրոյ եւ փրկութեան պատգամ մը:

Յարութեան հաւատքը քրիստոնեաներուն կու տայ սիրոյ ուժը եւ յոյսի քաջութիւնը: Յարուցեալ Քրիստոսով մենք չենք ընկղմիր ճակատագրապաշտութեան, համակերպման եւ ըմբոստութեան մէջ, այլ մենք կը հաւատանք թէ մեր աղօթքի եւ մարդկային, հոգեւոր ու ընկերային ուժերով, Աստուած մեզի կը պարգեւէ մահուան ընթացքը փոխելու շնորհքը եւ կեանքին` հաւատքով, սիրով ու յոյսով նայելու կարողութիւնը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.

օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

 

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի
Հայ Կաթողիկէ Թեմին