ՊԱՊԸ ԱՈՒՆԻՆ ԽՈՍՏԱՑԱՒ ԱՅՑԵԼԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆ

ՊԱՊԸ ԱՈՒՆԻՆ ԽՈՍՏԱՑԱՒ ԱՅՑԵԼԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆ

Նախագահ Միշել Աուն իր Եւրոպա առաջին պաշտօնական այցելութիւնը սկսաւ Վատիկանէն։ Արդարեւ, 16 մարտ 2017, հինգշաբթի ան ընդունուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետէն։ «Լիբանան պիտի այցելեմ եւ պիտի աղօթեմ իրեն համար» ըսած է Պապը Նախ. Աունին, որ Հանրապետութեան նախագահութեան Թուիթըրի էջին վրայ, Վատիկանէն վերադարձին կը գրէր.- «Համակեցութեան Լիբանանը յատուկ տեղ մը կը գրաւէ Ֆրանչիսկոս Պապի սրտին մէջ։ Ան պիտի ընդառաջէ Մայրիներու երկիր այցելելու հրաւէրին»։

Հռոմ ժամանումին կատարած յայտարարութեան մէջ, նախագահ Աուն շեշտած էր Սրբազան Պապին հետ իր հանդիպումին կարեւորութիւնը եւ ընդգծած էր Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռին հետ՝ Լիբանանին, իր բոլոր համայնքային բաղկացուցիչներով, յարաբերութիւններուն սերտութիւնը։ «Արեւելքի քրիստոնեաները, որոնք այսօր դժուարին պայմաններու տակ կը գտնուին շրջանի մը մէջ որ օրրանն է քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան միաժամանակ, այս այցելութեան մէջ կը տեսնեն յոյսի նշոյլ մը որ կը հաստատէ թէ Լիբանան միշտ պիտի մնայ Արեւելքի եւ աշխարհի ապագային հզօրագոյն օրինակը» ըսած էր Հանրապետութեան նախագահը։

Պապին հետ հանդիպումէն ետք, նախ. Աուն հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։

Նախ. Աունի Վատիկան այցելութեան աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է Լիբանանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ շարունակուող ջերմ յարաբերութիւնները եւ ընդգծուած է Եկեղեցւոյ պատմական եւ կառուցակարգային դերը լիբանանեան կեանքէն ներս։ Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Սուրիոյ իրավիճակին եւ բարձր գնահատուած է Լիբանանի գործադրած ջանքերը ի խնդիր սուրիացի գաղթականներու հիւրընկալութեան։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայ կացութեան ընդհանրապէս։

Նախքան Վատիկանէն Լիբանան վերադարձը, Հանրապետութեան նախագահը Վատիկանի ձայնասփիւռին շնորհած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ որ իր այցելութեան նպատակն էր Վատիկանին հետ հոգեւոր յարաբերութիւններու ամրապնդումը։ Ան նշեց որ Եւրոպայի հետ Լիբանանի յարաբերութիւններու շրջագիծէն ներս ամէնէն սերտ յարաբերութիւնները Վատիկանի եւ Պապին հետ են։ Ան նշեց որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը բաւական վատթարացած է Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած գաղթականներու թիւին պատճառով։ Նախ. Աուն հաւաստիացուց որ Լիբանան կը պահէ պատգամի երկիր մը ըլլալու իր իւրայատկութիւնը, աւելցնելով որ Լիբանան կը պահպանէ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան սկզբունքները եւ կը մնայ տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան։ Եւ վերջապէս, ան ըսաւ որ Լիբանան քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններուն միջեւ հանդիպման կեդրոն է։