Լիբանանահայութիւնը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը նահատակներու կտակին եւ կառչածութիւնը Հայութեան արդար իրաւունքներուն

Լիբանանահայութիւնը  վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը նահատակներու կտակին եւ կառչածութիւնը Հայութեան արդար իրաւունքներուն

24 ապրիլին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը անգամ մը եւս ժամադրավայրն էր բազմահազար լիբանանահայերու, որոնք այդ վայրին մէջ իրենց սուրբ նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու, անոնց կտակին նկատմամբ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու, Հայ դատի լուծման ի խնդիր տարուող պայքարին զօրակցութիւն յայտնելու զուգահեռ, եկած էին համայն աշխարհին յայտարարելու, որ հայը ներկայ է եւ համախմբուած, հայը զօրեղ է եւ մեծաթիւ, հայը կրնայ թուրքին, երեսին գոռալ որ լրիւ ձախողած է, միջազգային ընտանիքին եւ բոլոր պետութիւններուն լսելի դարձնել իր ձայնը` արդարութիւն, ճանաչում եւ հատուցում պահանջելով:

Ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ` նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի, կիներու հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, երեսփոխաններ Արթիւր Նազարեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Ղասսան Մուխայպեր, Նետիմ Ժեմայէլ, նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Սեպուհ Յովնանեան, Վրէժ Սապունճեան, Փանոս Մանճեան եւ Նիքոլա Սահնաուի, նախկին երեսփոխան Նուրիճան Տեմիրճեան, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, «Սոտեթել»ի տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան, Անթիլիասի քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէ, Շիյահի քաղաքապետ Էտմոն Ղարիոս եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, լիբանանեան քաղաքական ուժերու, ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանքի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Մարատա հոսանքի, Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Մուսթաքպալ հոսանքի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, Ղովմի կուսակցութեան, Իթթիհատ կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական կրթական, մշակութային, տնտեսական ու ընկերային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հազարաւոր լիբանանահայեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մատլեն Վարդանեան: Ան իր խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ այսօրուան հրամայականը եւ հայու պատասխանատու կեցուածքը կը կայանան ո՛չ միայն հայ ըլլալու, այլեւ հայ զգալու եւ մանաւանդ կամովին պահանջատէրի յանձնառութեան տակ մտնելու մէջ:

Արաբերէնով ներկայ հիւրերը ողջունեց եւ օրուան յայտագիրը ներկայացուց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

ՍԴՀԿ-ի խօսքը ուղղեց Անի Եփրեմեան, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ գոյութիւն ունի հանգոյց մը, որ աւելի կնճռոտ կրնայ նկատուիլ Գորդեան հանգոյցէն եւ աւելի քան հարիւր տարիէ կախուած է օդին մէջ, եւ որ կը կոչուի Հայ դատ: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան կեանքին մէջ միշտ ալ առկայ եղած են ամէն տեսակի դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, բայց եւ այնպէս ապագայի յոյսն ու ազգային ակնկալութիւնները չեն մեռած նոյնիսկ մեր պատմութեան ամէնէն մութ եւ դաժան շրջաններուն: Իր խօսքի եզրափակիչ մասով Անի Եփրեմեան յայտնեց, որ ապագայի հարցերը կրնան լուծուիլ, երբ գիտենք, թէ ի՛նչ կ’ուզենք, ինչպիսի՛ միջոցներու եւ մարդուժի կարիք ունինք, ինչպէ՛ս կրնանք այդ կարիքները հոգալ եւ անոնց գործածութիւնը կառավարել, որպէսզի մեր ուժով տնօրինենք մեր ապագան:

Խօսք առաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Բարսեղեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայութեան պայքարի զէնքը աւելի զօրաւոր է, քան հիւլէական ռումբը: Այդ պայքարի զէնքը հայութեան հաւատքն է, կամքը, մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը: Լեւոն Բարսեղեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը իր վրէժը կը լուծէ զօրացնելով իր հայրենիքը` Հայաստանը, զօրացնելով հայկական հերոս բանակը, սփիւռքի մէջ պահելով հայոց լեզուի ու հայ մշակոյթի ներուժը, եւ վերջապէս` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միակամ ու միասնակամ աշխատանքով:

Ան դիտել տուաւ, որ վերջին տասնամեակներուն` Ցեղասպանութեան միջազգային ոճիրը դատապարտող ու անոր կանխարգիլումին ձգտող պատմական ճշմարտութեան ու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, պահանջին շուրջ բարձրացած լռութեան միջազգային պատուարը սկսած է քանդուիլ, եւ աւելի քան 30 պետութիւններ դարձած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի ջատագովներ:

Այս առիթով խօսք առին նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ։

DT2

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի փոխանցեց նախագահին եւ վարչապետին հայրենասիրական ողջոյնները` լիբանանահայութեան, որ «մեզի սորվեցուց, թէ նահատակութիւնը եւ տառապանքները կրնան ըլլալ ապագայ սերունդները առաջնորդող լոյսի ջահեր»: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը ո՛ւր ալ գտնուած է, միշտ եղած է արժանապատիւ, կրթեալ, ազատատենչ, վեհանձն` գլուխը միշտ բարձր պահելով: «Երբ հայութիւնը Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս կամ որեւէ այլ երկիր եկաւ, հոն եղաւ իբրեւ արժանապատուութեան տէր, ճակատաբաց ազգ մը, որ ո՛չ մէկ օր մուրաց, այլ աշխատեցաւ տարբեր արհեստներու, առեւտուրի, գիտութեան եւ այլ մարզերուն մէջ` տուեալ երկիրը ներկելով վառ եւ գեղեցիկ գոյներով»: Ան հաստատեց, որ հայկական աղէտը մարդկային աղէտ է, եւ միշտ ալ հարցական եղած է այն, թէ մարդկութիւնը, տարբեր պետութիւններ, միջազգային ընտանիքը ինչպէ՛ս արտօնած են, որ նման սպանդ արձանագրուի պատմութեան մէջ:  Բայց եւ այնպէս նոյն ատեն այս ողբերգութիւնը եղաւ իսկական լոյսի փարոս մը Լիբանանի համար, որ օգտուեցաւ հայ ժողովուրդի պայքարի, բարոյական, գիտական ու մշակութային փորձառութենէն: Լիբանանի մէջ հայը դարձաւ լիբանանցի եւ լիբանանցի ժողովուրդին հետ համարկուեցաւ, այդ պատճառով ալ լիբանանցի ժողովուրդը կը նշէ տարելիցը այս աղէտին, որ կարծէք լիբանանցի ժողովուրդին աղէտը ըլլար: «Շրջանը ընդհանրապէս եւ լիբանանցի ժողովուրդը յատկապէս դաս պէտք է առնէ այդ աղէտէն, եւ դասն այն է, որ անարդարութեան պատճառով մեծամասնութիւնը կրնայ վերածուիլ փոքրամասնութեան, իսկ փոքրամասնութիւնը` մեծամասնութեան», եզրափակեց  նախարար Թուէյնի` յոյս յայտնելով, որ արդարութիւնը միշտ տիրական կը դառնայ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ 24 ապրիլը միեւնոյն ատեն փայլուն է եւ տխուր: «Տխուր է, որովհետեւ մեր հարազատները զոհ գացին անիրաւութեան մը` պատմութեան մէջ փաստագրուած Ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ կենդանի, մեծ, ազատ ժողովուրդ մը, որ մեր հարազատներն են, լիբանանահայերն ու աշխարհի հայերն են», նշեց ան: Երեսփոխան Ռահմէ յիշեցուց, որ Նեպիհ Պըրրին խորհրդարանի նախագահն էր, երբ 2000-ին Լիբանանի խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան յայտնեց, որ այդ որոշումը որդեգրուեցաւ, որովհետեւ արդար էր, իսկ արդարութիւնը հարուած է անարդարութեան, «մանաւանդ որ հայերն ու ազատութիւնը երկուորեակներ են, անոնք մեղեդիի եւ լարի նման են, ի՞նչ օգուտ ունի մեղեդին առանց լարին, եւ լար մը առանց մեղեդիի, նոյն ձեւով ալ` հայերը առանց ազատութեան, իսկ ազատութիւնը առանց հայերուն», եզրափակեց Էմիլ Ռահմէ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքարը մեր գոյութեան իրաւունքի եւ լինելութեան հարցն է: Իւրաքանչիւր հայ, համեստ բանուորէն մինչեւ քաղաքական-դիւանագիտական բարձր դիրքերու հասած դէմք, իրաւունք չունի տկարանալու իր պահանջատիրութեան մէջ: Հիմնականը համազգային մեր վճռակամութեան ամրապնդումն է` չընկրկելու, զիջումներ չկատարելու եւ միշտ իրաւատիրոջ եւ պահանջատիրոջ դիրքերէն խօսելու:

Ապրիլ 24-ի այսօրուան իմաստին եւ թելադրականութեան մասին խօսելով` Աւագեան շեշտեց, որ «ապրիլ 24-ը օրն է հայութեան թշնամիներուն յստակ դարձնելու, թէ կարմիր ջարդով սփիւռք դարձած, սփիւռքով սպիտակ ջարդի ենթարկուած հայ ժողովուրդի զաւակները ունին բաւարար յանձնառութիւնն ու պատրաստութիւնը Թուրքիայէն հաշիւ պահանջելու մեր կեանքի բոլոր կալուածներուն մէջ, բոլոր մակարդակներուն վրայ, արտաքին աշխարհի բոլոր ճակատներուն վրայ:

Ապա, Թուրքիայէն հայութեան ունեցած պահանջներուն մասին խօսելով` Աւագեան ըսաւ. «Թուրքիա կա՛մ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը դատապարտէ կատարուած Մեծ Ոճիրը եւ կը ստանձնէ անոր հետեւանքներուն սրբագրումը, եւ կա՛մ կը շարունակէ ժխտել Ցեղասպանութեան փաստը եւ հանդէս կու գայ միջազգային յանցագործութեան մը իրաւական յաջորդի եւ շարունակողի դերով: Ընտրութիւնը չափազանց դժուար է եւ սակայն միակ միջոցն է այս հարցին մօտեցման: Ան Թուրքիոյ վարիչներէն կը պահանջէ խիզախութիւն եւ իրապէս նոր մտածողութիւն։ Իր խօսքին երկրորդ մասով, Աւագեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին Հայաստանի, Արցախի, Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու պարզած իրավիճակին եւ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Հայ դատին ի նպաստ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Այսօր ունինք անկախ պետականութիւն, զինեալ ուժեր եւ «ազգ-բանակ» հասկացողութեամբ գործելու պատրաստ հայ հասարակութիւն:

Ապա խօսք առաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ 102 տարի ետք Թուրքիոյ վարած ուրացման եւ ժխտողական քաղաքականութիւններէն ետք կը համախմբուինք բարձրաձայն յայտարարելու, որ կեանքը մահուան կը յաղթէ, արդարութիւնը պարտութեան կը մատնէ կուտակուած անցեալը, ուրացման համաճարակները եւ անտարբեր քաղաքականութեան գործադրումը:

Մահուան դէմ վրէժով տոգորուած հայ ժողովուրդը իր յոյսը չդրաւ պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութեան վրայ, ո՛չ ալ ինքզինք իբրեւ զոհ ներկայացուց, այլ անցած տարիները ցոյց տուին, որ հայոց ինքնութեան պատմութեան մէջ կայ խարսխուած ճշմարտութիւն մը, քանդակուած ազգային յիշողութիւն մը, եւ մարդկային իսկական յարութիւն մը, որ չի սրբուիր կարգաւորումներով ու մասնակի լուծումներով, եւ պատմական փորձը չ՛ազդուիր արտաքին տուեալներու գործօններով:

Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակէ ամէն օր` լրատուական-տեղեկատուական դաշտերուն ընդմէջէն, իր արուեստով, քաղաքական բեմերով, միջազգային ատեաններով, որպէսզի Թուրքիան տեղադրուի ուրացումի, պատմութեան խեղաթիւրման եւ ոճրագործի իր հանգամանքին մէջ: Փ. Հայտոսթեան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք վերանորոգելու մեր յարգանքը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, եւ մանաւանդ վերաթարմացնելու մեր յիշողութեան մէջ մեր մայր հայրենիքի բռնագրաւուած 350 հազար քմ. տարածքը, հազարաւոր տուներու բռնազաւթումը, պատմական, կրօնական ու մշակութային անհամար ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու կորուստը: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հայ դատի պարունակին մէջ եկէք յիշենք, որ մեր դպրոցը մեր կենդանի յիշողութիւնն է, յարութիւնը մեր յոյսն է, ստեղծագործելը մեր հրաւէրն է, իսկ արդարութիւնը` յաղթանակի մեր բաժակը»:

DT3

Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան: Ան իր խօսքը ուղղելով աշխարհի պետութիւններուն, կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը արդէն ապրած է փորձառութիւնը այն բռնարարքներուն, որոնք կ’արձանագրուին մեր շրջանին մէջ, սակայն հայ ժողովուրդին խմած բաժակը աւելի դառն էր, եւ երբ երկու պարագաները բաղդատենք, կը տեսնենք, որ տարբերութիւնը մեծ է, որովհետեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կատարած արարքները քիչ են բաղդատմամբ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հայ ժողովուրդին դէմ կատարածին: Մէկ այլ տարբերութիւնն ալ այն է, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կ’ընդունին իրենց գործած յանցագործութիւնը, մինչ 1,5 միլիոն ժողովուրդը սպաննողը կը ժխտէ զայն:

Արաբերէնով արտասանած ին խօսքին մէջԳէորգ Եպս. Ասատուրեան հաստատեց, որ ամեակները չեն կրնար ծածկել իրականութիւնը, պատմութիւնը չի ջնջուիր գերպետութիւններու անտարբերութեան խաղերով` ժողովուրդներու արդար դատին հաշուոյն, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը սոսկ անցողիկ յիշատակ մը չէ, որ ամէն տարի կը կրկնուի, այլ ընդհակառակը` համաշխարհայնացման այս դարուն տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան դաշտի զարգացումը առաւել պիտի ընդարձակէ հայ ժողովուրդին կարելիութիւնները` պահանջատիրական իր գործընթացին մէջ բացայայտելով տարբեր իշխանութիւններու հանրային կարծիքը կեղծելու եւ պղծելու բոլոր միջոցները:

Ան նշեց, որ պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի իր արդի դիմագիծով` օգտագործելով արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւնները` բացայայտելու ճշմարտութիւնը, պատմական տուեալները եւ յստակացնելու ներկայ կացութեան իսկական պատկեր:

Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Համաշխարհայնացումը դարաշրջանի զարգացման երեւոյթ է, որուն պարունակած մշակութային, տեղեկատուական, տնտեսական եւ քաղաքական համակարգերուն մէջ, մշակութային երեսը շեշտելն ու աշխարհին ներկայացնելը ազդու միջոցն է խլուած իրաւունքները քաղաքակիրթ կերպով պահանջելու եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ցոյց տալու այդ պահանջներու իրաւացիութիւնը»:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան զոհերը չյիշելը կը նշանակէ դաւաճանութիւն գործել մեր պատմութեան հանդէպ, իսկ յիշելը կը նշանակէ` անոնց ոգեղինացած ներկայութեան մէջ դիտել մեր կեանքը, քննել մեր ազգային հաւատարմութեան հասկացողութիւնը եւ վաղուան պատմութիւնը կերտելու պատասխանատուութեամբ կշռել մեր հայրենասիրութեան որակը: «Անոնց յիշատակը պէտք է ուղղութիւն տայ մեր կեանքին, մեզ առնչէ մեր ազգային երազներուն ու ձգտումներուն եւ մեր հաւատքը ուղղէ դէպի հայրենիք, որպէսզի մենք կարողանանք վաղուան մեր կեանքը կառուցելու յանձնառութեամբ վարուիլ մեր գոյութեան հետ այստեղ` Լիբանանի մէջ եւ ամենուրեք», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Առաջնորդ Սրբազանը նշեց. «Աղօթենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն սրբալոյս յիշատակը հեղ մը եւս լուսաւորէ մեր կեանքի ընթացքը, որպէսզի դարերու փոթորիկներուն դիմացած մեր ժողովուրդը, աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ եւս, անխախտ պահէ իր նահատակներուն կտակը եւ ամրացնէ իր հաւատքն ու բարոյական վիճակը, եւ տարուէ տարի իր ազգային գիտակցութիւնը նորոգելով հասնի արդարութեան պսակին»:

Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի արուեստագէտ Զարուհի Բաբայեան եւ լիբանանահայ անուանի երաժիշտ եւ յօրինող, դաշնակահար Կի Մանուկեան: