1917 – 2017 – 100 ամեակը Աստուածամօր երեւումներուն Ֆաթիմայի մէջ (3)

1917 – 2017 – 100 ամեակը Աստուածամօր երեւումներուն Ֆաթիմայի մէջ (3)

13 Մայիս 1917
Աստուածամօր Երեւումը «Ես Երկինքէն եմ»

Կիրակի, 13 մայիս 1917։ Բենեդիկտոս ԺԵ. Սրբազան Քահանայապետը կը փակէ իննօրեայ աղօթքը ուղղուած Աստուածամօր, որպէս դիտաւորութիւն ունենալով համայն աշխարհի խաղաղութիւնը: Աստուածամայրը չուշանար պատասխան տալու ինն օրեր շարունակ կատարուած աղօթքներուն ու պաղատանքներուն: Արդարեւ, միեւնոյն օրն էր որ երեք մանուկները՝ Լուչիան, Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան, իրենց սովորութեան համաձայն, ծնողքներուն հետ միասին, կ՛ուղղուին եկեղեցի մասնակցելու սուրբ Պատարագին: Կիրակնօրեայ պատարագները սրբազան արարողութիւն կը նկատուէին գիւղի բնակիչներուն համար: Պատարագէն ետք, փոքրիկները կը վերադառնան տուն, կ՛առնեն իրենց ճաշի պայուսակները, եւ դաշտ կ՛ուղղուին ոչխարները արածելու, այն շրջանը որ կը կոչուի Կուվէիա (Gouveia): Լուչիան, ամենամեծն ըլլալով, միշտ ինք կ՛ընտրէր վայրը ուր պէտք է ոչխարները արածէին: Ան կ՛ընտրէ իր ծնողքին պատկանող հողամաս մը, որ կը կոչուի Գովա Տա Իրիա (Cova da Iria), այսինքն Իրիայի գերեզմանը, ի յիշատակ սրբուհի Իրէնէյի որ նախընտրեց մեռնիլ քան իր կուսութիւնը կորսնցնել: Անոնք դանդաղ կը քալէին, հսկելով ոչխարներուն վրայ, եւ կէսօրուայ մօտերը կը հասնին այն վայրը ուր նպակադրած էին հասնիլ: Կը բանան իրենց պայուսակները, կը խաչակնքեն, տէրունական աղօթքը կ՛արտասանեն, եւ կը ճաշեն, չմոռնալով բաժին մը պահել երեկոյեան ժամերուն համար, նախքան իրենց վերադարձը տուն: Ճաշէն ետք, ամէն անգամուայ պէս, կ՛աղօթեն սուրբ Վարդարանը, եւ կը խաղան ժամանակ անցընելու համար: Եւ մինչ անոնք այս ամէնօրեայ աւանդական մթնոլորտին մէջ էին, յանկարծ փայլակ մը կը տեսնեն: Զարմանքով իրենց շուրջը կը նային, կարծելով թէ պիտի անձրեւէ, բայց երկինքը ամպոտ չէր, ընդհակառակը արեւը կը շողար եւ օդը տաք էր: Անոնք կ՛որոշեն տուն դառնալ: Կը համախմբեն ոչխարները, եւ տան ճամբան կ՛առնեն: Հազիւ քիչ մը յառաջացած, անգամ մը եւս կը տեսնեն փայլակը, ինչպէս նաեւ Տիկին մը ճերմակ զգեստներով ու լոյսով շրջապատուած: Անակնկալի եկած այս տեսարանին առջեւ, անոնք մէկ ու կէս մեթր հեռաւորութեամբ կը կանգնին:

«Մի՛ վախնաք, ձեզի վնաս պիտի չհասցնեմ», կ՛ըսէ Տիրամայրը:

«Ուրկէ՞ կու գաս» կը հարցնէ Լուչիան:

«Ես Երկինքէն եմ» կ՛ըսէ Տիրամայրը:

«Եւ ի՞նչ կ՛ուզես մեզմէ» կը հարցնէ

«Եկայ ձեզմէ խնդրելու որ վեց ամիս շարունակ, տասներեքերորդ օրը եւ այս միեւնոյն ժամուն հոս գաք: Ապա ձեզի պիտի ըսեմ ես ո՞վ եմ եւ ի՞նչ կ՛ուզեմ: Պիտի գամ եօթներորդ անգամ մը եւս», կ՛ըսէ Տիրամայրը:

«Իսկ ես Երկինք պիտի երթա՞մ» կը հարցնէ Լուչիան:

«Այո՛, պիտի երթաս» կը պատասխանէ Տիրամայրը:

«Եւ Յակինթա՞ն» կ՛ըսէ Լուչիան:

«Այո՛» կ՛ըսէ Տիրամայրը:

«Եւ Ֆրանչիսկո՞սը» կը հարցնէ Լուչիան:

«Այո՛, սակայն պէտք է շատ աղօթէ Վարդարանը» կ՛ըսէ Տիրամայրը:

Լուչիան կը հարցնէ նաեւ ուրիշ երկու աղջիկներու մասին, որոնք մահացած էին՝ Մարիա (16 տարեկան) եւ Ամէլիա (19 տարեկան): Տիրամայրը կը պատասխանէ ըսելով. «Մարիան Երկինքն է, իսկ Ամէլիան Քաւարանին մէջ պիտի մնայ մինչեւ Աշխարհի վերջը»: Ապա կը շարունակէ.- «Կ՛ուզէ՞ք դուք ձեզ նուիրել Աստուծոյ, հանդուրժելով բոլոր տառապանքներուն որոնց պիտի հանդիպիք, որպէս հատուցում այն մեղքերուն որոնցմով Ինք նախատուած է, եւ որպէս պաղատանք մեղաւորներուն դարձին համար»:

«Այո՛, կ՛ուզենք» կը պատասխանեն անոնք:

«Ուրեմն, շատ պիտի տառապիք, սակայն Աստուծոյ շնորհքը պիտի ըլլայ ձեզի զօրավիք», կ՛ըսէ Տիրամայրը իր ձեռքերը բանալով: Մանուկները կը ծնրադրեն աղօթելով հետեւեալը.

«Ով Ամենասուրբ Երրորդութիւն, քեզ կը պաշտեմ:
Իմ Աստուածս, իմ Աստուածս,
քեզ կը սիրեմ Ամենասուրբ Երրորդութեան մէջ»:

Նախքան մեկնիլը, Տիրամայրը կ՛աւելցնէ ըսելով. «Արտասանեցէք Վարդարանը ամէն օր, որպէսզի խաղաղութիւն տիրէ աշխարհին վրայ եւ վերջ գտնէ պատերազմը»: «Ե՞րբ պիտի վերջանայ պատերազմը», կը հարցնէ Լուչիան: «Չեմ կրնար ըսել հիմա, քանի որ տակաւին չըսի քեզի ինչ կ՛ուզեմ», կը պատասխանէ Տիրամայրը:

Այս խօսքերը ըսելէ ետք, ան կը բարձրանայ դէպի Երկինք: Լոյսը որ կը շրջապատէր զինք՝ կարծէք ճամբայ կը բանար իրեն: Այս առաջին երեւումը մօտաւորապէս տասը վայրկեան կը տեւէ: Ֆրանչիսկոս կը տեսնէ զինք, սակայն, ինչպէս նախորդ երեւումներուն, կարող չըլլար լսելու: Յակինթան կը տեսնէր ու կը լսէր ամէն բան, սակայն չի համարձակիր խօսելու Աստուածամօր հետ: Լուչիան է որ միայն առանձնաշնորհումը կ՛ունենայ խօսելու Աստուածամօր հետ:

Յակինթան մոռնալով իր խոստումը ոչ ոքի պատմելու, վերադարձին ամէն բան կը խոստովանի իր ծնողքին: Անոնք փորձելով Ֆրանչիսկոսէն ստուգել քրոջը ըսածները, ան եւս ամէն բան կը պատմէ: Լուրը կը հասնի Լուչիայի ծնողքին։ Լուչիան իր կարգին, սուտ չխօսելու համար, կը խոստովանի ամէն բան: Տեղեկութիւնները կը հասնին մինչեւ Ֆաթիմայի ժողովրդապետին՝ Տօմ Մանուէլ Մարքէզ Ֆէրրէրայի, որ տատամսելով կը հարցաքննէ երեք հովիւները: Անոնք՝ ազդուած վարդապետին խիստ եւ լուրջ արտայայտութիւններէն, չեն կարողանար շահիլ անոր վստահութիւնը: Ժողովրդապետը տեղեկագիր մը կը ներկայացնէ Կարդինալ Պէլոյի, Ֆաթիմայի թեմէն, որ իր կարգին կ՛որոշէ վճռական որոշում տալ:

 

13 Յունիս 1917
Մարիամի Անարատ Սիրտը

Մանուկները յայտնելէ ետք թուականները յաջորդ երեւումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենային ամէն ամսուան տասներեքին, տասնեակ մը հաւատացեալներ կը հաւաքուին Գօվա Տա Իրիա վայրը, հոն ուր Աստուածամայրը պիտի երեւնար: Լուչիայի մայրը կը նախընտրէ ներկայ չգտնուիլ, փախուստ տալու համար շշուքներէն: Մինչ ներկաները սուրբ Վարդարանը կ՛աղօթէին, Մարիամ կ՛երեւնայ փոքրիկներուն:

«Ի՞նչ կ՛ուզէք, ո՛վ շնորհազարդ» կ՛ըսէ Լուչիան:

«Կ՛ուզեմ որ յաջորդ ամսուն 13-ին գաք, Վարդարանը աղօթէք ամէն օր, եւ կարդալ սորվիք: Յետոյ կ՛ըսեմ ձեզի ի՞նչ կ՛ուզեմ»:

Լուչիա կը խնդրէ բուժումը հիւանդի մը։ Աստուածամայրը կը պատասխանէ ըսելով. «Եթէ դարձի գայ, պիտի բուժուի այս տարուան ընթացքին»:

«Պիտի խնդրենք քեզմէ որ մեզ Երկինք տանիս» կ՛ըսէ Լուչիան:

«Այո՛, կը պատասխանէ Մարիամ, Յակինթան եւ Ֆրանչիսկոսը շուտով պիտի տանիմ, սակայն դուն պիտի մնաս հոս որոշ ժամանակի մը համար: Յիսուս կ՛ուզէ քեզմէ օգտուիլ, որպէսզի զիս ճանչնան եւ սիրեն: Ան կ՛ուզէ հաստատել աշխարհին մէջ բարեպաշտութիւնը իմ Անարատ Սրտիս: Ով որ կը կատարէ այս բարեպաշտութիւնը, իրեն կը խոստանամ փրկութիւնը: Այս հոգիները պիտի ըլլան մտերիմ Աստուծոյ, նման իմ կողմէս զետեղուած ծաղիկներու` զարդարելու համար Իր Գահը»:

Տխուր ձայնով Լուչիան կ՛ըսէ. «Առանձի՞ն պիտի մնամ հոս»:

«Ո՛չ, աղջիկս: Շա՞տ կը նեղանաս: Մի յուսահատիր: Քեզ երբրեք չեմ թողուր: Իմ Անարատ Սիրտս պիտի ըլլայ քու ապաւէնդ եւ ճանապարհը որ քեզ պիտի ուղղէ Աստուծոյ» կ՛ըսէ Աստուածամայրը:

Ետքը Սուրբ Կոյսը ձեռքերը կը բանայ, ցոյց տալով ցոլքը անհուն լոյսի: Փոքրիկները իրենք զիրենք Աստուծոյ մէջ ընկղմած կը զգան: Յակինթան եւ Ֆրանչիսկոս ինքզինքնին կը գտնեն դէպի երկինք բարձրացող լոյսին մէջ, իսկ Լուչիան այդ բաժինին մէջ որ դէպի երկիր կ՛ուղղուէր: Մարիամի աջ ձեռքին մէջ կը յայտնուի իր Անարատ Սուրբ Սիրտը՝ շրջապատուած փուշերով, որոնք կը ներկայացնեն մարդկութեան մեղքերը: Այս լուսազարդ տեսիլքէն ետք Կոյսը բարձրանալով դէպի արեւելք կ՛անհետանայ:

Ֆրանչիսկոս հարց կու տայ թէ ինչո՞ւ ինք եւ Յակինթան դէպի երկինք բարձրացող լոյսին մէջ կը գտնուէին, իսկ Լուչիան դէպի երկինք: Լուչիան կը պատասխանէ ըսելով թէ այս նշան է Աստուածամօր խօսքին որով Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան մօտ ատենէն երկինք պիտի երթային, իսկ ինք աւելի երկար ժամանակի համար պիտի մնար երկիր:

Անոնք որոնք մօտ էին երեւման վայրին, կը նշմարեն թէ կաղնիի ոստերը, որոնց վրայ կը կանգնի Մարիամ երեւման ընթացքին, միեւնոյն ուղղութեամբ կը ծռին, եւ տեսիլքէն ետք, այսինքն Աստուածամօր մեկնումէն ետք, անոնք ետ իրենց բնական դիրքը կ՛առնեն, որով ասիկա ցոյց կու տայ թէ Մարիամ իսկական ներկայութիւն կ’ունենայ: Միմիայն երեք փոքրիկները կը տեսնեն ու կը լսեն Աստուածամայրը, մնացեալ ներկաներէն ոչ մէկը կ՛արժանանայ այս առանձնաշնորհումին: Լուչիան կը պատմէ թէ այս երկրորդ այցելութիւնը Մարիամին՝ իրենց համար կ’ըլլայ առիթ մը լուսաւորման, որով կարողացան հասկնալ թէ Աստուծոյ սէրը որքան մեծ է, թէ զոհողութիւններու արժէքը որքան ազդու է, եւ թէ Աստուած որքան կը գործէ մեղաւորներուն դարձին համար: 

F3

 

13 Յուլիս 1917
Գաղտնիքի Յայտարարութիւնը

13 յուլիս 1917-ին, չորս հազարէն հինգ հազար հոգի ներկայ կ’ըլլան Գովա Տա Իրիա: Բոլորն ալ երկիւղով ու հաւատքով Վարդարան կ՛աղօթեն եւ երբ կը վերջացնեն աղօթքը, Լուչիան կ՛ըսէ. «Ահաւասիկ կը հասնի Տիրամայրը»:

Օրուան լոյսը կը մեղմանայ, ջերմաստիճանը, որ բաւական բարձր էր, կը մեղմանայ: Քանի մը րոպէ ետք, Յակինթան տեսնելով որ իր զարմուհին լուր կեցած կը դիտէր Տիրամայրը, անոր կ՛ըսէ. «Խօսէ՛ անոր հետ: Կը տեսնես որ արդէն հոս է»:

Լուչիան խօսք առնելով կը հարցնէ Տիրամօր. «Ի՞նչ կ՛ուզէք ինձմէ, ո՛վ շնորհազարդ»:

Տիրամայրը կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ որ յաջորդ ամսուան 13-ին եւս հոս գաք, շարունակէք աղօթել Վարդարանը ամէն օր ի պատիւ Վարդարանի Տիրամօր, որպէսզի խաղաղութիւնը տիրէ աշխարհին վրայ, եւ վերջ գտնէ պատերազմը, որովհետեւ Ինք միայն կրնայ ձեզի օգնութեան հասնիլ»:

«Կ՛ուզեմ ձեզմէ խնդրել որ մեզի ըսէք թէ դուք ո՞վ էք, եւ հրաշք մը ընէք որպէսզի ամէն մարդ հաւատայ որ դուք մեզի կ՛երեւնաք» կ՛ըսէ Լուչիան:

Տիրամայրը կը պատասխանէ ըսելով. «Շարունակեցէ՛ք հոս գալ ամէն ամիս: Հոկտեմբերին ձեզի կ՛ըսեմ թէ ո՞վ եմ ես, ի՞նչ կ՛ուզեմ ձեզմէ, եւ պիտի կատարեմ հրաշք մը որ բոլորն ալ պիտի կարողանան տեսնել ու հաւատալ: Զոհուեցէ՛ք մեղաւորներուն համար, եւ յաճախ Յիսուսին ըսէք՝ յատկապէս երբ զոհողութիւն կը կատարէք.-

«Ով Յիսուս, քու սիրոյդ համար, մեղաւորներուն դարձին համար, եւ որպէս հատուցում Մարիամի Անարատ Սրտին դէմ գործուած մեղքերուն փոխարէն»:

Այս խօսքերը ըսելէ ետք, Մարիամ կը բանայ իր ձեռքերը: Լոյսի ցոլքը, որ իրմէ կ՛ելլէր, կը թափանցէ դէպի գետին: Փոքրիկները կը տեսնեն կրակի ովկիանոս մը, ուր ընկղմած էին սատանաներն ու դժոխապարտեալ հոգիները: Անոնք կը ծփային ովկիանոսին վրայ: Ցաւի եւ յուսահատութեան պոռոցներ եւ ողբի ձայներ կը լսուէին: Սատանաները, որոնք անյայտ, վախազդու ու սոսկալի անասնային պատկերներով էին, սակայն թափանցիկ նման սեւ բնածուխերու, կը տարուբերէին դժոխապարտեալ հոգիները: Զարհուրած, ու վախի զգացումներով, երեք հովիւները իրենց երեսները կը բարձրացնեն Աստուածամօր, որ կ՛ըսէ.

«Տեսաք դժոխքը ուր կ՛երթան խեղճ մեղաւորներուն հոգիները: Զիրենք փրկելու համար, Աստուած կ՛ուզէ հաստատել աշխարհին մէջ բարեպաշտութիւնը իմ Անարատ Սրտիս: Եթէ ընէք այն ինչ որ պիտի ըսեմ ձեզի, շատ մը հոգիներ պիտի փրկուին եւ խաղաղութիւնը պիտի գտնեն: Պատերազմը պիտի վերջանայ: Սակայն եթէ մարդիկ չդադրին նախատելէ Աստուած, Պիոս ԺԱ. Քահանայապետին օրերուն աւելի վատը պիտի պատահի: Երբ տեսնէք անյայտ լոյսէ մը լուսաւոր գիշեր մը, իմացէք որ Աստուծոյ մեծ նշանն է որով պիտի պատժէ աշխարհը իր ոճիրներուն պատճառաւ, պատերազմի, սովի, եւ Եկեղեցւոյ ու Սրբազան Քահանայապետին դէմ հալածանքներով: Արգիլելու համար այս բոլորը, կու գամ խնդրելու որ Ռուսիան նուիրուի իմ Անարատ Սրտիս եւ ամսուան ամէն առաջին շաբաթ օրերը կատարուի ամենասուրբ Հաղորդութեան քաւութիւն: Եթէ խնդրանքներս կատարուին, Ռուսիան դարձի պիտի գայ եւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ. թէ ոչ իր մոլորութիւնները պիտի սփռէ ամբողջ աշխարհին վրայ, յայտարարելով պատերազմներ եւ հալածանքներ Եկեղեցւոյ դէմ: Բարիները պիտի նահատակուին, Սրբազան Քահանայապետը շատ պիտի տառապի, բազմաթիւ ազգեր պիտի ոչնչանան: Աւարտին իմ Անարատ Սիրտս պիտի յաղթէ: Սրբազան Քահանայապետը ինծի պիտի նուիրէ Ռուսիան, որ դարձի պիտի գայ, եւ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն պիտի տիրէ որոշ ժամանակի մը համար: Փորթուկալի մէջ, միշտ պիտի պահպանուի հաւատքի դաւանանքը»: Եւ տալով երրորդ բաժինը գաղտնիքին, կ՛աւելցնէ. «Այս մէկը ոչ ոքի ըսէք, բացի Ֆրանչիսկոսէն»:

Ապա Տիրամայրը կ՛աւելցնէ. «Երբ Վարդարանը աղօթէք, իւրաքանչիւր Խորհուրդէ ետք ըսէ՛ք.

 

«Ո՛վ իմ Յիսուսս,
Ներէ՛ մեզի,
Ազատէ՛ մեզ դժոխքի կրակէն,
Երկինք քաշէ՛ բոլոր հոգիները,
մանաւանդ անոնք որոնք աւելիով կարիքն ունին»:

Կարճ լռութենէ մը ետք, Տիրամայրը կը բարձրանայ դէպի արեւելք: Որոտումի ձայն կը լսուի, եւ զօրաւոր հով կը փչէ, իսկ Լուչիան կ՛աղաղակէ. «Ան կ՛երթայ, կ՛երթայ»: Եւ սուրբ Կոյսը կը մեկնի: Ամբողջ ամսուան ընթացքին, մանուկները շարունակ կը մտածէին դժոխքի երեւոյթին մասին, եւ կը ջանային աւելիով աղօթքներ ու զոհողութիւններ կատարել մեղաւոր հոգիներուն համար, փրկելու համար զիրենք դժոխքէն:

 

ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ