1947-2017 – 70 ամեայ առաքեալ ու վկայ

1947-2017 – 70 ամեայ առաքեալ ու վկայ

«ՄԱՍԻՍ» իր այս թիւով կը թեւակոխէ իր 70-ամեակը։ Անոր 70 տարիներու վրայ երկարող ճանապարհին վրայ յայտնուած ելեւէջները չկրցան կասեցնել անոր երթը՝ որուն ազդանշանը տուած էր Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան, որ այս առթիւ հրապարակած իր «Թուղթ Շրջաբերական»ին մէջ կը սահմանէր «Մասիս»ի առաքելութիւնը իբրեւ «Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան» շաբաթաթերթ։ «ՄԱՍԻՍ շաբաթաթերթը, որ պիտի ունենայ այլազան բովանդակութիւն ազգային եւ միջազգային նիւթերու շուրջ, կը գրէր միջազգային համբաւի տիրացած հոգեւորականը, պիտի հասցնէ մեր սիրելի Ժողովուրդին եւ Ազգին՝ շունչը եւ արձագանգը կաթողիկէ տեսութիւններու, որոնք աշխարհիս մտաւորական թոհուբոհին մէջ ամէնէն լուսաւորներըն են. Անոնք ճառագայթումներն են Ճշմարտութեան…։ ՄԱՍԻՍ իր անունով իսկ մեր Ժողովուրդին եւ բոլոր ընթերցողներուն միտքն ու սիրտը յառած պիտի պահէ մեր հայրենի գաւառներուն ու ձիւնաթոյր կատարներուն, որոնց վայելումը եթէ տակաւին անմատչելի է Մեզի, աւելի զօրաւոր պիտի մնան սէրն ու կարօտը։ Սակայն այդ պիտի չկասեցնէ զինք քննադատելէ , ի սէր ճշմարտութեան եւ աստուածապարգեւ ազատութեան, հայրենի աշխարհին մէջ երեւան եկած ինչ ինչ օտարամուտ սխալ գաղափարաբանութիւններ։ Այս հոգւով կը կերտուին ու կը զարգանան աշխարհի մեծագոյն ազգերը…»։

Այսպէս, «Ճշմարտութեան Զէնք»ով զօրացած՝ «Մասիս» եօթանասուն տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր հիմնադրին կողմէ սահմանուած առաքելութիւնը, իբրեւ վկայ Ճշմարտութեան: Ան երկուորեակը դարձաւ «Մասիս» սարին, որուն նման կանգնած, հզօր ու կայտառ, ջանաց իր ընթերցողներուն միտքն ու սիրտը յառած պահել Մայր Հայրենիքին վրայ ինչպիսի պայմաններու ու պարագաներու տակ ալ գտնուած ըլլայ ան: Ան չսահմանափակուեցաւ իր ծննդավայրին, այլ տարածուեցաւ ամենուրեք ուր հաստատուած է հայու խլեակ մը, դառնալով փարոս ու աղբիւր հայ մտքին ու գոյութեան, օրինակ՝ հայ գիրին ու գրականութեան, հաւատքին ու աւանդութեան, մշակութային ու քրիստոնէական արժէքներուն հաւատարմութեան ճամբով Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին ծառայութեան։

Այսօր՝ եօթանասուն տարիներ ետք, «Մասիս» կը շարունակէ իր երթը շնորհիւ քաջալերանքին մարդոց որոնք կը փնտռեն ազատ խօսքը եւ կը ձգտին ճշմարտութեան: Այդ փնտռտուքն ու ձգտումը լաւապէս կը խորհրդանշէ «ՄԱՍԻՍ» անուանումը, որուն ընտրութեան բացատրութիւնը կը գտնուի թերթի առաջին՝ 1 յունուար 1947-ի խմբագրականին մէջ.-

«Նա կու գայ հնագոյն անուամբ մը, անուամբը լերան մը, որ աւելի երկնքի զուգաղորդ է քան երկրի, «խանձարոյք համագոյից սեռի» (Ալիշան): Վասնզի ըլլայ նա ուրարտական կոչումով Արարատ, ըլլայ՝ Արարչութեան թատերաբեմը առաջին, ըլլայ՝ Նախիջեւանը վերապրած մարդկութեան, է եւ պիտի մնայ յաւէտ Յուշարձանը մեր բնագաւառին որ Հայաստան կը կոչուի, որու ձեռին ալ ըլլայ, «Հայոց Մեծաց արձան» է նա աստուածակառոյց: Հոն Արեւը, ամէն ուրիշ սարերէ առաջ՝ ալեպսակ արծաթին վրայ կը թափէ իւր ոսկին, բերելով օրը նոր, հոն առաջին անգամ իր վարդափթիթ շրթներէն կու տայ համբոյրը երկրի, կու տայ իր ողջոյնը աշխարհի: Մասիս անունը հետեւաբար աւետաբեր մըն է, խաղաղութեան նշանաբան մը, ալեկոծ աշխարհի աղաւնի մը Նոյեան Տապանի, որ հոն հանգչած կ՛ըսուի հինէն եւ նորէն բանբեր մը Հայրենիքի: Այդ անունը կը խտացնէ իր մէջ ինչ որ վսեմ է կրօնական եւ ազգային տեսակէտով, ջրահեղծ աշխարհի նախօթեւանը, ուր մնացորդը մարդկութեան վերածնունդ գտաւ, վիմահասակ «կէտ կոթող» մահացուներու եւ անմահներու, որ եղաւ աստուածագիր սահմանաքարը Հայկազն Տան: Ահա այդ անունը Հայ Կաթողիկէ համայնքը կ՛ուզէ արձանացնել միաձոյլ Կրօնք եւ Հայրենիք, Աստուածասիրութիւն եւ Ազգասիրութիւն»:

Ահա թէ ինչու «Մասիս»ը առաքեալ է ու վկայ: Ան առաքեալն է կրօնքին ու Հայրենիքին, վկան է Աստուծոյ ու Ազգին։ Անոր եօթանասունամեակը առիթ կ՛ընծայէ մեզի նոր թափով ու խանդով շարունակելու այն ինչ որ սկսաւ անցեալին Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան, եւ այն ինչ որ շարունակեցին անոր մեծավաստակ յաջորդները, մնալով հաւատարիմ մէկ ու միակ մասիսեան կոչումին, որ է Ճշմարտութիւնը:

 

Ս. Կ.