ԱՐԴԻՒՆՔԻ ՍՊԱՍՈՒՄԻՆ ՄԷՋ… ՊԷՏՔ ՉԷ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ

ԱՐԴԻՒՆՔԻ ՍՊԱՍՈՒՄԻՆ ՄԷՋ… ՊԷՏՔ ՉԷ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ

Զօր. Միշել Աունին Հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, ապա յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կառավարութեան մը կազմութիւնը Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ եւ այնուհետեւ երկրին մէջ յառաջացած դրական մթնոլորտը յոյս եւ հաւատք ներշնչեցին Լիբանանի քաղաքացիներուն։ Արդարեւ, անոնք յուսացին եւ ուզեցին հաւատալ որ սկսող հանգրուանը իրենց տագնապալի վիճակի աւարտին եւ արժանավայել կեանքի մը սկզբնաւորութիւնն է։ Յիշելով որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ  Տոնըլտ Թրամբի «ինչպէս մէկը» ըլլալու մասին թղթակիցի մը հարցումին ի պատասխան՝ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսած էր թէ ինք մարդիկը չի դատեր, այլ անոնց գործը, գրած էինք որ պէտք չէ շտապել, պէտք է համբերութեամբ սպասել՝ արդիւնքի հիման վրայ դատելու համար նորընտիր իշխանութիւնը եւ անոր բաղադրեալները եւ ըստ այնմ գնահատական  տալու։

Հազիւ 4 – 5 ամիս ետք ի՞նչ արդիւնք, հարց տուողներ պիտի ըլլան բնականաբար։ Դեռ կանուխ է։ Համաձայն ենք։ Հանրապետութեան նախագահը եւ կառավարութիւնը ակնկալուած արդիւնքին սերմերը ցանելու աշխատանքին լծուած ըլլալ կը թուին։ Արտաքին քաղաքականութիւն, արաբական եւ հարեւան երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում, շրջանային խնդիրներ, գաղթականներու ներխուժում, ՏԱԷՇ եւ մասամբ նորին, պետական անվտանգութեան ապահովում, նոր ընտրական օրէնք, աշխատավարձերու վերանայում, պետական պիւտճէ։ Կուտակուած եւ կարեւոր ու անշրջանցելի օրակարգեր են անշուշտ։ Կասկածէ վեր է որ անոնց լուծումը պիտի գայ զօրացնելու Լիբանանը ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, զօրացնելու անոր գերիշխանութիւնը, միութիւնը, կայունութիւնը։ Բայց միաժամանակ, կառավարութիւնը պէտք չէ տառապահար ու տագնապահար ժողովուրդի առօրեայ կեանքին ու այլեւս անտանելի դարձած ապրուստային պայմաններուն հայող խնդիրները մոռցած, երկրորդական բլանի վրայ ձգած կամ մանրուքներ նկատած ըլլալու տպաւորութիւնը տայ։ Հանրապետութեան նախագահը բազմաթիւ առիթներով անդրադարձաւ անոնց լուծումը չուշացնելու կարեւորութեան։

Արդարեւ, քաղաքացին պէտք չէ յուսախաբ ըլլայ ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբերու, ընկերային ապահովութեան նման՝ պետութեան մը համար թերեւս «մանրուք», բայց քաղաքացիին համար առաջնահերթ խնդիրները օր առաջ լուծուած տեսնելու իր ակնկալութեան մէջ։ Վստահ եմ որ ինծի պէս շատերու համար վերոնշեալ «մանրուքներուն» լուծումը նոր ընտրական օրէնքի մը որդեգրումին հաւասար, թերեւս նոյնիսկ աւելի, կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ համոզուած չենք որ նոր կամ նորացուած ընտրական օրէնք մը անմիջականօրէն բան մը պիտի փոխէ քաղաքացիներու վիճակին մէջ։ Լաւագոյն պարագային այդ վիճակը բարեփոխելու խոստումներ տալու առիթ մը պիտի ըլլայ «նոր ընտրական օրէնք» կարկանդակէն հնարաւորին չափ մեծ պատառ մը փրցնել ջանացող քաղաքական հոսանքներուն համար։

«Մանրուքներու» լուծումը, կամ գէթ լուծումին ուղղութեամբ առնուած ամէն քայլ պիտի զօրացնէ քաղաքացիներուն վստահութիւնը իշխանութիւններուն հանդէպ, եւ հաւատքը որ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ բացուած ժամանակաշրջանը դրականօրէն տարբեր պիտի ըլլայ նախորդներէն։ Նոր ընտրական օրէնք մը մշակելու աշխատանքը պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ կառավարութիւնը ուշացնէ այդ տարբերութեան ցուցանշանները՝ յուսախաբ չընելու համար քաղաքացիները, որոնց համբերութեան բաժակին լեցուած ըլլալը սկսաւ զգացուիլ։ Կառավարութիւնը պէտք չէ անոր յորդումին պատճառ դառնայ։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ