1917-2017 – 100 ամեակը Աստուածամօր երեւումներուն Ֆաթիմայի մէջ (2)

1917-2017 – 100 ամեակը Աստուածամօր երեւումներուն Ֆաթիմայի մէջ (2)

Ռահվիրայ Հրեշտակը
Ութամեայ Լուչիայի մայրը՝ Մարի Րօզա Տոս Սանթոս, անոր վստահած էր ոչխարներու հօտի պահպանութիւնը, թէեւ հայրը՝ Անթոնիոն ու քոյրերը համաձայն չէին այս որոշումին, որովհետեւ ան վեց զաւակներուն մէջէն ամենափոքրն ըլլալով, կը վախնային անոր վրայ: Նման ուրիշ մանուկներու, ան եւս ունէր փոքրիկ բարեկամուհիներ որոնց հետ կը խաղար ու ժամանակ կ՛անցընէր, անոնցմէ երեքն էին՝ Թերեզա Մաթիասը, անոր քոյրը՝ Մարիա Րօզան, եւ Մարիա Ժուսթինօն, որոնց ընկերակցութեամբ է, որ Լուչիային պիտի երեւնայ հրեշտակը 1915 թուականին:

1915-ի Երեւումները
Երեք փոքրիկները իրենց հօտին հետ կը բարձրանան բլուրին գագաթը, ուր կը գտնուէր մեծ դաշտ մը ծածկուած ծառերով: Կէսօրուայ մօտ, անոնք կը ճաշեն, ապա սուրբ Վարդարանը կ՛աղօթեն: Հազիւ սկսած էին աղօթել, մանուկները կը տեսնեն ծառերուն վերեւ երկինքէն կախուած պատկեր մը նման ձիւնէ արձանի, որ քիչ մը թափանցիկ կը դառնար շնորհիւ արեւի շողերուն: Շարունակելով Վարդարանի աղօթքը, փոքրիկ աղջիկները իրենց աչքերը կը սեւեռեն պատկերին վրայ, որ կ՛անհետանայ աղօթքի աւարտին:

Այս երեւումին լուրը կը տարածուի գիւղին մէջ, որովհետեւ Լուչիային ընկերակցող մանուկները կը պատմեն ամէն բան, սակայն ոչ ոք կարեւորութիւն կու տայ անոնց՝ ըսելով թէ անոնք կը բարբանջէին: Փոքրիկներուն ծնողները խստիւ կը բարկանան անոնց վրայ եւ ծեծի կ՛ենթարկեն, որպէսզի անգամ մը եւս այդպիսի բաներ չխօսին: Ամբողջ գիւղը կը ծիծաղի անոնց վրայ:

Նշենք թէ մանուկները չեն ըսեր թէ հրեշտակ մը երեւցաւ իրենց, այլ՝ «բան մը տեսանք», որովհետեւ չէին գիտէր պատկերացնել իրենց տեսածը. յետագային է որ պիտի ըսէին թէ այդ «բան»ը մարդու կերպարանք ունէր: Այդ «բան»ը, որ հրեշտակն էր, երկու անգամ եւս կ՛երեւնայ միեւնոյն մանուկներուն, սակայն առանց որեւէ պատգամ փոխանցելու, եւ ասոր համար է որ 1915-ի երեւումները կը նկատուին լռակեաց երեւումներ: Աստուած հաւանաբար կը պատրաստէր Լուչիան Աստուածամօր երեւումներուն, որովհետեւ այդ երեք մանուկներէն միայն Լուչիան է որ յետագային պիտի արժանանար տեսնելու Տիրամայրը:

 

1916-ի Երեւումները

«Ես Խաղաղութեան հրեշտակն եմ»
Մէկ տարի ետք, 1916-ին, հրեշտակը անգամ մը եւս կ՛երեւնայ, սակայն այս անգամ երեք փոքրիկ հովիւներուն՝ Լուչիան, Ֆրանչիսկոսը եւ անոր քոյրը՝ Յակինթան: Այն օրէն որ Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան արտօնութիւն կ՛ունենան իրենց ծնողներէն արածելու հօտը, երեք փոքրիկ հովիւները անբաժան կը դառնան իրարմէ: Գարնանային օր մը անոնք դարձեալ կը բարձրանան բլուր, արածելու համար ոչխարները: Մինչ կը խաղային, զօրաւոր հով մը կը ցնցէ ծառերը: Իրենց աչքերը բարձրացնելով ձիթենեաց ծառերուն վրայ՝ կը տեսնեն մարդու կերպարանք ունեցող բան մը որ իրենց կը մօտենար: Յստակօրէն անոնք կը տեսնեն 15 ամեայ պատանի մը, հագած ճերմակ զգեստ, զոր արեւին շողերը թափանցիկ կը դարձնէին նման բիւրեղի:

Հասնելով իրենց մօտ, հրեշտակը կ՛ըսէ. «Մի՛ վախնաք, ես խաղաղութեան հրեշտակն եմ, աղօթեցէ՛ք ինծի հետ»: Ապա ծունկի գալով, կռնակը կ՛իջեցնէ մինչեւ գետին, մանուկներն ալ նոյնը կ՛ընեն եւ կրկնելով աղօթքը, զոր կը լսեն, կ’ըսեն.

«Տէր իմ, կը հաւատամ, կը պաշտեմ, կը յուսամ եւ կը սիրեմ քեզ: Քեզմէ ներողութիւն կը խնդրեմ, անոնց համար որոնք չեն հաւատար, որոնք չեն պաշտեր, որոնք չեն յուսար եւ որոնք քեզ չեն սիրեր»:

Երեք անգամ կրկնելէ ետք այս աղօթքը, հրեշտակը ոտքի կ՛ելլէ ըսելով. «Այսպէս աղօթեցէ՛ք: Յիսուսի եւ Մարիամի սրտերը ուշադիր են ձեր ձայնին աղերսանքներուն»։ Ապա կ՛անհետանայ:

Այս բառերով հրեշտակը մեզի կը սորվեցնէ թէ Մարիամի Սիրտը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Յիսուսի Սիրտը: Երկու Սրտերը անբաժան են, ով որ մէկը կը գտնէ միւսն ալ կը գտնէ: Յիշելու ենք թէ Փորթուկալի ժողովուրդը յատուկ բարեպաշտութիւն ունէր հրեշտակներուն հանդէպ, որով երեք փոքրիկ հովիւները ծանօթ էին հրեշտակներուն գոյութեան: Անոնք առտու-իրիկուն իրենց պահապան հրեշտակներուն կ՛աղօթէին ըսելով. «Գովասանք մեր պահապան հրեշտակին, որ մեզ առտու-իրիկուն կը պահպանէ, թող ան միշտ մեզի ընկերակցի»:

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս չկարողացաւ լսել հրեշտակին ձայնը, այլ միայն առանձնաշնորհումը ունեցաւ տեսնելու զինքը:

«Ես Փորթուկալի հրեշտակն եմ»
Այս երկրորդ երեւումը տեղի ունեցաւ ամառը, որովհետեւ ըստ Լուչիայի վկայութեան՝ օդը շատ տաք էր: Երեք մանուկները, ըստ իրենց սովորութեան, կ՛արածէին իրենց հօտը, եւ մինչ կը խաղային միասին, միեւնոյն հրեշտակը երեւցաւ իրենց, ըսելով. «Ի՞նչ կ՛ընէք: Աղօթեցէ՛ք, շատ աղօթեցէ՛ք: Յիսուսի եւ Մարիամի սուրբ Սրտերը ձեզմէ կը սպասեն ողորմութեան գործեր: Անդադար Ամենաբարձրեալին նուիրեցէ՛ք աղօթքներ եւ զոհողութիւններ»: Լուչիան կը հարցնէ անոր. «Ի՞նչ պէտք է ընել մենք զմեզ զոհելու համար»: Հրեշտակը կը պատասխանէ. «Ամէն բանով որ կրնաք. Աստուծոյ նուիրեցէք հատուցման գործեր այն մեղքերուն համար, որոնցմով նախատուած է, եւ պաղատանքներ մեղաւորներուն դարձին համար: Այսպէսով խաղաղութիւնը կը շահիք ձեր երկրին համար: Ես իր պահապան հրեշտակն եմ, Փորթուկալի հրեշտակը: Յատկապէս հնազանդելով ընդունեցէք եւ հանդուրժեցէք Աստուծոյ պարգեւած տառապանքներուն»: Այդ օրէն սկսեալ երեք հովիւները կը սկսին երկու տեսակ զոհողութիւններ ընել՝ նուիրել Աստուծոյ իրենց գործերը որպէս հատուցում զինք նախատող մեղքերուն, եւ ընդունիլ կեանքի փորձութիւնները մեղաւորներուն դարձին համար: Երեւումէն ետք, Ֆրանչիսկոս կը հարցնէ Լուչիային. «Հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ քեզի»: Լուչիան զարմացած հարց կու տայ թէ լսա՞ծ է երկխօսութիւնը. փոքրիկ Ֆրանչիսկոս կը պատասխանէ ըսելով. «Ոչ, տեսայ քեզի հետ կը խօսի եւ լսեցի այն ինչ որ դուն պատասխանեցիր, սակայն չեմ գիտէր թէ ինք ի՞նչ ըսաւ քեզի»:

«Սուրբ Հաղորդութեան հրեշտակը»
1916-ի աշնան, հովիւները մինչ կ՛արածէին իրենց հօտը, ճաշէն ետք կանգ կ՛առնեն հոն ուր հրեշտակը նախապէս երեւցած էր իրենց եւ կը սկսին աղօթել այն ինչ որ հրեշտակը սորվեցուցած էր: Անոնք իրենց դէմքերը գետին խոնարհած էին երբ լոյս մը կը յայտնուի իրենց վերեւ: Երեք հովիւները իրենց դէմքերը բարձրացնելով կը տեսնեն անգամ մը եւս հրեշտակը, որ այս անգամ իր աջ ձեռքը շալկած էր սկիհ մը, որու վերեւ կախուած էր սուրբ Հաղորդութիւնը եւ որմէ կը կաթէր արեան կաթիլներ սկիհին մէջ: Թողելով սկիհը եւ սուրբ Հաղորդութիւնը կախուած օդին մէջ, հրեշտակը կը խոնարհի մանուկներուն մօտ եւ կը կրկնէ հետեւեալ աղօթքը երեք անգամ:

Peregrinação Internacional Aniversária de 13 de Maio de 2012

«Ամենասուրբ Երրորդութիւն՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, խորապէս ձեզ կը պաշտեմ, եւ ձեզի կը նուիրեմ թանկագին Մարմինը, Արիւնը, Հոգին եւ Աստուածութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, ներկայ՝ աշխարհի բոլոր տապանակներուն մէջ, որպէս հատուցում նախատինքներուն, սրբապղծութիւններուն եւ անտարբերութիւններուն, որոնցմով ինք անձամբ նախատուած է: Անսահման արժանիքներուն Իր Ամենասուրբ Սրտին եւ Մարիամի անարատ Սրտին, ձեզմէ կը խնդրեմ դարձը խեղճ մեղաւորներուն»:

Ապա, ոտքի կանգնելով, հրեշտակը իր ձեռքը կ՛առնէ սկիհը եւ սուրբ Հաղորդութիւնը: Լուչիային կու տայ սուրբ Հաղորդութիւնը, իսկ Յակինթային եւ Ֆրանչիսկոսին կը խմցնէ սկիհին մէջի Արիւնը, ըսելով. «Առէ՛ք եւ խմեցէ՛ք Մարմինը եւ Արիւնը Յիսուս Քրիստոսի, սոսկալիօրէն անարգուած ապերախտ մարդոց կողմէ: Դարմանեցէ՛ք անոնց ոճիրները եւ մխիթարեցէ՛ք ձեր Աստուածը»: Հրեշտակը անգամ մը եւս կը խոնարհի մանուկներուն հետ միասին, կը կրկնէ Սուրբ Երրորդութեան ուղղուած աղօթքը:

Երեք փոքրիկները լուռ կը մնան հրեշտակին այս երեւումներուն դիմաց, ոչ ոքի չեն պատմեր, որովհետեւ կը վախնային որ հակազդեցութիւնը ծնողներուն եւ ժողովուրդին չափազանց խիստ ըլլար: Հրեշտակին մեկնումէն ետք, Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա հարց կու տան Լուչիային թէ ինչո՞ւ ինք Մարմինը ճաշակեց իսկ իրենք միայն Արիւնը: Լուչիան կը պատասխանէ ըսելով թէ Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը միեւնոյն արժէքն ունին: Իսկ երբ յետագային Աստուածամայրը իր երեւումներէն մէկուն ընթացքին կը յայտնէ թէ Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթան կանուխ պիտի մեկնին այս աշխարհէն, իսկ Լուչիան պիտի մնայ աւելի երկար ժամանակի համար, այն ատեն կը հասկնան այս ճաշակումի տարբերութիւնը որ կը խորհրդանշէր իրենց կեանքին տեւողութեան ժամանակամիջոցը այս աշխարհին վրայ: Լուչիան որ պիտի մնար աւելի երկար կարիքն ունէր Կեանքի Հացին, իսկ միւսները որոնք պիտի մեկնէին կանուխ պիտի նուիրէին իրենց կեանքը որպէս զոհ:

 

ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ