Նո՛ր եւ Նորութիւններու Տարի

Նո՛ր եւ Նորութիւններու Տարի

Արդէն իսկ տարի մը եւս կը թեւակոխենք սկիզբ տալու համար նոր տարուայ մը, կեանքի նոր հանգրուանի մը, որ իր իմաստը կը գտնէ նորութեան գաղափարին մէջ: Ամէն մարդ կը ցանկայ նորութեան, կ՛երազէ ու կը մաղթէ նորութիւն, կը յուսա՛յ՝ հակառակ յուսահատութիւններուն եւ յուսախաբութիւններուն զորս կ’ապրի յաճախ: Երբ նորը յայտնուի մեր առջեւ, հինը կը մոռնանք, կ՛անտեսենք ու չենք փափաքիր անոր դարձը:

2016-ը, նման միւս բոլոր տարիներուն, եղաւ իւրաքանչիւր մարդ արարածի համար անակնկալներով լեցուն տարի մը: Ապրեցանք ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը, առողջութիւնն ու հիւանդութիւնը, խաղաղութիւնն ու պատերազմը: Կը փորձենք էջ մը դարձնել մեր կեանքէն քաջ գիտնալով հանդերձ թէ այդ էջը չի կրնար չընկերանալ մեզի մեր կեանքին բոլոր տարիներուն ընթացքին, այնպէս ինչպէս երբ գիրքի մը էջը դարձնենք, այդ էջը կը մնայ տպուած ու հաստատուած գիրքին մէջ, եւ անոր բովանդակութիւնը՝ մեր մտքին մէջ:

Մեր կեանքը կ՛ապրինք նորութիւններ երազելով ու սպասելով: Գեղեցիկ է երազելը, հաճելի է սպասելը, եւ ամէն մարդ պարտական է, որպէս ճանապարհորդ, ուխտաւոր, ըլլալու միշտ սպասման վիճակի մէջ ու երազելու տրամադրութիւններով, գիտնալով հանդերձ որ կանչուած է իրագործելու ամէն օրը, ժամանակը, որուն մէջ գոյութիւն կ՛ունենայ, կ՛ապրի այս աշխարհի տարածքին:

Նորութիւն մը սպասելը կամ երազելը կը պահանջէ երկու հիմնական առաքինութիւններ: Առաջին հերթին՝ հաշտութիւնը, եւ երկրորդ՝ վստահութիւնը:

Յաճախ կը կարծենք թէ արտաքին աշխարհը աւելի ճշմարիտ է քան մեր ներքինը: Կը ստեղծենք պայքար մը երկուքին միջեւ. տարբեր տեսակի ընտրանքներու առջեւ կը գտնուինք: Նորութիւնը եւ կամ կեանքի իրագործումը հիմնականօրէն մեզմէ կը պահանջէ հաշտութիւն: Սակայն հաշտուիլ որո՞ւ հետ: Մեր շուրջիններո՞ւն հետ. անկասկած: Մեր անձերո՞ւն հետ. անպայման: Աստուծո՞յ հետ. վստահ: Հաշտուելու ենք նաեւ ամէն բանի հետ որ նոյնիսկ երբեմն մեզ կը վշտացնէ, կը տառապեցնէ, կը դժգոհեցնէ: Պիտի հաշտուինք կեանքին հետ, պիտի հաշտուինք մեր անցեալին հետ, պիտի հաշտուինք մահուան հետ, եւ պիտի հաշտուինք ժամանակին հետ: Կը դժգոհինք կեանքէն ու կը դիմենք մահուան, յուսալով որ անով վերջ պիտի դնենք մեր տառապանքին. բայց երբ մահուան մօտենանք, կը սարսափինք անկէ ու կ՛ուզենք կառչած մնալ կեանքին: Կը գանգատինք մեր անցեալէն աւելի կարեւորութիւն տալով մեր ապերախտութիւններուն ու տկարութիւններուն, արժեւորելու փոխարէն Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Իսկ ժամանակը միշտ պակաս իրականութիւն մը կը նկատենք՝ ժամանակ չունինք բանի մը, այնպէս որ վերջաւորութեան ոչ մէկ բան կ՛իրագործենք, որովհետեւ ոչ մէկ բանի ժամանակ կ՛ունենանք:

Երկրորդ հերթին՝ այս նորութիւնը մեզմէ կը պահանջէ նաեւ վստահութիւն: Վստահի’լ, որո՞ւ: Դժբախտաբար, շատեր իրենց յոյսը կը կապեն աստղերու մեկնաբանութիւններուն, ապագայի մասին գուշակութիւններ կատարող մարդոց, բախտի կամ ճակատագիրի գաղափարներուն: Կը պատմուի թէ օդանաւային ճամբորդութեան մը ընթացքին, սաստիկ վտանգի կ՛ենթարկուի օդանաւը, այնպէս որ ճամբորդները մեծ վախի կը մատնուին՝ լաց, պոռոց: Անկարելի կ’ըլլայ զսպել ներկաներուն յուսահատ զգացումները: Պաշտօնեաներէն մէկը կը նկատէ թէ օդանաւին վերջին նստարանին վրայ նստած պատանի մը երբեք վախի ու տրտունջի ձայներ չ’արձակեր: Ան մօտենալով պատանիին հարց կու տայ թէ արդեօք միւսներուն նման չէ՞ր վախնար որ օդանաւը իյնայ ու ինք մեռնի: Պատանին անոր պատասխան տալով կ՛ըսէ. «Ինչո՞ւ վախնամ երբ օդաչուն հայրս է»: Պատանին իր ամբողջ վստահութիւնը դրած էր իր հօր վրայ, վստահ էր որ հայրը զինքը շատ կը սիրէր, եւ պիտի չուզէր որ նուազագոյն վնաս մը անգամ հասնի իրեն: Հակառակ վտանգին, պատանին ապահով էր որ հայրը զինք ողջ-առողջ պիտի հասցնէ: Ուրեմն որո՞ւ վստահիլ: Վստահի՛լ Հօր՝ Աստուծոյ, որովհետեւ ինքն է մեր կեանքին օդաչուն, քաջ գիտնալով թէ նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս պիտի ունենանք արցունքոտ ժամեր, ցաւի ու տառապանքի վայրկեաններ, ինչպէս նաեւ անշուշտ ուրախալի ու երջանիկ օրեր:

Միայն երբ հաշտուինք ու վստահինք կրնանք նորութիւն ակնկալել մեր կեանքին մէջ: Մեր Աստուածը անակնկալներու Աստուած է, նորութիւններու Աստուած է: Քրիստոսի սուրբ Ծննդեան առթիւ եւ նոր տարուան սեմին, մեր բոլորին մաղթանքն է որ Յիսուս Մանուկի ծնունդը ըլլայ, ինչպէս միշտ, յոյսի նշոյլ մը հաշտութեան ու խաղաղութեան ամբողջ աշխարհի: Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք խնդրելով ամենաբարին Աստուծմէ որ դադրին պատերազմներն ու հալածանքները ամենուրեք, յիշելով յատուկէն Սուրիան, Իրաքն ու Եգիպտոսը։ Մեր սրտագին փափաքն է որ մեր Մայր Հայրենիքը՝ Հայաստանը ծաղկի ու բարգաւաճի, Արցախեան հիմնախնդիրները իրենց արդար լուծումը գտնեն, ջաւախքահայութիւնը յոյսի եւ լոյսի օրեր ունենայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը, յաւերժական մայրիներու այս չքնաղ երկիրը, վերագտնէ իր երբեմնի փառքի օրերը:

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր Տարի:

Ս․ Կ․