ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ԵՒ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՊՇԱՐԱ ՌԱԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ԵՒ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՊՇԱՐԱ ՌԱԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին, ինչպէս նաեւ գերապայծառ Մանուէլ եպիսկ. Պաթագեանին, գերապայծառ Գէորգ եպիսկ. Խազումեանին եւ Սբ. Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ Կարապետեանին, Երկուշաբթի, 2 յունուար 2017, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սբ. Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Պապական Նուիրակ արհիապատիւ Կապրիէլ Քաչչիա արքեպիսկոպոսին, Հարիսա։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ներկայացուց Պապական Նուիրակին։ Այնուհետեւ, անոնք իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին Լիբանանի կացութեան բարելաւումին համար, մաղթելով որ Լիբանան աստիճանաբար իր ամբողջական խաղաղութիւնը վերագտնէ եւ զարգացման նոր թափ ստանայ նոր տարուան հետ։

Visit 2

Այնուհետեւ, ժամը 10.30-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը՝ իր շքախումբով ուղղուեցաւ Պքերքէ, փոխադարձելու համար Կարդինալ Պշարա Ռաի Պատրիարքին այցելութիւնը։ Իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթանքները յայտնեց մարոնիթ Համայնքապետին, հոգեւորականներուն եւ համայն հաւատացեալներուն։ Ապա, երկու Համայնքապետերը փոխանակեցին լաւատեսութեամբ դրոշմուած իրենց տպաւորութիւնները երկրէն ներս արձանագրուած զարգացումներու մասին։ Անոնք շեշտեցին լիբանանցիներուն միասնականութեան կարեւորութիւնը՝ յաղթահարելու երկրին դիմաց ծառացող ամէն դժուարութիւն, ի խնդիր խաղաղ, յուսալի եւ բարգաւաճ ապագայի մը։