ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ՝ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ԽՕՍՔՈՎ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ՝ ՄՇՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԻՐ ԽՕՍՔՈՎ ՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Միջազգային մամուլը եւ ընդհանրապէս համաշխարհային զանգուածային լրատուամիջոցները չէին սխալած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ սուրբ Պետրոսի Աթոռին 266-րդ Գահակալ անոր ընտրութեան առաջին տարեդարձէն իսկ առաջ զինք հռչակելով 2013-ի Տարուան Մարդը։ Համաշխահային բեմին վրայ կանգնած ո՛չ մէկ կրօնաւոր, պետութեան ղեկավար կամ քաղաքական գործիչ ցարդ կրցաւ գերազանցել անոր ժողովրդականութիւնը։

Ո՞րն է ասոր պատճառը։

Չափազանց խոնարհութիւ՞նը։ Վատիկանեան կարգ մը կարծրատիպեր ու փրոթոքոլ շրջանցելու յանդգնութիւ՞նը։ Բարենորոգչական գործելաո՞ճը։ Ողորմածութիւ՞նը։ Եկեղեցւոյ մեծ ու փոքր սպասաւորներէն ու ծառաներէն իրենց առաքելական կոչումին հաւատարմութեան խստապահանջութիւ՞նը։ Աղքատներուն եւ իրաւազրկեալներուն մօտիկութիւ՞նը։ Ընկերային արդարութեան եւ հաւասարութեան հետամտութիւ՞նը։ Մարդկային իրաւունքներու պահպանութեան նախանձախնդրութիւ՞նը։ Գաղթականներուն եւ իրենց հաւատքին համար հալածուածներուն հոգատարութիւն ցոյց տալու պահա՞նջը։ Պատերազմի հրձիգներուն ու զէնքի վաճառականներուն անխնայ խարանու՞մը։ Քաղաքական թուացող սակայն իրականութեան մէջ մարդկայնական դերակատարութիւ՞նը։ Անսեթեւեթ ճշմարտախօսութիւ՞նը։ Եւ այս բոլորը՝ օրուան Աւետարանի խորապատկերին վրայ։ Անկէ ներշնչուելով։

Դեռ կարելի է երկարել Ֆրանչիսկոս Պապին վայելած արտակարգ ժողովրդականութեան պատճառներուն շարքը։ Բայց անվարան կարելի է ըսել որ այդ շարքին գլուխը կը գտնուին անոր հանապազօրեայ քարոզներն ու խորհրդածութիւնները։

Հակառակ ընտրութենէն ի վեր արտասանած քարոզներուն եւ կատարած խորհրդածութիւններուն մրցանիշային գումարին, անոնք երբեք չկորսնցուցին իրենց գրաւչութիւնը, շահեկանութիւնն ու այժմէականութիւնը։ Անոնց հանդէպ ուշադրութիւնը երբեք չնահանջեց։ Անոր խօսքին ու խորհրդածութիւններուն ականջալուր մնացին ոչ միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այլ ընդհանրապէս քրիստոնեայ, մինչեւ իսկ այլակրօն հաւատացեալները, պետական ու դիւանագիտական շրջանակները։ Անոր խորհրդածութիւններուն վրայ կեդրոնացած մնացին համաշխարհային լրատուամիջոցներուն եւ քաղաքական ու դիւանագիտական մարմիններուն լսափողերը։

Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ ի խնդիր խաղաղութեան եւ աստուածապարգեւ ու քրիստոնէադրոշմ արժանավայելչութեամբ կեանքի մը անոր ամենօրեայ քարոզներն ու խորհրդածութիւնները, առանց հաշուելու պատգամները, յորդորակները, զանազան առիթներով արտասանած ճառերը եւ ունեցած ելոյթները, զինք տիրական ու մշտական ներկայութիւն դարձուցին բոլոր մակարդակներու վրայ եւ հասարակութեան բոլոր խաւերէն ներս՝ սկսեալ իր ընտրութեան յաջորդող առաջին օրը, 22 մարտ 2012-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առաջին սուրբ Պատարագէն, որուն ներկայ եղան միայն Վատիկանի պարտիզպաններ եւ խումբ մը աշխատաւորներ։ Հանապազօրեայ այս Պատարագը եւ յընթացս անոր արտասանած քարոզը սկիզբը եղան աւանդութեան մը որ կը շարունակուի ցայսօր։

Որովհետեւ, ան իր սահուն լեզուով կատարած պարզաբանութիւններով եւ հաղորդականութեամբ Աւետարանը մատչելի ու հասկնալի դարձուց մարդոց։

Որովհետեւ ան՝ աւետարանական պատգամներուն, վկայութիւններուն ու առակներուն ընդմէջէ՛ն փնտռեց արդի հասարակութիւնը յուզող եւ ժամանակակից աշխարհին դիմագրաւած հարցերուն պատասխանները։

Որովհետեւ Ան խօսեցաւ բոլո՛ր մարդոց սրտերուն։ Իր խօսքով ու խորհրդածութիւններով գրաւեց մարդոց սրտերը եւ աշխարհին ուշադրութիւնը։

Իր խօսքին ընծայուած կարեւորութեան, ուշադրութեան, անոր գրաւչութեան ու ներգործութեան պատճառներու մասին La Civilta Cattolica պարբերականի տնօրէն՝ յիսուսեան հայր Անթոնիօ Սփատարոյին շնորհած հարցազրոյցի մը մէջ ՝ Ֆրանչիսկոս կ’ըսէ թէ ինչպէ՞ս կը պատրաստէ իր քարոզները։ Ան նախ կը բացատրէ քարոզի մը եւ դասախօսութեան մը միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը։ «Քարոզը Աստուծոյ խօսքին ծանուցումն է, իսկ դասախօսութիւնը՝ Աստուծոյ խօսքին բացատրութիւնը։ Քարոզը հրեշտակ ըլլալն է, իսկ դասախօսութիւնը՝ բժիշկ»։

Pope Francis delivers his message during the weekly general audience in St. Peter's Square at the Vatican, Wednesday, April 29, 2015. (AP Photo/Alessandra Tarantino)

Նշելով որ իր իւրաքանչիւր քարոզը կը կարօտի օրուան մը հոգեւոր պատրաստութեան, «կը սկսիմ նախորդող օրուան կէսօրին – կ’ըսէ ան։ Կը կարդամ յաջորդ օրուան նիւթերը եւ ընդհանրապէս կ’ընտրեմ երկու ընթերցուածներէն մէկը։ Ապա բարձրաձայն կը կարդամ ընտրածս հատուածը։ Կարիքը կը զգամ բարձրաձայն լսելու խօսքերը։ Եւ տետրակին մէջ՝ զոր կ’օգտագործեմ, կ’արձանագրեմ այն խօսքերը որոնք ամէնէն աւելի կը յուզեն զիս (…)։ Ապա, օրուան մնացած ժամերուն, խօսքերը ու միտքերը կ’երթան ու կու գան, մինչ կ’ընեմ այն ինչ որ պէտք է ընեմ, այսինքն կը խորհրդածեմ, կը մտածեմ եւ կ’ըմբոշխնեմ իրերը։ Որոշ օրեր, սակայն, երեկոյեան կը հասնիմ եւ ոչինչ կու գայ միտքս, գաղափար մը անգամ չեմ ունենար յաջորդ օրը ըսելիքիս մասին։ Այն ժամանակ կ’ընեմ այն ինչ որ կ’ըսէ սուրբ Իգնատիոս. «Կը պառկիմ մտածկոտ։ Երբ արթննամ, ներշնչումը կու գայ անմիջապէս»։

Իսկ Աւետարանի ուրախութեան մասին իր շրջաբերական նամակին մէջ, Պապը կը յիշեցնէ լաւ քարոզի մը յատկանիշերը եւ կը շեշտէ քարոզ մը լաւապէս նախապատրաստելու կարեւորութիւնը, «որովհետեւ հովիւի խօսքին ընդմէջէն Աստուած է որ կը խօսի իր ժողովուրդին»։ Ան կը թելադրէ բաւարար ժամանակ տրամադրել այս պարտականութեան, ի հարկին նուազ ժամանակ տրամադրելով կարեւոր ուրիշ պարտականութիւններու։ «Պէտք է վստահ ըլլանք որ ճիշդ ձեւով կը հասկնանք մեր կարդացած խօսքերուն նշանակութիւնը – կը գրէ ան։ Որովհետեւ պիպլիական պատճէնը զոր կ’ուսումնասիրենք երկու կամ երեք հազար տարեկան է։ Անոր լեզուն մեր այսօր օգտագործած լեզուէն շատ տարբեր է։ Պէտք է յատուկ ուշադրութիւն ընել բառերուն որոնք կը կրկնուին։ Պէտք է գլխաւոր պատգամը վեր առնել եւ ոչ թէ մանրամասնութիւնը»։

Ապա Պապը քարոզիչին կը յորդորէ մտիկ ընել ժողովուրդը՝ իմանալու համար այն ինչ որ հաւատացեալները կ’ակնկալեն լսել եւ խօսիլ պարզ լեզուով, որպէսզի հասկնալի ըլլայ անոնց կողմէ որոնց կ’ուղղէ իր խօսքը։ «Յաճախ կը պատահի որ – կ’ըսէ Պապը – քարոզիչները կ’օգտագործեն այնպիսի խօսքեր ու բառեր, զորս սորված են իրենց ուսումնառութեան ժամանակ կամ որոշ շրջանակներու մէջ, եւ որոնք սակայն մաս չեն կազմեր զանոնք լսողներու հասարակաց լեզուին»։

Եւ վերջապէս Ֆրանչիսկոս կը շեշտէ դրական ըլլալու կարեւորութիւնը, «որովհետեւ, կ’ըսէ ան, դրական քարոզ մը միշտ յոյս կը ներշնչէ, նայիլ կու տայ դէպի ապագան եւ մեզ ժխտականութեան գերին չի դարձներ»։

Դեռ բազմաթիւ են «լաւ քարոզ»ի մը մասին Ֆրանչիսկոս Պապին խորհուրդները՝ որոնք ներկայացուած են քարոզի մասին Վատիկանի ուղեցոյցին մէջ, որ հրապարակուեցաւ 10 փետրուար 2015-ին։ «Լաւ քարոզ» մը տալու գաղտնիքը ցոյց կու տայ Պապը բոլոր այն հոգեւորականներուն որոնք կը յաւակնին Աստուծոյ խօսքին թարգմանը ըլլալ, ո՛չ միայն բանիւ, այլ գործով, ո՛չ միայն քարոզելով, այլ նաեւ իրենց կեանքի օրինակով, այնպէս ինչպիսին որ է Ֆրանչիսկոս։

01 ֊/ 12 /֊ 2016

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ