ՍՊԱՍԵԼՈՎ ՄԱՐԴԸ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷՆ ԴԱՏԵԼՈՒ ԱՌԻԹԻՆ

ՍՊԱՍԵԼՈՎ ՄԱՐԴԸ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷՆ ԴԱՏԵԼՈՒ ԱՌԻԹԻՆ

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներու նախապատրաստութեան մթնոլորտին ներքեւ, լիբանանցիներուն ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ երբ անոնց իբրեւ ամանորեան պարգեւ ընծայուեցաւ նաեւ այնքան սպասուած նոր կառավարութիւն մը, որուն ծնունդը երկարատեւ եւ դժուարին երկունքի մը արդիւնքը եղաւ։

Արդարեւ, շուրջ 28 ամիս թափուր մնալէ ետք, Պաապտայի նախագահական պալատը եւ Սերայը վերագտան իրենց բնակիչները, առաջինը՝ զօր. Միշել Աունի Հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ 31 հոկտեմբեր 2016-ին, երկրորդը՝ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումով 3 նոյեմբերին եւ ապա երեք տասնեակ անդամներէ բաղկացած պատկառելի կառավարութեան մը կազմութեամբ 18 դեկտեմբերին։

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներու նախապատրաստութեան մթնոլորտին ներքեւ, լիբանանցիներուն ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ երբ անոնց իբրեւ ամանորեան պարգեւ ընծայուեցաւ նաեւ այնքան սպասուած նոր կառավարութիւն մը, որուն ծնունդը դարձեալ երկարատեւ եւ դժուարին երկունքի մը արդիւնքը եղաւ։

Արդարեւ, շուրջ 28 ամիս թափուր մնալէ ետք, Պաապտայի նախագահական պալատը եւ Սերայը վերագտան իրենց բնակիչները, առաջինը՝ զօր. Միշել Աունի Հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ 31 հոկտեմբեր 2016-ին, երկրորդը՝ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումով 3 նոյեմբերին եւ ապա երեք տասնեակ անդամներէ բաղկացած պատկառելի կառավարութեան մը կազմութեամբ 18 դեկտեմբերին։

Տարեվերջի տօնական օրերուն արձանագրուած այս զոյգ իրադարձութիւնները լիբանանցիներուն կողմէ դիմաւորուեցան անշուշտ ուրախութեամբ, Նոր Տարուան համար՝ վերջապէս արժանավայել կեանքի մը ակնկալիքներով եւ զգուշաւոր լաւատեսութեամբ։ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորեան աւանդական մաղթանքներուն կը մնայ միացնել նոր վարչակարգին եւ նոր իշխանութեան վրայ դրուած յոյսերը արդարացուած տեսնելու մաղթանքը, աղօթե՛լ անոր համար ու համբերութեամբ սպասել, արդիւնքի հիման վրայ կարծիք տալու եւ դատելու համար կառավարութիւնը հաւաքաբար եւ իւրաքանչիւր նախարարը անհատապէս։ Ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոնըլտ Թրամբի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեան առթիւ անոր մասին ուղղուած հարցումի մը «ես մարդիկը չէ որ կը դատեմ, այլ անոնց գործը», մենք ալ առանց տարուելու կառավարութեան իւրաքանչիւր անդամի, անոր արժանիքներու, ինչ-ինչ նկատառումներով անոր նախարար նշանակման պատճառներու եւ հանգամանքներու մասին հրամցուած պաշտօնական բացատրութիւններէն եւ լրագրողական մեկնաբանութիւններէն, սպասենք կառավարութեան աշխատանքի ծրագրի մշակումին, խորհրդարանին կողմէ վաւերացումին եւ իւրաքանչիւր նախարարութեան վերապահուած աշխատանքի մեկնարկին՝ դատելու համար գործը, որ չի՛ կրնար, պէտք չէ՛ սահմանափակուի նոր ընտրական օրէնքի մը մշակումին, երբ անդին քաղաքացին տագնապեցնող հազարումէկ խնդիրներ շտապ լուծումի կը կարօտին։

Յուսանք որ սպասումը երկար չի տեւեր եւ մարդը իր աշխատանքէն դատելու առիթն ալ չուշանար։

 

22 / 12 / 2016

 

ԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ