Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ Ճեզիրէի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ

Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ Ճեզիրէի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ

Կիրակի` 4 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Սուրիոյ Ճեզիրէի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի Սուրբ Յովսէփի անուան ժողովրդապետութեան մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագ, նախագահութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի պատրիարքական փոխանորդ` Արհի. Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի, որ այս առթիւ ժամանած էր իր ծննդավայրը` Քամիշլիէ։

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը նուիրուած էր ժողովրդապետութեան զաւակներ` Ապպուտ Հաժիքիի, Ռամի Թերզիպաշիի եւ Էլի Քասպոյի, որոնք տարի մը առաջ իրենց կեանքը կորսնցուցին թիրախ դառնալով ահաբեկչական ահռելի արարքի մը, որ պատճառած էր նաեւ բազմաթիւ այլ զոհեր։

Արհիապատիւ գերապայծառ Ասատուրեան յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնելով ներկաներուն ու ննջեցեալներու ընտանեկան պարագաներուն, հայցեց աստուածային մխիթարութիւն եւ սփոփանք, նշելով թէ ինք չէր փափաքեր այս այցելութիւնը կատարել այսպիսի տխուր առիթով մը, տրուած ըլլալով որ իր եպիսկոպոս ձեռնադրութենէն ի վեր այս առաջին անգամն էր որ իր ծննդավայրի ժողովրդապետութեան մէջ կը մատուցանէր սուրբ պատարագի զոհը։ Գերապայծառ Ասատուրեան ապա քաջալերեց բոլոր ներկաները չվհատելու` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ու իրենց յոյսը միշտ դնելու Աստուծոյ վրայ, որ ողորմած Հայր մըն է ու բոլորին բարիքը կը ցանկայ։ Շարունակելով իր քարոզը, գերապայծառը յարեց.-

«Հնարաւո՞ր է որ մարդիկ ներեն։ Այս հարցումը բիրտ կերպով կ’ուղղուի մեզի մինչ կը յիշատակենք այնպիսի դէպքեր, որոնք իրենց դաժանութեամբ եւ կործանարար նպատակով ցնցեցին ամբողջ աշխարհը։ Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ այս հարցումէն երբ կը մտածենք Ղամիշլիի զոհերու մասին եւ երբ անոնց տառապանքներու ահաւոր գումարին վրայ կու գայ աւելնալու միջազգային ահաբեկչութեան զոհերու դժբախտաբար անվերջանալի ցուցակը։

Ամէն օր, մեր անձնական կեանքի, մեր ընտանեկան կեանքի եւ մեր ընկերային կեանքի ընթացքին կը զգանք որ ներումը ինքնաբուխ արարք մը չէ։ Մարդկային սրտի բնական շարժումը կ’ուղղուի առաւելաբար դէպի հատուցման որոնում կամ վրիժառութիւն։ Եթէ մեզի համար այնքան դժուար է ներել փոքր անիրաւութիւններուն՝ որոնց կ’ենթարկուինք ամէն օր, կը հասկնանք թէ աւելի կարեւոր եւ աւելի բիրտ արարքներուն ներումը շատ աւելի դժուար է եւ նոյնիսկ մեր կարողութենէն վեր է։

Մարդկային բանականութեան բռնաբարումը նախատինք կը դառնայ երբ ան կրօնքին խոտոր պատրուակներու կը դիմէ արդարացնելու համար իր արարքները եւ այս բարբարոսային արարքներուն հեղինակները։ Ամէն անգամ որ կրօնք մը կը ներքաշուի բրտութեան մէջ, աւելին՝ ահաբեկչական բրտութիւնը օրինականացնելու փորձի մը մէջ, կ’եղծանէ եւ կ’անարգէ իր իսկ հռչակած Աստուծոյ պատկերը։ Գիտենք թէ մեր կրօնքները միշտ չէ որ յարգած են իրենց քարոզած խաղաղութեան պատգամը։ Ասոր համար ուրախ չենք անշուշտ եւ պէտք է միշտ ջանանք ասիկա սրբագրել։ Սակայն, պէտք չէ առիթ տանք վայրկեան մը իսկ մտածելու որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն է մեր բռնարարքներուն պատճառը։

Երբե՛ք։

Ճշմարիտ հաւատացեալը երբեք չի փորձեր ինքզինք եւ իր կենսակերպը, կամ իր համոզումները ու այլամերժ միտումները իր շրջապատին պարտադրել բռնութեամբ ու բռնամիջոցներով, առաւել եւս ահաբեկչական արարքներով։ Այսպիսիներուն համար կրօնքը պարզապէս պատրուակ է, կեղծ դիմակ։ Որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ սէրն ու յարգանքը՝ անբաժանելի է մարդու հանդէպ սէրէն ու յարգանքէն։ Կարելի չէ Աստուած սիրել առանց սիրելու իր նմանը։

Այսօրուան փորձութիւններուն ու չարագործութիւններուն դիմաց աղօթել պէտք է՝ որովհետեւ աղօթքը հաւատացեալին զէնքն է չարիքին դիմաց՝ դիմադրելու համար չարագործութեան։ Պէտք է աղօթել մանաւանդ ի խնդիր չարամիտներու ու չարագործներու դարձին, դա՛րձ՝ դէպի աստուածապարգեւ սէր, դէպի եղբայրսիրութիւն, դէպի մարդկայնականութիւն՝ որպէսզի խաղաղ ու քաղաքակիրթ կեանքը վերահաստատուի հոն ուր որ ան խռով է ու խաթարուած»:

Kameshly 2

Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին` Առաջնորդ գերապայծառը ժողովրդապետութեան սրահին մէջ, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ իրեն ի պատիւ սարքուած կոկիկ ընդունելութեան ու հոգեճաշին ուր առիթը ունեցաւ առանձնական խօսակցութիւններ ունենալ Քամիշլիէի Սուրբ Յովսէփ ժողովրդապետութեան հաւատացեալ զաւակներուն հետ։

Յաջորդող օրերուն, գերապայծառ Ասատուրեան այցելութիւններ տուաւ Քամիշլիէի քոյր համայնքներու եկեղեցիները եւ հանդիպումներ ունեցաւ անոնց հոգեւոր հովիւներուն հետ։ Այս հանդիպումներու ընթացքին, գերապայծառ տէրը հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս տեղւոյն քրիստոնեայ համայնքները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը յուզող խնդիրներով եւ գնահատեց անոնց հաւատարմութիւնը Եկեղեցւոյ եւ բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելու քրիստոնեավայել կամքի ուժը։