Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկէ Յուշամետալով

Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկէ Յուշամետալով

Դեկտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Տէր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը:

Սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց Սրբազանը ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առիթով` նշելով. «Անգնահատելի է Ռաֆայէլ սրբազանի` Հայաստանում եւ Սփիւռքում ծաւալած բազմաբնոյթ գործունէութիւնը, որը բխում է համահայկական շահերից եւ ուղղուած է հայապահպանութեանը, սերունդների քրիստոնէական, հայեցի դաստիարակութեանը, կարիքաւորների սոցիալական խնդիրների լուծմանը: Շնորհակալութիւն եմ յայտնում նրան` սփիւռքի նախարարութեան հետ իրականացրած երկարատեւ բազմաբեղուն աշխատանքների համար: Երբ 2012 թուականին սիրիական պատերազմի պատճառով դէպի Հայաստան սկսուեց սիրիահայերի հոսքը, Կաթողիկէ Եկեղեցին մեր ամենայուսալի եւ լաւագոյն գործընկերներից մէկը դարձաւ եւ նեցուկ եղաւ Հայաստան տեղափոխուող սիրիահայերին` նրանց կացարան տուեց իր յարկի տակ, օգնեց աշխատանքի տեղաւորման, առողջապահական, սոցիալական եւ տարաբնոյթ այլ հարցերում»:

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Ռաֆայէլ սրբազանի` Հայաստանի տարբեր վայրերու, յատկապէս` Կիւմրիի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառուցման, հաշմանդամներու համար կեդրոն ստեղծելու, եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` 2016 թուականի Յունիս 24-26 Հայաստան կատարած այցի կազմակերպման աշխոյժ մասնակցելուն համար:

Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայրենիքին եւ սփիւռքին մատուցած ծառայութիւններուն, սփիւռքի համայնքներու եւ հայրենիքի միջեւ կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի ներդրում ունենալու, տարբեր բնագաւառներու մէջ լայնածաւալ ծրագիրներու իրականացման, արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայրենակիցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ բարեգործական եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան համար՝ սփիւռքի նախարարը Տէր Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով:

Գերապայծառ Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին բարձր պարգեւին համար: Ան նշեց, որ պիտի շարունակէ համագործակցիլ նախարարութեան հետ, նուիրումով աշխատիլ եւ տարբեր ծրագիրներ իրականացնել: Սրբազանը ներկայացուց Արտաշատի մէջ կառուցուող «Երեխաներու քաղաք» դպրոցի ստեղծման ծրագիրը: Դպրոցին մէջ պիտի մէկտեղուին Հայաստանի մէջ ապրող անապահով ընտանիքներու երեխաները, որոնք հիմնարար գիտելիքներ պիտի ստանան: Արդէն 300 երեխայ ցանկութիւն յայտնած են սորվելու այդ դպրոցին մէջ:

«Յոյսով եմ` դպրոցի կառուցման կ’աջակցի նաեւ սփիւռքի նախարարութիւնը: Նպատակս է, որ մանուկները, երիտասարդները կարենան ապրիլ զարգացած եւ ապահով Հայաստանի մէջ»,- եզրափակեց Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեան:

Ի նշան արդիւնաւէտ համագործակցութեան` Գերապայծառ Մինասեան սփիւռքի նախարար` Հրանոյշ Յակոբեանին փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալը: