ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016, կէսօրին, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանը, որուն կ՛ուղեկցէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներ։ Հանդիպումին ներկայ եղան արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրեր, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի միութենական մարմիններու անդամներ։

Աւելի քան ժամ մը տեւած եւ շատ ջերմ ու սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձ եղաւ համայն հայութիւնը յուզող հարցերու։ Տիկին Յակոբեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ընթացք առած բարեփոխումներուն բազմաթիւ եւ մասնաւորաբար տնտեսական մարզերէն ներս։ Ան շեշտեց հայրենի պետականութեան հզօրացման ի խնդիր հայրենի տնտեսութեան զարգացման կարեւորութիւնը եւ այս նպատակով՝ ներդրումներու անհրաժեշտութինը։ Տիկին նախարարուհին բարձր գնահատեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընդհանրապէս հայրենանպաստ գործունէութիւնը եւ մասնաւորաբար սուրիահայ գաղթականներու Հայաստան ընդունման եւ տեղաւորման աշխատանքներուն անոր աջակցոթիւնը։ Ան լուսաբանութիւններ ու բացատրութիւններ տուաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ՝ կրթական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Արցախի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին, սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութեան եւ հուսկ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան կատարած այցելութեան անդրադարձներու մասին։

Այսպիսի օգտաշատ հանդիպումները աւելի յաճախակի տեսնելու մաղթան-քով, Տիկին Հրանուշ Յակոբեան հրաժեշտ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։