Հրանուշ Յակոբեանի այցելութիւնը Հռիփսիմեանց Վարժարան՝ «Առանձնայատուկ օր մը»

Հրանուշ Յակոբեանի այցելութիւնը Հռիփսիմեանց Վարժարան՝ «Առանձնայատուկ օր մը»

Աշխատանքային այցով Դեկտեմբեր 10-13 Լիբանան այցելած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Դեկտեմբեր 13-ին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ պաշտօնական հիւրերու ուղեկցութեամբ, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարան:

Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, ծնողական վարչութեան անդամներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան պաշտօնական հիւրերուն հետ յարգանքի տուրք մատուցանեց վարժարանի շրջաբակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքարին մօտ` վառելով ոգեղէն կեանքի յաւերժալոյս մոմը եւ զայն զետեղելով խաչքարին դիմաց:

Այնուհետեւ վարժարանի մուտքին մօտ աւարտական դասարանի աշակերտները նախարարը դիմաւորեցին աղուհացով:

Նախարարի այցելութեան առիթով վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` ներկայացուած աշակերտներուն կողմէ:

Ողջոյնի խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց նախարարին` իրենց կրթօճախ այցելութեան համար եւ աւելցուց, որ նման հանդիպումները նաեւ զիրենք կը քաջալերեն` դաստիարակելու սերունդ, որ միշտ հայրենիքի կողքին ըլլայ, անոր ծառայելու ոգի ունենայ:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց Մայրենիի պահպանումը եւ յորդորեց աշակերտներուն լաւ սորվիլ, որպէսզի կարենան բարձունքներ նուաճել ու օգտակար ըլլալ ո՛չ միայն իրենց համայնքին, բնակութեան երկրին, այլեւ` հայրենիքին:

Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ 95-ամեայ վարժարանին մատուցած հայապահպան ծառայութիւնը` աշակերտներուն հայեցի դաստիրակութիւն փոխանցելու ուղղութեամբ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք չեն խնայեր, որպէսզի Սփիւռքի մէջ մեծցող հայ աշակերտներու հոգիին մէջ միշտ վառ մնայ հայկական ինքնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը:

Այնուհետեւ վարժարանին կողմէ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին փոխանցուեցաւ յուշանուէր` վարժարանի եւ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարի համայնապատկերով:

Աւելցնենք, որ վարժարանի շրջաբակին մէջ տեղադրուած խաչքարը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Խաչքարը պատրաստուած է Հայաստանի մէջ: Հեղինակը Զաւէն Փալիկեանն է, իսկ հովանաւորը` տէր եւ տիկին Պոյաճեանները: Խաչքարի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած էր 2015 թուականի Ապրիլ 19-ին` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, որուն ընթացքին ցուցադրուած էր նաեւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի տեսաուղերձը: Արարողութեան ներկայ եղած էին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս, Պապական Նուիրակը՝ Կապրիէլ արքեպիսկ. Քաչչիա եւ ուրիշներ:

«Խաչքարը մեր հայրենիքի ներկայութիւնն է, միաժամանակ կը խորհրդանշէ յիշելու եւ պահանջելու չմարող ոգին, որ կը փոխանցենք նաեւ մեր աշակերտներուն»,-«Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցին իր խօսքը եզրափակած էր Արմինէ Մակարոսեան:

«Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի այցելութիւնը առանձնայատուկ օր էր մեր վարժարանին համար, ուրախութեան, գնահատանքի եւ հպարտութեան պահեր ապրեցանք բոլորս: Շատ պաշտօնեաներ մեր դպրոց այցելած էին, բայց այս հանդիպումը այլ էր, առանձնակի ջերմ ու մտերմիկ: Հանդիպման քանի մը վայրկեաններն ալ բաւական էին` հասկնալու, որ գործ ունինք բացառիկ անձնաւորութեան հետ, գիտակից, լաւ պատրաստուած, միաժամանակ` շատ պարզ, համեստ: Թէ՛ մեծերու, թէ՛ փոքրերու հետ նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընկերական էր ու շատ անկեղծ: Այդ հանդիպումը յաւերժ պիտի դրոշմուի ո՛չ միայն ներկաներուս` ուսուցչական կազմի, աշակերտներու, ծնողներու յիշողութիւններուն մէջ, այլեւ պիտի մնայ դպրոցի պատմութեան էջերուն մէջ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ վարժարանի տնօրէն Արմինէ Մակարոսեան: