ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆ ՀԱՅԱՍԷՐ ՈՒ ՀԱՅԱԳԷՏ ԱՌԱՔԵԱԼ՝ ՀԱՅՐ ՓԵԹԵՐ ՀԱՆՍ ՔՈԼՎԵՆՊԱԽԻՆ

ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆ ՀԱՅԱՍԷՐ ՈՒ ՀԱՅԱԳԷՏ ԱՌԱՔԵԱԼ՝ ՀԱՅՐ ՓԵԹԵՐ ՀԱՆՍ ՔՈԼՎԵՆՊԱԽԻՆ

Յիսուսեան Միաբանութեան հետ՝ Լիբանանի ամբողջ քրիստոնեայ ընտանիքն է որ 30 նոյեմբեր 2016¬ին, Ժամհուրի Տիրամօր եկեղեցիին մէջ վերջին հրաժեշտը տուաւ Յիսուսեան Միաբանութեան նախկին ընդհանուր մեծաւոր (1983¬2008), հայր Փեթեր¬Հանս Քոլվենպախին, որ վախճանեցաւ Պէյրութի մէջ, շաբաթ, 26 նոյեմբերին, իր 88¬րդ տարեդարձէն քանի մը օր առաջ։ Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան մասնաւորաբար Պապական Նուիրակը՝ Կապրիէլ եպիսկ. Քաչչիա, մարոնիթներու Պատրիարքը՝ Ամենապատիւ կարդինալ Պշարա Ռաի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Յիսուսեան Միաբանութեան նորընտիր ընդհանուր մեծաւոր հայր Արթուրօ Սոզա Ապասքալ, Միաբանութեան շրջանային մեծաւորը, բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։

Երջանկայիշատակ հայր Քոլվենպախ ծագումով հոլանտացի էր եւ քահանայ՝ հայածէս ձեռնադրութեամբ 29 յունիս 1961¬ին, Պէյրութի մէջ, հակառակ անոր որ յիսուսեաններու նորընծայարանին մէջ կազմաւորուած էր 20 տարեկանէն սկսեալ, մինչ ճարտարապետութեան ասպարէզին կը պատրաստուէր։

1 հոկտեմբեր 1958¬ին է որ Փեթեր¬Հանս Քոլվենպախ առաջին անգամն ըլլալով ժամանեց Լիբանան՝ իբրեւ Պէյրութի Արեւելեան Նորընծայարանի աստուածաբանութեան ուսանող։ Հայածէս արարողութեամբ քահանայ ձեռնադրուելէ ետք, 1964¬ին կը մեկնի Ֆրանսա հայագիտական եւ հայերէն լեզուի բարձրագոյն ուսմանց համար։ 1968¬ին կը վերադառնայ Պէյրութ ընդհանուր լեզուագիտութիւն եւ գրաբար հայերէն դասաւանդելու համար Արեւելագիտութեան Կաճառին մէջ եւ միաժամանակ կը նշանակուի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի փիլիսոփայութեան կաճառի տնօրէն։ Կ՛իջեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի յիսուսեան հայրերու տունը, Ժէիթաուի, որ Պէյրութի հայաբնակ կարեւոր թաղերէն մէկն էր այդ օրերուն, իսկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը հայ դպրոց էր իր հայ աշակերտութեամբ, հայ ուսուցչակազմով եւ յիսուսեան հայ եւ այլազգի բայց հայախօս հայրերով։

1974¬1981 կը վարէ Միաբանութեան շրջանային մեծաւորի պաշտօնը, այս հանգամանքով շրջելով Լիբանան, Եգիպտոս եւ Սուրիա։ 1981¬ի յունուարին կը նշանակուի Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան Կաճառի տեսուչ, եւ երկու տարի ետք կ՛ընտրուի Յիսուսեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր։ 2008¬ի յունուարին ընդհանուր մեծաւորի պաշտօնէն հրաժարելու արտօնութիւն կը ստանայ եւ 2008¬ի մարտին կը վերադառնայ Լիբանան, իր հիմնական առաքելավայրը։ Այս վերադարձին պատճառներէն մէկը Արեւելեան Մատենադարանի Հայկական Հիմնադրամը կ՛ըլլայ։

2009¬ին միաբանակից վարդապետի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, հայր Քոլվենպախ այս մասին կը պատմէ.¬ «Վերադարձիս պատճառներէն մէկը այն տխուր իրողութիւնն էր որ լուսահոգի հայր Սահակ Քէշիշեանի մահուընէ (2005) ետք, 17¬րդ դարուն յիսուսեաններուն կողմէ սկսուած Հայաստանի Առաքելութեան (Mission d’Armռnie) միակ կտակառու մնացած էի ես։ Հայոց ծառայելու համար Միաբանութիւնը կազմաւորեց ճեմարաններու եւ վարժարաններու ամբողջ ցանց մը։ 24 ապրիլ 1915¬ին, Թալալ Փաշան գործադրեց Հայերու բնաջնջման եւ մասսայական տեղահանման ընդարձակ ծրագիր մը։ Հետեւելով աքսորական Հայերուն, յիսուսեանները անոնց համար ճեմարաններ հիմնեցին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Համալսարանական մակարդակի վրայ Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանին մէջ հիմնուեցաւ հայագիտութեան ամպիոն մը, որ դեռ եւս այսօր ունի գիրքերու եւ վաւերագրութիւններու շատ կարեւոր պաշար մը Արեւելեան Մատենադարանին մէջ։ Հայագիտութեան ամպիոնները փակուեցան աշակերտներու չգոյութեան պատճառով։ Հայաստանի Առաքելութենէն կը մնայ միայն հրատարակութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու այս կարեւոր հաւաքածոն որ ինծի յանձնուած է»։

Ահա, ծագումով հոլանտացի, բայց հայածէս ձեռնադրութեամբ այսպիսի հայասէր ու հայագէտ յիսուսեան վարդապետ մըն էր հայր Փեթեր¬Հանս Քոլվենպախ, որուն խոնարհութիւնը միայն կը գերազանցէր իր մեծութիւնը որպէս գիտնական։ Ան եղաւ այն Յիսուսեան առաքեալներէն որոնք նուիրուեցան տարագիր Հայութեան խլեակներուն հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան։ Անոնց սորվեցուցին հայրենասէր ըլլալ, իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան կառչիլ, սորվեցուցին աղօթել որպէսզի Աստուած իրենց հայրենիքին վերադարձնէ իր ազատութիւնը։

Այսպիսիներէն էր հայր Փեթեր¬Հանս Քոլվենպախ։

 

Ս. Ն.