ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏ ԳԵՐ․ Հ․ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ ՊԱՀԷԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏ ԳԵՐ․ Հ․ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ ՊԱՀԷԵԱՆԻ ՀԵՏ

Անկասկած որ մեր համայնքային կեանքին մէջ, մեծ դեր ու աշխատանք կը կատարեն մեր հոգեւորական հայրերը։ Անոնց նուիրեալ ու բազմապիսի ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն՝ բոլորին գնահատանքին ու յարգանքին արժանի պէտք է ըլլայ։ Այդպէս եղած է Հայ Եկեղեցին իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մանաւանդ երբ զրկուած եղած ենք պետականութենէ, հոգեւորական հայրերն են որ առաջնորդած ու հովուած ժողովուրդը ամենադժուար պայմաններուն, պահպանած մեր Ս․ Կրօնը, մշակոյթն ու արժէքները։

Բոլորս այսօր իրազեկ ենք Սուրիոյ ապրած պատերազմական պայմաններուն եւ անոր աղէտալի հետեւանքներու մասին ։ Այս ցաւալի իրավիճակի բազմաթիւ զոհերէն մէկը կը հանդիսանայ սուրիահայութիւնը։ Այս կայուն ու ծաղկուն գաղութը այսօր կ’ապրի բազմաթիւ դժուարութիւններ ու տուած է մարդկային ու նիւթական մեծ կորուստներ։ Մխիթարական է սակայն որ այս տագնապի ամբողջ տեւողութեան հայ եկեղեցւոյ սպասարկուները կը մնան պատնէշի վրայ, ժողովուրդին կողքին, ջանալով ընել կարելին մեղմելու ցաւերը, քաջալերելու, աղօթքով ամրացնելու հաւատացեալները, յոյսով ու վստահութեամբ Աստուծոյ ողորմութեան վրայ։ Այս նուիրեալ հոգեւորականներէն է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ հ․ Գէորգ վրդ․ Պահէեանը, որ կը ծառայէ Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւելի քան 7 տարիներէ ի վեր ու համայնքի առաջնորդ արհի․ Յովսէփ եպս․ Առնաութեանի հետ միասին կը մնայ իր հօտին գլուխը, արհամարհելով ամէն վտանգ ու դժուարութիւն։ Սոյն կարճ հարցազրոյցը կատարեցինք գերապատիւ վարդապետին հետ, որպէսզի «Մասիս»ի ընթերցողները մօտէն ծանօթանան իր հետ ու լսեն իր կարծիքը դամասկահայութեան ներկայ իրավիճակի մասին։

– Գերապատիւ վարդապետ, նախ պիտի խնդրենք որ տաք ձեր կենսագրական տուեալները։

Ծնած եմ Քամիշլի 1982 թուականին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մէջ։ Նախնական ուսումս ստացած եմ տեղւոյն հայ կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարանին մէջ։ 10 տարեկան հասակիս արդէն փափաքը ունեցայ վանք մտնելու։ 2 տարի յաճախելէ ետք Մխիթարեան հայրերու Պիքֆայայի դպրեվանքը, փոխադրուեցայ Զմմառ։ Ուսումս շարունակած եմ այնտեղ յաճախելով Լիբանանի ու շրջան մը Հալէպի վարժարանները։ Համալսարանական աստուածաբանական ու իմաստասիրական ուսումներս կատարած եմ Հարիսայի «Պօղոսեան» հայրերու Ս․Պօղոս հիմնարկին մէջ, ապա 2006 թուականին մեկնած եմ Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան ուր երկու տարի մասնագիտացած եմ ծիսագիտութեան մէջ, որպէս աւարտաճառ ընտրելով «Ս․ Խաչը Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին մօտ» նիւթը։ 2010 թուականին կը ձեռնադրուիմ կուսակրօն քահանայ Քամիշլիի Ս․ Յովսէփի տօնին, 19 մարտ, եւ առաջին առաքելութիւնս կ’ըլլայ Դամասկոս, ուր կը շարունակեմ ծառայել մինչեւ օրս։

– Դժբախտաբար հ․ Գէորգ, դուք չի կրցաք վայելել Դամասկոսի խաղաղ ու ապահով օրերը։ Ձեր առաքելութեան սկիզբէն տարի մը չանցած արդէն սկսան սուրիական տագնապի դժուարին օրերը։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Դամասկոսի հայ կաթողիկէ համայնքին վիճակը տագնապի սկզբնաւորութենէն վեց տարի ետք։

Երբ ես սկսայ իմ առաքելութիւնս Դամասկոս, այստեղ գտայ կազմակերպուած ու աշխոյժ համայնք մը։ Եկեղեցի կը յաճախէին բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Կը հանդիպէինք կիրակի օրերը Ս․ Պատարագներուն ու ամբողջ շաբթուայ ընթացքին երիտասարդներ կը լեցնէին եկեղեցւոյ շրջափակը զանազան գործունէութիւններով։ ՀԿՄ.ականներ, «Քնար» երգչախումբ, սկաուտական խումբեր ու հոգեւոր եղբայրակցութիւններ։ Այս աշխուժութիւնը շարունակուեցաւ նոյնիսկ տագնապի սկզբնաւորութենէն ետք մինչեւ 2012 թուականի վերջաւորութիւնը, քանի Դամասկոս համեմատաբար ապահով վիճակ ունէր, սակայն աւելի ուշ ստեղծուած վտանգաւոր դրութիւնը քաղաքիս շուրջ ու շարունակուող ռմբակոծումները մանաւանդ քրիստոնէաբնակ շրջաններու ու մեր եկեղեցւոյ շրջակայ թաղերը, վախի մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Ինչպէս նաեւ տագնապին հետեւանքով ստեղծուած բազմաթիւ դժուարութիւնները մղեցին շատեր գաղթելու երկրէն։ Այս պատճառաւ եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն թիւը մեծապէս նօսրացաւ։ Ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ մանաւանդ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն թիւի նուազումը։ 2010-ին ՀԿՄ Պատանեկանը գրեթէ 60 երիտասարդներ ու պատանիներ ունէր որպէս անդամ, սակայն այս թիւը մեծապէս նուազած է այսօր։ Անշուշտ այս ցաւը միմիայն մեր եկեղեցւոյ ցաւը չէ, այլ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները կը տառապին նոյն դժուարութիւններէն. բայց մեր թիւը ի սկզբանէ աւելի քիչ ըլլալով, այս ամէնը մեր մօտ աւելի ակնյայտ է ու շեշտուած։

– Ի՞նչ կը մտածէք Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւման կարելիութիւններուն մասին։ Արդեօք պէ՞տք է ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ։ Կը կարծէ՞ք որ քրիստոնեաները պէտք է մնան Միջին Արեւելքի մէջ։

Քրիստոնեաները պէտք է մնան Սուրիոյ մէջ, քանի որ նախ Սուրիան մեր ալ երկիրն է։ Յիսուս Քրիստոս իր քարոզութիւնը սկսաւ արեւելքէն, Սուրբ Երկրէն, ուրեմն հիմքը քրիստոնէութեան այս երկիրներուն մէջ է։ Դժբախտաբար, մենք կը գտնուինք կրակի եւ ջուրի միջեւ։ Մնալ այս երկրին մէջ կը նշանակէ այրիլ, իսկ գաղթել՝ խեղդուիլ ու կորսուիլ։ Անոր համար շատ դժուար է որոշել ու կողմնորոշուիլ։ Եկեղեցին անշուշտ կը յորդորէ չմեկնիլ, մնալ, պայքարիլ ու պահել մեր ժառանգութիւնը ու հոգեւոր հարստութիւնը այս երկիրներուն մէջ, բայց ոչ մէկուն կարելի է ստիպել որպէսզի չգաղթէ ու չմեկնի, մանաւանդ այնպիսի վայրերէ ինչպէս Հալէպը, ուր վտանգը, անապահովութիւնն ու դժուարութիւնները շատ աւելի մեծ են։ Մեր մաղթանքն է որ ոեւէ անձ գաղթելու որոշում առնելու պահին այդ որոշումը լաւ մտածելով ու հասունութեամբ առնէ։

– Եկեղեցին ի՞նչ կ’ընէ այսօր քրիստոնեաներուն համար որոնք կը մնան Սուրիոյ մէջ։ Ինչպէ՞ս կը ջանայ բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ անոնց։

Եկեղեցին մայր է եւ մայրը անպայման իր գուրգուրանքը պիտի տայ իր զաւակներուն։ Դամասկոսի մեր Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պարագային, մենք մեր կարելին կ’ընենք օգտակար հանդիսանալու կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Որպէս նիւթական օգնութիւն, համայնքիս բարեսիրական միութեան ճամբով ամսական դրութեամբ նիւթական յատկացումներ կը կատարենք համայնքի այն ընտանիքներուն որոնք իսկապէս կարիք ունին: Ինչպէս նաեւ կը գործէ Դամասկոսի շտապ օգնութեան մարմինը, Դամասկոսի հայ համայնքապետերու հովանաւորութեամբ եւ բոլոր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: ԴՇՕՄ-ը որ մէկ մասնաճիւղն է Սուրիոյ շտապ օգնութեան մարմնին, կը կատարէ օժանդակութիւններ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք յայտնուած են դժուար կացութեան մէջ, ներկայ ճգնաժամին հետեւանքով: Կը տրուին նիւթական օգնութիւններ, սննդական օգնութիւններ, դպրոցականներուն կը տրամադրուի գրենական պիտոյքներ եւ այլն: Այս օգնութիւնները կարելի կ’ըլլայ կատարել, շնորհիւ այն բարերարներուն որոնք աշխարհի տարբեր երկիրներ բնակող ազնուական հայորդիներ են ու իրենց օգնութիւնը չեն զլանար իրենց սուրիահայ եղբայրներուն: Ինչպէս նաեւ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մեծաքանակ օժանդակութիւն ուղարկեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ հայ քաղաքացիներուն: Դամասկոսի տրամադրուած բաժինը, սննդեղէն եւ հագուստներ, բաժնուեցաւ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:

– Գերապատիւ վարդապետ, կ’ուզէինք գիտնալ թէ այլ երկիրներու մէջ գտնուող մեր Հայ կաթողիկէ առաջնորդարաններու ու ժողովրդապետներու հետ ի՞նչ կապեր ունիք եւ ի՞նչ ձեւով օգտակար կ՝ըլլան անոնք Դամասկոսի մեր ժողովրդապետութեան:

Մենք տեղեակ ենք թէ մեր առաջնորդարաններն ու ժողովրդապետութիւնները օգնութեան ձեռք կ’երկարեն մեր համայնքի այն զաւակներուն որոնք գաղթած են այլ երկիրներ։ Անոնք անպայմանօրէն որպէս հարազատ տուն կը դիմեն տեղւոյն Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ստանալով բարոյական ու նիւթական ամէն կարելի օգնութիւն։ Այս մէկը շատ շնորհակալ կեցուածք է: Շատեր մեր եղբայր ժողովրդապետներէն կապ կը հաստատեն մեր հետ, կը քաջալերեն ու կը յուսադրեն, սակայն կը կարծեմ որ աւելի համադրուած աշխատանք պէտք է տարուի, ի նպաստ Սուրիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքներուն: Ես պիտի ուզէի որ մեր եղբայր ժողովրդապետները մեր ձայնը լսելի դարձնէին ամէն տեղ, թէ կայ Դամասկոսի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնք, Առաջնորդութիւն ու Ժողովրդապետութիւն: Տակաւին կանգուն է ի հեճուկս ամէն դժուարութիւններու: Ինչպէս միշտ, տեղի կ’ունենան Ս. Պատարագները մեր եկեղեցւոյ մէջ, տօնական ու այլ արարողութիւններ կը կատարուին: Առաջնորդարանը կը գործէ բնականոն: Համայնքիս միութիւններն ալ կը կազմակերպեն գործունէութիւններ ու հանդիպումներ: Ուրեմն պէտք է մեր ձայնը լսելի դարձնել ու նեցուկ կանգնիլ որպէսզի շարունակուի Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն:

– Վերջապէս Հայր Գէորգ, Ի՞նչ կ’ուզէիք մաղթել, մանաւանդ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին:

Կ՝ուզէի մաղթել որ Տէր Աստուած ունկնդրէր բոլորիս աղօթքները ու խաղաղութիւն պարգեւէր Սուրիոյ, քանի որ ալ յոգնած է մեր ժողովուրդը ու անհամբեր կը սպասէ խաղաղ եւ երջանիկ օրերու: Կ’ուզեմ ի վերջոյ կոչ ուղղել մեր ժողովուրդի զաւակներուն որպէսզի չյուսահատին քանի որ մեծ է Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ գութը իր զաւակներուն նկատմամբ եւ անպայման որ Տէրը չի լքեր այս Սուրբ երկիրը` Սուրիան:

 

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
«Մասիս»ի աշխատակից