Երրորդ տարին ըլլալով Ան. Յղ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանը «Կոկիկեան» Հիմնարկի Ա. Մրցանակակիր

Երրորդ տարին ըլլալով Ան. Յղ. Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Հռիփսիմեանց վարժարանը «Կոկիկեան» Հիմնարկի Ա. Մրցանակակիր

Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան արաբերէն շարադրութեան մրցումի մրցանակաբաշխութիւնը: «Կոկիկեան» հիմնարկը սոյն մրցանքը կը կազմակերպէ հինգերորդ տարին ըլլալով:

Ձեռնարկը վարեց Արամ Գարատաղլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց «Կոկիկեան» հիմնարկի տնօրէն խորհուրդի անդամ Զիատ Հայեքը փոխանցելու հիմնարկին խօսքը:

Զիատ Հայեք շեշտեց, թէ այն աշակերտները, որոնք գերազանցիկ էին արաբերէնին մէջ եւ որոնք պիտի պարգեւատրուին, իրենց նպաստը բերած եղան «Կոկիկեան» հիմնարկի նպատակին` լիբանանահայ համայնքին համարկումը լիբանանեան ընկերութեան մէջ: Ան աւելցուց, թէ «Կոկիկեան» հիմնարկին նպատակն է զարկ տալ լիբանանահայութեան մասնակցութեան Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքին, որպէսզի հայ համայնքը կարենայ ստանալ իր ամբողջական իրաւունքները:

Արաբերէն շարադրութեան «Կոկիկեան» մրցանակը փոխանցուող մրցանակ մը ըլլալով, 2015 տարուան մրցանակակիր, Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի աշակերտ Լիւսի Թապաքեան մրցանակը վերադարձնելէ ետք Զիատ Հայեքի, բեմ բարձրանալով ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին, որ կը քաջալերէ արաբերէնի մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները, եւ հիմնարկին ծաւալած այս աշխատանքը մեծ պատիւ է,որովհետեւ այդպիսի աշակերտներն են որ Լիբանանի մտաւոր եւ մշակութային արժէքը կը կազմեն, անոնք կու գան զօրացնելու այն ուժը, որուն վրայ հիմնուելով է, որ կը կերտուի Լիբանանի լուսաւոր ապագան: Ան նշեց, թէ Կոկիկեան հիմնարկին աշխատանքները չեն սահմանափակուիր միայն արաբերէնի գերազանցիկներու պարգեւատրումին, այլ նաեւ անիկա քաջալեր կը հանդիսանայ եւ կ՛ուղղէ հայ երիտասարդները ստանձնելու պետական, հանրային պաշտօններ:

«Կոկիկեան» հիմնարկը նիւթապէս կ՛օգնէ նաեւ դպրոցներուն մէջ գերազանցիկ այն աշակերտներուն, որոնք փափաք ունին համալսարան յաճախելու` անոնց համալսարանական թոշակը վճարելով: «Կոկիկեան» հիմնարկի օժանդակութեամբ համալսարանաւարտ Մելքոն Էլեճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին` որ զինք դարձնելով այդ մեծ ընտանիքի անդամներէն մէկը՝ իրականացուց իր փափաքը յաճախելու իր նախընտրած համալսարանը:

Ապա լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու արաբերէնի մէջ գերազանցիկ աշակերտները մրցանակներ ստացան «Կոկիկեան» հիմնարկի յանձնախումբին կողմէ:

Օրուան հիւր բանախօսն էր «Սոտեթել» ընկերութեան տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին՝ Լիբանանին ու հայութեան ի նպաստ կատարած անոր ներդրումներուն համար: Ան շնորհաւորեց հոն ներկայ գտնուող աշակերտները: Ան շեշտեց, թէ արաբերէնի հանդէպ անոնց տածած սէրն ու անոնց կառչածութիւնը արաբերէնին ինքնին մեծ ձեռքբերում մըն է ո՛չ միայն լիբանանահայ աշակերտին, այլեւ լիբանանցի աշակերտին համար ընդհանրապէս: Ֆարաճեան ըսաւ, թէ պատիւ է իրեն համար այս հանդիպման ներկայ գտնուիլ, որովհետեւ այս ձեռնարկը զուտ լիբանանեան ազգային ձեռնարկ է, որուն նիւթը արաբերէնն է, որ լիբանանեան պետութեան ու ինքնութեան հիմքերէն մէկը կը կազմէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի սահմանադրութեան նախաբանին գլխաւոր կէտերէն է: Ան շեշտեց, թէ այս հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս հայկական մշակութային արժէքներու պահպանումն ու լիբանանեան հայրենիքի եւ անոր լեզուին նկատմամբ հաւատարմութիւնը կրնան հաւասարապէս եւ ներդաշնակ ընթանալ:

Գեղարուեստական յայտագիրով «Պհըպպաք եա Լըպնան» երգով հանդէս եկաւ Նժդեհ Պոտրումեան:

Հանդիսութեան աւարտին Արամ Գարատաղլեան յայտարարեց արաբերէն շարադրական մրցումի երեք մրցանակակիրներուն անունները: Երրորդ մրցանակը ստացաւ Փերլա Պասեթ (Հայ Աւետարանական Քոլէճ), երկրորդ մրցանակը ստացաւ Վահագն Չլտըրեան (Դարուհի- Յովակիմեան), իսկ գլխաւոր մրցանակը ստացաւ Լէա Հապիպեան (Հռիփսիմեանց վարժարան):

Հուսկ առաջին մրցանակակիր Լէա Հապիպեան կարդաց իր շարադրութիւնը, իսկ Հռիփսիմեանցի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան երրորդ անգամն ըլլալով ստանձնեց «Ալ Պայան»ի մրցանակը: