Ոչ միայն նո՛ր Նախագահ…այլեւ՝ նո՛ր Լիբանան ու լիբանանցի

Ոչ միայն նո՛ր Նախագահ…այլեւ՝ նո՛ր Լիբանան ու լիբանանցի

25 Մայիս 2014-ը Լիբանանի համար դարձած էր յուսակոտոր թուական մը, երբ նախագահ Միշէլ Սլէյման իր պաշտօնաշրջանը աւարտելով դուրս եկաւ պալատէն թափուր ձգելով աթոռը: Այնուհետեւ, անոր յաջորդ մը ընտրելու յաջորդական փորձերու ձախողութիւնը, ակնյայտ արգելքներու պատճառով, «պարա-պութեան» եւ ապագայի հանդէպ անորոշութեան զգացումով մը պատած էր լիբանանցիները։ Միայն «բաց մը» գոցելու նպատակով նախագահի մը ընտրութիւնը այլեւս բաւարար պիտի չըլլար լիբանանցիները ձերբազատելու համար այդ ապագայի հանդէպ անվստահութեան յուսահատեցնող զգացումէն։Այս տագնապալի իրադրութեան դիմաց, Լիբանանի «փրկիչը» ըլլալու յաւակնութիւնը զգացուցին քրիստոնեայ բոլոր կուսակցապետերը, սակայն, յարմարներուն մէջէն յար-մարագոյնը նկատուելու համար պահանջուած արժանիքները բաւարար չէին անշուշտ, այլ յարմարագոյնին շուրջ բաւարար համախմբուածութիւն յառաջացնելու բազմաբնոյթ՝ տեղական ու շրջանային՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական արգելքները հարթելու խնդիրն էր դժուարագոյնը, որուն լուծումին նախապատրաստութիւնը տեւեց աւելի քան 2,5 տարի։

Արդարեւ, 31 Հոկտեմբեր 2016, կէսօրուայ ժամը 12:00-ին խորհրդարանին զանգը երեսփոխանները հրաւիրեց ընտրական նիստի, եւ երկու ժամ ետք՝ ծնաւ այնքան սպասուած նախագահը Լիբանանի Հանրապետութեան՝ զօրավար Միշել Աուն։ Խորհրդարանի լիագումար նիստին ներկայ 127 երեսփոխաններէն 83-֊ին քուէներով զօր. Միշել Աուն կոչուեցաւ ստանձնելու նախագահութիւնը։ Երդման արարողութենէն ետք, ան իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկրին հիմնախնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին:

Ամբողջ Լիբանանը յուզումնախառն ուրախութեամբ հետեւեցաւ այս պատմական իրադարձութեանց, որոնք ծնունդ տուին նախագահական նոր ժամանակաշրջանի մը, որ սահմանուած է երկիրը աստիճանաբար վերադարձնելու իր երբեմնի յարաբերաբար առողջ վիճակին։ Սակայն ակամայ կը տարուինք հարց տալու թէ որպէսզի Լիբանան վերագտնէ այդ վիճակը, բաւարա՞ր է արդեօք նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, կարիքը չկա՞յ արդեօք որդեգրումին նաե՛ւ նոր մտայնութեան: Այն վայրկեաններուն երբ կը կատարուէր պաշտօնի փոխանցումն ու ստանձնումը պետական մակարդակի վրայ, արդեօք փոխանցում ու ստանձնում մը կը կատարուէ՞ր նաեւ ժողովրդային մակարդակի վրայ, այսինքն վերջակէտ մը կը դրուէ՞ր փոխադարձ անվստահութեան, իրարամերժութեան, ոխի, բաժանումի հին մտայնութեան եւ ասոր հետեւանքով յառաջացած անբաղձալի մթնոլորտին, ծնունդ տալու համար նոր մտայնութեան մը, որով կը բնորոշուի լիբանանեան նոր ընկերութեան մը իմաստն ու դերը, թէ՞ պարզապէս հին գինին նոր տիկերու մէջ կը լեցնէինք:

Լիբանանի ժողովուրդը յատկանշուած ու ճանչցուած է իր քաղաքակրթական բարեմասնութիւններով, բարեկրթութեամբ, ազատամտութեամբ, լայնամտութեամբ, բազմակարծութեամբ ու համերաշխասիրութեամբ: Ան կոչուած է ըլլալու ժողովուրդ մը, որ կը ձգտի մարմնացնելու ու տարածելու իր մշակոյթը, գիրը, գրականութիւնն ու արուեստը, ծրագրելու իր ապագան, քայլ պահելու յառաջդիմութեան եւ նորութիւններուն հետ, արժեւորելու աստուածատուր իր բնութիւնը, բարելաւելու քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական մարզերը, եւ յիշելով իր տառապալի օրերը՝ դառնալու խաղաղ համակեցութեան օրինակ։ Ժողովուրդ մը՝ որ նախանձախնդիր է իւրաքանչիւր քաղաքացիի արժանապատուութեան, գիտէ տոկալ զրկանքներու՝ տէր մնալու համար իր ինքնիշխանութեան, ազատութեան ու ճակատագրին եւ այս բոլորին համար գիտէ աղօթել իր նահատակներու դիտաւորութեամբ։

Սակայն որպէսզի այսպիսի օրինակելի ու տիպար ժողովուրդ մը ունենանք կարիքը կայ անգիր դաշնագիրի մը՝

որ դրոշմուած ըլլայ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ, եւ ոչ թէ լոկ թուղթի վրայ,

որ արդարօրէն եւ հաւասարապէս հովուէ ու առաջնորդէ պետութիւնն ու ժողովուրդը դէպի նաւահանգիստն միասնականութեան եւ խաղաղութեան,

որ առանց խտրութեան եւ զատողութեան գործէ երկրին բոլոր հողամասերուն վրայ, ընդգրկելով բոլոր կառոյցները:

Այսպէսով է որ քաղաքացին կը կապուի իր հողին, կը զգացուի հայրենիքի շահերուն գերադասութիւնը, եւ հայրենիքը կը գոյատեւէ:

Այսպէսով է նաեւ որ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի արտագաղթողներու տունդարձին, որովհետեւ ընդունելի չէ որ գաղթականներու թիւը գերազանցէ բնիկներուն թիւը՝ դուռը բաց պահելով օտար միջամտութիւններուն առջեւ տեղական հարցերու լուծման մէջ։ Գիտնականներ, բժիշկներ, գրագէտներ, տնտեսագէտներ, եւ տարբեր մարզերու մէջ զարգացած, փորձառու եւ ստեղծագործ լիբա-նանցիներ դառնալու են Լիբանանի զէնքը, եւ ոչ օտարինը: Իւրաքանչիւր քաղաքացի իր տեղն ունի Լիբանանի մէջ, եւ չկայ տեղ եթէ ոչ մի միայն իրեն համար:

Նախագահական ընտրութիւնը պատմական պատասխանատուութիւն մըն է. պատասխանատութիւն մը որ չի սահմանափակուիր միայն խնդրոյ առարկային կամ պետական անձնաւորութիւններուն վրայ, այլ՝ կ՛ընդգրկէ իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր անհատ, որ այս հողին պատկանելիութեան հոգի ունի: Շնորհիւ քաղաքացիին զոհողութիւններուն, զրկանքներուն եւ նահատակութիւններուն է որ հայրենիքը կը դառնայ հող զաւակներու եւ թոռներու, եւ ոչ միայն հող նախահայրերու եւ հայրերու: Այսօր աւելի քան երբեք Լիբանանը կանչուած է հիմնելու պետութիւն մը, որուն միակ մտահոգութիւնը ըլլայ Լիբանանն ու լիբանանցին, որ իր կարգին կանչուած է գիտակից կեցուածք մը ցուցաբերելու փոփոխու-թիւններուն եւ բարեկարգումներուն դիմաց, ետին ձգելով ոխակալ արգելքները: Ամէն միջոց ու ամէն ժամանակ կրնայ առիթ դառնալ պատերազմի, սակայն խաղաղութեան միջոցն ու ժամանակը մէկ է՝ միասնականութիւնը: Պետութիւններու ծնունդը աւելի դժուար է քան անոնց քանդումը: Կարելի չէ հայրենիք մը շահագործել կամ բեկորներու բաժնել մեկնելով անձնական շահերէ եւ մինչեւ իսկ քմահաճոյքներէ. հայրենիք մը չի տարածուիր մեր չափերուն համաձայն, մենք ենք որ կը տարածուինք հայրենիքին մէջ: Նախագահի ընտրութիւնը պատմական երեւոյթ մըն է պետութիւն շինելու, որուն այնքան երազած է լիբանանցին իր զրկանքներուն ու նահատակներուն ընդմէջէն: Լիբանանի յաւերժութեան ի խնդիր իսկական դաշնագիրը կը կայանայ լիբանանցիներու վեհութեան ու խոնարհութեան մէջ, անոնց միասիրտ ու միախորհուրդ գաղափարականին մէջ, անոնց յաղթանակներուն ու յաջողութիւններուն մէջ, անոնց իմաստութեան եւ ուժին մէջ, անոնց վկայութեան մէջ:

Ինչպէս միշտ, լիբանանցին այսօր եւս՝ նորընտիր նախագահով, իր յոյսերը կը վերանորոգէ Լիբանանի ապագային նկատմամբ, պետական իշխանութիւններուն հանդէպ իրեն վստահութիւն ներշնչող գործընթացներու ազդանշանը տրուած տեսնելու արդար ակնկալութեամբ:

Մենք մեր կարգին Հանրապետութեան նոր նախագահին՝ ժէնէրալ Միշել Աունին, կը մաղթենք քաջառողջութիւն, բեղուն ու արդիւնաշատ յաջողութիւններ:

 

Ս.Կ.