Հ. Ներսէս թ.ծ.վ. Զապպարեան կը նշանակուի Պաղտատի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Փոխանորդ

Հ. Ներսէս թ.ծ.վ. Զապպարեան կը նշանակուի Պաղտատի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Փոխանորդ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը` ընդունելէ ետք Պաղտատի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ արհիապատիւ Տ. Էմմանուէլ արքեպս. Տապպաղեանի հրաժարականը, 27 սեպտեմբեր 2016-ի թիւ 112/2016 կոնդակով գերապատիւ հայր Ներսէս վրդ. Զապպարեանը նշանակած է Պաղտատի Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական փոխանորդ:

29 հոկտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայր Ներսէս վրդ. Զապպարեանին թագադիր ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի շնորհման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ ձեռամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու: