ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ հոգեւորականին

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ հոգեւորականին

Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ գերյարգելի հայր Եղիա ծ. վ. Գիրէճեանը ՀՀ անկախութեան 25 ամեակին առթիւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է շնորհակալագրով՝ հայապահպանութեան ի խնդիր մեծ աւանդի համար:

Հայր Գիրէճեանը Թորոնթոյի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է արդէն քառասուն տարիէ:

Հայր Եղիա ծ. վ. Գիրէճեանը ծնած է Պէյրութ, հոգեւոր կրթութիւնն ստացած է Հռոմի Գրիգորեան համալսարանը եւ 1996-ին ձեռնադրուած է քահանայ: Հոգեւոր առաքելութիւնը նախ իրականացուցած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, իսկ 1973 թուականէն՝ Գանատայի մէջ:

«Յարատեւ, անտեղիտալի նուիրումի, ծառայութեան ճանապարհ, ուր ամէն քայլափոխի առաջնորդուած եմ Աստուծոյ պատուիրաններով», այսպէս կը գնահատէ հոգեւորականը իր անցած ուղին, որուն ընթացքին իր ծառայութեամբ նպաստած է հայապահպանութեան ու մատաղ սերունդի դաստիարակութեան:

Հ. Եղիա Գիրէճեանը նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Միութեան ղեկավարն է, ստեղծած է Հայ կաթողիկէ շաբաթօրեայ դպրոցի հիմնադրամը, Թորոնթոյի մէջ նախաձեռնած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձաններու տեղադրումը, կազմակերպած է միջոցառումներ՝ նուիրուած Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին:

Noranor.ca-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին Հայր Գիրէճեանը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրի մասին ըսած է հետեւեալը.

«Իմ տարած համեստ գործունէութեան համար արժանացայ Գնատահագիրի մը Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ, որ ինծի յանձնուեցաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի լիազոր դեսպան վսեմաշուք տիար Արմէն Եգանեանի կողմէ: Հրապարակաւ իմ ջերմագին երախտագիտութիւնը եւ հոգեկան անխառն երջանկութիւնն ու յուզումը յայտնելէ ետք վսեմաշուք դեսպանին ներկայացուցի հետեւեալ երկու խնդրանքները. Առաջին՝ եթէ այս գնահատագիրը կարող էի նուիրել համայն գանատահայութեան իւրաքանչիւր բեկորին անխտիր եւ ապա արդեօ՞ք այս գնահատագիրը կարող էի ընդունիլ որպէս ՀՀ-ի անձագիր»:

Գիրէճեանը ներկայացուցած է Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մօտեցումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ.

«Ոճիր մը կը ներուի միմիայն հետեւեալ անքակտելի երեք պայմաններու գործադրութեամբ, որմէ ետք ներում կը շնորհուի ոճրագործին ու կ’իրագործուի ճշմարիտ Արդարութիւնը.- Ճանաչում՝ Ցեղասպանութեան, զղչում, ցաւ, ցասում Ցեղասպանութեան, եւ արդար ու ամբողջական հատուցում Ցեղասպանութեան»։

Պատմելով Գանատայի մէջ իր ծառայութեան մասին՝ Հ. Գիրէճեան ըսաւ որ հոգեւոր բարձրագոյն իշխանութիւններու հրահանգով՝ 1970-ականներուն Լիբանանէն գալով Գանատա՝ կարողացած է բազմաթիւ խոչընդոտներ յաղթահարել: Որպէս անծանօթ եւ ներգաղթեալ՝ փորձած է յարմարիլ ապրելակերպի ու մտածելակերպի, աշխարհագրական, կլիմայական պայմաններուն, օրէնսդրութիւններու եւ սովորութիւններու տարբերութիւններուն: Այնուհետեւ անցած է գործնական քայլերու՝ իր նպաստը բերելով մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին:

«Եկեղեցւոյ առաքելութեան կողքին հիմնեցինք շաբաթօրեայ վարժարանը մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժանմունքներով: Ան շրջանաւարտներու բեղուն հունձքեր տուաւ 35 տարիներու ճանապարհին՝ ներկայիս աշակերտութեան թիւն է 250».- արդիւնքներով կը հպարտանայ Հայր Եղիան՝ շեշտելով, որ նահանգի պետական իշխանութիւններն ու տեղական կաթողիկէ ուսումնական խորհուրդը լրջօրէն նպաստած են այս գործին` աջակցելով նիւթական ու կրթական գործընթացին:

Ըրած է ամէն ինչ՝ օտար հողի վրայ հայ համայնքի հայեցիութիւնը պահպանելու համար, որու երաշխիքները երեքն են` Հայ Եկեղեցին, դպրոցը եւ, առավել եւս` հայ ընտանիքը: Այս ամէնուն կողքին, նաեւ նախաձեռնած է այնպիսի կարեւոր աշխատանք, ինչպիսին է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայոց այբուբենի նուիրուած յուշարձաններու բացումը:

«Կառուցեցինք եւ բարձրացուցինք մեր հայ ազգի դիմագիծի հիմնական երրորդութեան բաղադրիչ եւ անբաժան խորհուրդները, որոնք կը վկայեն եւ պիտի վկայեն յարաժամ եւ ամենայն ժամ ոչ թէ միայն հայ անհատին այլ օտարազգի բոլոր անոնց, որոնք պիտի այցելեն Հայրենիք Հայաստանի այս մասնիկ հողակերտը այս ափերուն»,- ըսած է վարդապետը՝ մանրամասնելով այն գաղափարը, զոր կու տան այս յուշարձանները: Հայ եկեղեցին հայ ազգի՝ Քրիստոնեայ հաւատամքի, հոգեւոր էութեան եւ լինելութեան մարմնացումը կը խորհրդանշէ, նոյնը նաեւ այբենարանին եւ ապրիլեան պատերազմի զոհերուն նուիրուած յուշարձաններու գաղափարի հիմքին մէջ է: