Ծայրագոյն վարդապետի գաւազանի շնորհում` գերպ. հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին

Ծայրագոյն վարդապետի գաւազանի շնորհում` գերպ. հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին

Կիրակի, 2 Հոկտեմբերին 2016, Թաքսիմի Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11-ին, արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ թեմին, կիրակնօրեայ սուրբ Պատարագին ընթացքին, ծայրագոյն վարդապետի գաւազան շնորհեց հայր Վարդան Գազանճեանին, եւ զինք հովիւ եւ ժողովրդապետ կարգեց սոյն եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին եւ Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը իր քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, հայր Վարդան Գազանճեանին համար, որպէսզի ծառայէ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ թեմին մէջ: Գերապայծառ Տէրը ապա ըսաւ թէ այսօր նոր քահանային կը յանձնէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանին նուիրուած եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը եւ կու տայ անոր Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը, յանձնելով անոր վարդապետական գաւազանը եւ վարդապետելու կատարեալ իշխանութիւնը:

Գերապայծառը բացատրեց նաեւ ամփոփ կերպով թէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ այս յատուկ արարողութիւնը եկած է Մեսրոպ Մաշտոցէն, որ եղած է հայոց առաջին եւ մեծ Վարդապետը: Իրմէ է որ կու գայ այս գաւազանի տուչութիւնը, ըսաւ ան, եւ աւելցուց ըսելով թէ աբեղայ մը կրնայ այս աւանդը ստանալ միայն ծայրագոյն վարդապետէ մը, որ իր կարգին աւելի երէց ծայրագոյն վարդապետէ մը առած է: