ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ ՊՐՆ. ԱՐԱՄ ԳԱՅԱՅԵԱՆԻ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ ՊՐՆ. ԱՐԱՄ ԳԱՅԱՅԵԱՆԻ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 ամեակին առթիւ, Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կազմակերպած էր շքեղ ընդունելութիւն մը, «Տամա Ռոզ» պանդոկի մեծ դահլիճին մէջ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նախարարներ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, դիւանագէտներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ գլխաւորութեամբ երեսփոխան դոկտ․ Նորա Արիսեանի, Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Տիկին Պուսայնա Շաապան, հոգեւորական հայրեր, բազմաթիւ տեղացի բարեկամներ ու հիւրեր, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու դամասկահայ ազգայիններ։ Սուրիական եւ հայկական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ  ՀՀ մեծայարգ դեսպան դոկտ․ Արշակ փոլատեան, ներկայացնելով 25 ամեայ անկախ Հայաստանի անցած ճանապարհը, շեշտը դնելով հայ-արաբ եւ մասնաւորապէս Սուրիա-Հայաստան  կապերու զարգացման ու ամրացման գործընթացին վրայ անցնող տարիներուն։ Այնուհետեւ, պրն․ Դեսպանը պարգեւատրեց շարք մը  անձնաւորութիւններ ու դամասկահայ ազգայիններ, առ ի գնահատանք իրենց կատարած աշխատանքին ու ծառայութեան ի նպաստ Հայաստան – Սուրիա կապերու հզօրացման, ինչպէս նաեւ  Սուրիոյ մէջ հայապահպանման աշխատանքներու ուղղութեամբ իրենց մեծ ներդրումին համար։ Պարգեւատրուողներու շարքին էր հանրայայտ մտաւորական տիկին Գոլէդ Խուրին։ Ան թոռնուհին է Սուրիոյ անկախութեան կերտիչներէն Ֆարէս Խուրիի։ Մեծ ուրախութիւն ու հպարտութիւն էր մեզի համար պարգեւատրումը  Հայ կաթողիկէ համայնքի սիրելի զաւակներէն եւ Հայ կաթողիկէ միութեան վեթերան անդամներէն Պրն․ Արամ Գայայեանի։ Ան ձեռամբ պրն․ Դեսպանին ստացաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Պօղոս-Նուպար»  մետալը։ 

Արժան եւ իրաւ պէտք է ըսել պրն․ Արամին, որ երկար տարիներու անշահախնդիր ու անսակարկ ծառայութեամբ, վաստակած է դամասկահայութեան սէրն ու յարգանքը։ Պրն․ Արամ ծնած է Դամասկոս 1930 թուականին, ջարդէն ճողոպրած ու Կիլիկիոյ Հաճըն քաղաքէն գաղթած ծնողներու զաւակ: Յաճախած է Յիսուսեան հայրերու ֆրանսեւհայկական վարժարանը մինչեւ 1945: Սկաուտական խումբի անդամ եղած է նոյն վարժարանին մէջ, ապա 1946-էն յետոյ անդամակցած է Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան սկաուտական խումբին: Ան կանուխ տարիքէն մտած է գործի ասպարէզ, համայնքիս մեծ բարերար Գուտսի ընտանիքին պատկանող կերպասի գործարանը, ապա եղած գործարանի արտադրութեան պատասխանատուն։ Հետագային ան հիմնած է իր անձնական նուէրներու վաճառատունը, ուր կ’աշխատի մինչեւ օրս: Պրն. Արամ հարուստ փորձառութիւն ունեցած է համայնքիս սկաուտական կեանքին մէջ, որպէս խմբապետ Ս. Վարդան խումբին:

1947-էն ի վեր ան յարատեւութեամբ ու հաւատարմութեամբ կը մասնակցի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագներուն ու արարողութիւններուն, իր թովիչ ձայնով ու շարականներու լաւ իմացութեամբ փայլ մը տալով Ս. Պատարագի երգեցողութեան: Ան նաեւ մաս կազմած է «Քնար» երգչախումբին հիմնադրութեան օրէն 1962-ին, հանդէս գալով նաեւ որպէս մեներգիչ: Պրն. Գայայեան անդամ է ՀԿՄ-ի խորհուրդին հիմնադրութեան օրէն 1970-ին, 1997-էն սկսեալ վարելով ատենադպիրի ու փոխ ատենապետի պաշտօնները: Ինչպէս նաեւ ան մաս կը կազմէ 1975-էն ի վեր համայնքիս բարեսիրական միութեան վարչութեան: Պրն Արամ Գայայեան պարգեւատրուած է Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ «Ս. Վարդան» շքանշանով ու ստացած է Քնար երգչախումբի 50 ամեակին առթիւ գնահատական յուշամետալ մը: Պրն. Գայայեան ամուսնացած է ու բախտաւորուած 4 զաւակներով, որոնք իրենց հօր օրինակով, նոյնպիսի ծառայութիւն ունեցած են որպէս Դամասկոսի ՀԿՄ-ի անդամներ, ապա Միացեալ Նահանգներ ու Ֆրանսա, համայնքին, ազգին ու եկեղեցւոյ նուիրուած ազգայիններ իրենց ընտանիքներուն հետ: Այստեղ նշենք թէ «Պօղոս Նուպար» յուշամետալը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը կը շնորհէ Սփիւռքի ու Մայր Հայրենիքի այն ազգայիններուն, որոնք բարեսիրական եւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած են ու հայապահպանման ուղղութեամբ իւրայատուկ ջանքեր գործադրած ու հայ համայնքներու գիտական, մշակութային, մարզական խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ մեծ աւանդ ունեցած են։

Կը շնորհաւորենք պրն․ Գայայեանը ու իր ընտանիքը, որ «Մասիս»ի հաւատարիմ ընթերցողներէն է։ Կը յուսանք որ Սուրիան շուտով կը վերագտնէ իր խաղաղ ու ապահով վիճակը, որպէսզի այս երկրի քաղաքացիները, որոնց շարքին հայ համայնքի զաւակները, կարենան ապրիլ, պահել իրենց ինքնուրոյն դիմագիծը ու պրն․ Արամի նման շատ հայորդիներ իրենց բարի ծառայութեան համար արժանանան բոլորի գնահատանքին։

 

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ