Թարգմանչաց 2016 – ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԲԱՆՔ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ

Թարգմանչաց 2016 – ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԲԱՆՔ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ

Չեմ գիտեր թէ դուք ձեզի երբեւիցէ հարց տուա՞ծ էք թէ ինչո՞ւ հայ ծնած ենք։ Ինչո՞վ հայ ենք։ Արաբ չենք, ֆրանսացի չենք, սեւամորթ ափրիկէցի չենք, ամերիկացի չենք, չինացի կամ ճափոնցի չենք։ Ի՞նչ բան մեզ կը զատորոշէ եւ կþառանձնացնէ տարբեր ազգերէն։ Ի՞նչ բան մեզ կոչել կու տայ ՀԱՅ։

Երբ ես փոքր էի այս հարցումը ես ինծի տուած եմ յաճախ։ Յետոյ հարցուցած եմ հօրս։ Մեծ մարդոց եւ ուսուցիչներուս։ Եւ հիմա կþանդրադառնամ որ շատ բան չեմ հասկցած անոնց տուած պատաս-խաններէն, ինչպէս որ թերեւս դուք հիմա շատ բան չհասկնաք իմ ըսելիքներէս։ Բայց քանի մը վայրկեան մտիք ըրէք եւ փորձեցէք հասկնալ, եթէ այսօր չկրցաք հասկնալ յետագային անպայման կը հասկնաք, ինչպէս որ պատահեցաւ ինծի։

Երբ չափահաս դարձայ, սկսայ տրամաբանել եւ սորվիլ մեր պատմութիւնը, սկսայ հասկնալ հարցումիս տրուած պատասխաններուն իմաստը եւ գտայ հարցումիս պատասխանը, որ հետեւեալն է.-

Տարբեր ազգերէն մեզ զատորոշողը եւ առանձնացնողը իբրեւ ազգ մեր ՄՇԱԿՈՅԹՆ է։

armenian-alphabetԱյս ՄՇԱԿՈՅԹ բառը հաւանաբար շատ պիտի լսէք ձեր դպրոցական տարիներուն եւ անկէ ետք ալ։

Տեսէք թէ ի՞նչ կը նշանակէ ան։

ՄՇԱԿՈՅԹԸ ժողովուրդի մը առանձնայատկութիւններուն կամ ինքնութիւնը բնորոշող յատկանիշերուն գումարն է։

Ուրեմն Հայ ժողովուրդին մշակոյթը առաջին հերթին իր լեզուն է, իր կրօնը, իր գիրը ու գրականութիւնը, արուեստը ու գիտութիւնը, երգը ու պարը, նոյնիսկ սննդատեսակը՝ խոհանոցը։

Այս բոլորը կþամփոփենք ՄՇԱԿՈՅԹ բառին մէջ։

Առանց ՄՇԱԿՈՅԹի ժողովուրդ մը կը դառնայ անդիմագիծ եւ ուշ կամ կանուխ կը ձուլուի աշխարհի ձուլարանին մէջ ու կը կորսուի։

Ուրեմն եթէ մենք այսօր կանգ կամ գոյութիւն ունինք իբրեւ հայ, եթէ աշխարհին ծանօթ ենք իբրեւ հայ ժողովուրդ, իբրեւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ, ունինք Հայ Եկեղեցի, հայատառ Աւետարան, կ՛աղօթենք հայերէն, ունինք Հայաստան, հայկական պետութիւն, որովհետեւ մենք մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ ենք։

Իսկ ինչպէ՞ս ունեցած ենք այդ Մշակոյթը։

Պատմեմ։

Մեր Մշակոյթին պատմութիւնը շատ հին է։

Բայց ես պիտի խօսիմ այն մշակոյթի մասին, որ իբրեւ հայ՝ մեր այսօրուան գոյութեան պատճառը դարձաւ։

Դուք գիտէք որ քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս որդեգրած աշխարհի առաջին ժողովուրդն ենք։ Ասիկա տեղի ունեցաւ 301-ին։

Բայց հայ ժողովուրդը իսկապէս եւ գործնապէս քրիստոնեայ դարձաւ մէկ դար ետքը, 5-րդ դարէն սկսեալ։

Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ, մինչ այդ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր յունական եւ ասորական ազդեցութեան տակ։ Կþաղօթէր յունարէն կամ ասորերէն լեզուներով։ Որովհետեւ մենք հայերէնով գրուած Աստուածաշունչ, աղօթքներ կամ շարականներ չունէինք։ Հայկական ծէս չունէինք։ Որովհետեւ հայերէն գիր ու գրականութիւն չունէինք։

Ահա, այդ օրերուն գտնուեցաւ մարդ մը, հոգեւորական մը, Մեսրոպ Մաշտոց անունով որ մտածեց թէ եթէ հայ ժողովուրդը չունենայ իր սեփական գիրը , աստիճանաբար պիտի կորսնցնէ նաեւ իր լեզուն եւ լեզուն կորսնցուցած ժողովուրդ մը չի կրնար երկար կեանք ունենալ։

Մեսրոպ Մաշտոցի այս մտահոգութիւնը բաժնեցին հայոց Վռամշապուհ արքան եւ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը, որոնք քաջալերեցին Մեսրոպ Մաշտոցը որպէսզի հայերէն գիրեր ստեղծէ։

Ո՞վ էր, սակայն, Մեսրոպ Մաշտոց։ Ան պատահական մարդ մը չէր։ Ան ծնած էր Տարօն աշխարհի Հացեկաց գիւղին մէջ, 360-ին։ Շատ զարգացած էր։ Հմուտ էր յունարէն, ասորերէն եւ պարսկերէն լեզուներուն։ Խոսրով Գ. թագաւորին քարտուղարը եղած էր, հոգեւոր ծառայութեան նուիրուելէ առաջ։ Եւ երբ որոշած էր հոգեւոր ծառայութեան նուիրուիլ, գացած էր հայերու Գողթն գաւառը ժողովուրդին քրիստոնէութիւն քարոզելու համար։ Հոս է որ ան զգացած էր սեփական գիր ու գրականութիւն ունենալու կարեւորութիւնը եւ լծուած էր այդ գիրերը ստեղծելու ծանր եւ պատասխանատու աշխատանքին։ Այդ աշխատանքին արդիւնքն է Հայ Գիրերու Գիւտը, այսինքն ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ։

Ուրեմն երբ ունեցանք հայերէն գիրեր, Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները լծուեցան թարգմանութիւններ կատարելու աշխատանքին եւ առաջին հերթին հայերէնի թարգմանեցին Աստուածաշունչը եւ հոգեւոր գրականութիւնը։ Շնորհիւ այդ թարգմանութիւններուն, հայ ժողովուրդը սկսաւ Աստուածաշունչը կարդալ հայերէնով, ունեցաւ հայերէնով գրուած հոգեւոր գրականութիւն։ «Հայր Մեր»ը, Տէր Ողորմեան, շարականները, Սուրբ Պատարագը։ Զօրացուց իր քրիստոնէական հաւատքը, գիտելիքները։

Այս թարգմանիչները այնքան մեծ գործ կատարեցին որ անոնց յիշատակը յաւերժացաւ եւ անոնց յիշատակն է որ կþոգեկոչենք ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, ինչպէս այսօր, աւելի քան 1600 տարիներ ետք։

sn2

Մեսրոպ Մաշտոց միայն Հայ Գիրերը չէ որ ստեղծեց, այլ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ ստեղծելէ ետք, ան հիմը դրաւ առաջին հայ դպրոցին։ Ան Արցախ աշխարհի մէջ գտնուող Ամարաս վանքին մօտ ստեղծեց առաջին ազգային վարժարանը, ուր հայերէն սորվեցան, ուսանեցան եւ զարգացան իր աշակերտները։ Ահա թէ ինչու Մեսրոպ Մաշտոցը կը կոչենք նաեւ հայերէնի առաջին ուսուցիչը։ Այս դպրոցին մէջ ուսանած աշակերտները իրենց ստեղծագործութիւններով կերտեցին Հայոց Գրականութեան Ոսկեդարը։

Հայկական վարժարանները, ուր կը յաճախեն այսօր հայ աշակերտները՝ Մեսրոպ Մաշտոցին 1600 տարիներ առաջ բացած դպրոցին շարունակութիւնն են, իսկ ձեր հայ ուսուցիչները, ձեր հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուները յաջորդներն են Մեսրոպ Մաշտոցի։

Մեսրոպ Մաշտոց մահացաւ 440-ին Էջմիածնի մէջ եւ թաղուեցաւ Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին մօտ գտնուող փոքր գիւղի մը մէջ, որ կը կոչուի Օշական։ Անոր գերեզմանը ուխտավայր է այսօր։ Եթէ չէք գացած, կը մաղթեմ որ անպայման օրին մէկը երթաք եւ տեսնէք թէ ինչպէս հայաստանցի ձեր հասակակիցները, մանուկները, պատանիները, երիտասարդները, անոնց ծնողները եւ նոյնիսկ ծերերը ծունկի կու գան անոր գերեզմանին շուրջ, կը համբուրեն զայն, մոմ կը վառեն եւ կ’աղօթեն։ Անոնք փառք կու տան Աստուծոյ որ հայ ժողովուրդին տուաւ Մեսրոպ Մաշտոց մը, որուն կը պարտինք այսօր մեր գոյութիւնը իբրեւ ՀԱՅ։

Որովհետեւ Մեսրոպ Մաշտոց Հայ ժողովուրդին տուաւ ինքնապաշտպանութեան աշխարհի եւ բոլոր ժամանակներուն ամէնէն ուժեղ զրահը։ Ոչ մէկ թշնամի կրցաւ տապալել այդ զրահը հագած հայ ժողովուրդին։

Այդ զրահը մեր ՄՇԱԿՈՅԹՆ է։

Դուք գիտէք թէ մեր անկախութեան տօները ունինք եւ անոնցմով կը հպարտանանք։ Զանոնք մեծ շուքով կը տօնենք։ Անշուշտ լաւ գիտէք 1918¬ի Մայիսեան անկախութեան եւ 1991¬ի Սեպտեմբեր 21¬ի անկախութեան մասին։ Անշուշտ գիտէք նաեւ հայկական երկրորդ պետութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման մասին։ Բայց իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդը իր անկախութիւնը նուաճած է 1600 տարիներ առաջ Մեսրոպ Մաշտոցի Գիրերու Գիւտով։ Որովհետեւ 406¬էն սկսեալ ոչ մէկ տէրութիւն, ինչքան ալ զօրաւոր ըլլայ, մեզմէ կրցած է խլել մեր ինքնութիւնը։ Եթէ պահած ու պահպանած չըլլայինք մեր ինքնութիւնը, այսօր ոչ Հայութիւն եւ ոչ ալ Հայաստան գոյութիւն ունեցած պիտի ըլլար։

Այս ինքնութիւնը պահած ու պահպանած ենք շնորհիւ Մեսրոպի ստեղծած անխոցելի, անխորտակելի զրահին, որ ոչ մէկ բռնակալ կամ զաւթող, ոչ մէկ դահիճ կամ ցեղասպան, ո՛չ հուրը եւ ո՛չ սուրը կրցած են խորտակել։Այդ զրահը մեր Մշակոյթն է, մեր լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը։

Սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, այդ զրահը ձեզի հագցնելու կոչուած է Հայ Դպրոցը եւ ձեր հայեցի դաստիարակութիւնը։ Այդ զրահը հագնելու եւ այդ զրահով ինքնապաշտպանուելու համար կը յաճախէք Հայ Դպրոց։

Հագէք զայն եթէ իրապէս կþուզէք հայ մնալ։ Հագէք զայն՝ սորվելով ձեր մայրենի լեզուն, հայերէնը, ձեր գրականութիւնը՝ հայ գրականութիւնը, ձեր պատմութիւնը, հայոց պատմութիւնը, դուք ձեզ օժտելով ձեր մշակութային արժէքներով, հաւատարիմ մնալով Լուսաւորչեան Հաւատքին, ծէսին եւ անկէ բխած բարեմասնութիւններուն, տոհմիկ աւանդութիւններուն։

Ըսի ՁԵՐ, որովհետեւ այդ բոլորը կը պատկանի ձեզմէ իւրաքանչիւրին։ Այդ բոլորը ձեր հարստութիւնն է, աւելի թանկարժէք քան դրամը ու ոսկին։ Հանեցէք ձեր ինքնութիւնը կազմող այս հարստութիւնը պաշտպանող զրահը, եւ կը կորսուիք, կը ձուլուիք աշխարհի ձուլարանին մէջ, կը դառնաք ոչինչ, ոչ մէկը, անդիմագիծ արարածներ։

Մինչդեռ այդ զրահի պաշտպանութեամբ դուք գլխագիր մէկն էք, աշխարհի եւ բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ ճանչցուած ու յարգուած հպարտ մէկը որ կը կոչուի ՀԱՅ։

 

02/10/2016

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ