ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ 3 ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՆ ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՊԱՇՏՊԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ 3 ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՆ ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՊԱՇՏՊԱՆ» ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ

Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբերի 2016-ին, Երեւանի մէջ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» համահայկական ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան 2015 թուականի արդիւնքներու ամփոփման եւ մրցանակներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Միջոցառման ներկայ գտնուեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Ռուսաստանի Հայերու Միութեան (ՌՀՄ) եւ Համաշխարհային Հայկական Գոնկրէսի փոխ-նախագահներ Վլատիմիր Աղայեանը եւ Արամ Սարգսեանը, ՌՀՄ փոխ-նախագահ Լուսիկ Ղուկասեանը, ՌՀՄ տարածաշրջանային բաժանմունքներու նախագահներ, մանկավարժներ, մրցանակակիրներ եւ հիւրեր:

Սոյն մրցանքին գծով, 2015 թուականին աշխարհի 23 երկիրներէ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններէ, հաստատութիւններէ եւ անհատներէ ներկայացուած էր 112 մասնակցութեան դիմում: Չորս անուանակարգերու մէջ կայացած մրցանքին «Մայրենիի Պաշտպան» անուանակարգին մէջ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանն ու Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը արժանացան Ա., Բ., եւ Գ. կարգի մրցանակներուն:

Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանէն, Չեխիայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Շուէտէն, Ռուսաստանի Դաշնութենէն, Ուքրանիայէն եւ Վրաստանէն ժամանած մրցանակակիրներ, որոնց շարքին Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Ռիթա Պոյաճեան եւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան ատենապետ՝ Արամ Գարատաղլեան, որոնց նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ ՌՀՄ փոխ-նախագահներ Վլատիմիր Աղայեանը եւ Արամ Սարգսեանը յանձնեցին մետալներ եւ մրցանակներու վկայականներ:

«Մասիս» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ մրցանակակիր Հայ կաթողիկէ հաստատութիւնները, եւ անոնց կը մաղթէ յարատեւութիւն իրենց հայապահպանութեան առաքելութեան մէջ: