Արեւմտահայերէնը UNESCO-ի վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ է

Արեւմտահայերէնը UNESCO-ի վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ է

Երեւանի «Երկու երես» մամուլի ակումբին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին լեզուաբան Լաւրենտի Միրզոյեան խօսած է ընդհանրապէս լեզուներուն եւ յատկապէս հայերէնին մասին: Այս մասին հաղորդած է Սիրանոյշ Հայրապետեան։

Անոր համաձայն, աշխարհի մէջ կան մօտաւորապէս 2500 լեզուներ, որոնցմէ կենսունակ է ընդամէնը 500-ը: Ըստ տարածուածութեան, այսօր ամէնէն աւելի կ՛օգտագործուի չինարէնը, զոր կը խօսին 1 միլիառ 200 միլիոն հոգի: 1 միլիառ 100 միլիոն հոգի կը խօսի անգլերէն, 500 միլիոնէն աւելի անձ` սպաներէն, 247 միլիոն ալ` ռուսերէն:

Առաջին հարիւրեակին մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայերէնը, զոր կը խօսի մօտաւորապէս 10 միլիոն հոգի: «500 կենսունակ լեզուներէն ընդամէնը 119-ը պետական լեզու է: Առաջին դիրքին վրայ` ֆրանսերէնն է, որ պետական լեզու է 27 երկիրներու մէջ: 23 երկիրներու մէջ պետական լեզու է` արաբերէնը, 20 երկիրներու մէջ` անգլերէնը, 19 երկիրներու մէջ` սպաներէնը: Հայերէնը եւս տասնեակի մէջ կը մտնէ, որովհետեւ պետական լեզու է երկու երկիրներու մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», դիտել տուած է լեզուաբանը` աւելցնելով, որ այս իմաստով արեւելահայերէնը, արեւմտահայերէնին հետ բաղդատելով, առաւելութիւն ունի, որովհետեւ պետական լեզուի կարգավիճակ ունի, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ նաեւ լեզուի բառապաշարի հարստացման առումով որոշ յաջողութիւններ ունենալու:

Արեւմտահայերէնը այսօր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ է: Լեզուն կը գոյատեւէ այն պարագային, երբ գործածութեան լայն շրջանակներ, տարածուածութիւն ունի: Մինչդեռ արեւմտահայերէնը այսօր մօտաւորապէս մէկ միլիոն անձի կողմէ կը գործածուի:

«Արեւմտահայերէնը, իբրեւ գրական լեզու, պահպանուած է հիմնականօրէն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ հայկական այն գաղթօճախներուն մէջ, ուր հայկական ստուար խումբ եղած է: Ցաւօք, 1975 թուականի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք վտանգուեցաւ արեւմտահայերէնի կարգավիճակը այդ երկրին մէջ. շատ մը լիբանանահայեր արտագաղթեցին այլ երկիրներ: Այսօր ալ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով է, որ այնտեղի հայկական համայնքը կ՛արտագաղթէ տարբեր երկիրներ: Այդ բոլորը, բնականաբար, իրենց բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենան արեւմտահայերէնի կարգավիճակին վրայ: Եթէ մարդիկ արեւմտահայերէնը չօգտագործեն, ան դատապարտուած է մահուան», նշած է Լաւրենտի Միրզոյեան:

Լեզուաբանը համոզուած է, որ միայն պետական լուրջ քաղաքականութեան մշակման պարագային կարելի պիտի ըլլայ փրկել արեւմտահայերէնը: Ան նկատել տուած է նաեւ, որ նոր սահմանադրութեան մէջ երեք յօդուած նուիրուած է մայրենի լեզուին: Անոնցմէ մէկուն մէջ կ՛ըսուի, որ հայոց լեզուն եւ մշակութային ժառանգութիւնը կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան եւ հոգածութեան տակ. «Այս ուղղակի քայլերու անցնելու իրական կարելիութիւն կը ստեղծէ մեր պետութեան», ընդգծած է Միրզոյեան:

Լեզուաբանը կ՛առաջարկէ կայացնել համահայկական լեզուական քաղաքականութեան նուիրուած համաժողով, որուն ընթացքին համապատասխան մասնագէտները համակողմանի կերպով պիտի քննարկեն թէ՛ արեւմտահայերէնին եւ թէ՛ արեւելահայերէնին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ապա պիտի մշակեն լեզուներու փրկութեան ծրագիր: «Ի հարկէ, այս ո՛չ միայն լեզուաբաններու, այլեւ պետութեան, առհասարակ լեզուի հարցերով մտահոգ մարդոց հարցն է», շեշտած է Լաւրենտի Միրզոյեան: