Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին առիթով Հ.Կ.Հ.Մ. ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՍԵՒԱԿԻ ԹՈՌ՝ ՍԵՒԱԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆԸ

Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին առիթով Հ.Կ.Հ.Մ. ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՍԵՒԱԿԻ ԹՈՌ՝  ՍԵՒԱԿ ՂԱԶԱՐԵԱՆԸ

2016 թուականը կը զուգադիպի անզուգական բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին: Այս առիթով, Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան (ՀԿՀՄ) հրաւէրով 21-24 հոկտեմբերին եռօրեայ այցելութեամբ Պէյրութ կը գտնուէր մեծ բանաստեղծին թոռը՝ Սեւակ Ղազարեանը, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Գրականութեան Ֆաքուլթեթի բանախօս ըլլալու կողքին նաեւ թեկնածու է բանասիրական գիտութիւններու:

Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Սեւակ Ղազարեան Լիբանան իր այցը սկսաւ հանդիպում ունենալով Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի հետ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքութեան լրատուական գրասենեակի պատասխանատու տնօրէն՝ լրագրող եւ խմբագիր Սարգիս Նաճարեան: Կէսօրին, Ղազարեան ուղիղ եթերով հարցազրոյց ունեցաւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանէն, եւ որուն մասնակցեցան նաեւ ՀԿՀՄ-ի ատենապետ Արամ Գարատաղլեան եւ Միութեան մշակութային-դաստիարակչական ծրագիրներու վարիչ Լիւսի Տէօքմէճեան: Նոյն օրը կէսօրէ ետք Ղազարեան եւ Տէօքմէճեան երկրորդ հարցազրոյց մը ունեցան «Օ.Թի.Վի.» հայկական լրատուական բաժինէն:

Շաբաթ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԿՀՄ-ի կազմակերպութեամբ «Անլռելի, Անկրկնելի Պարոյր Սեւակը» խորագրեալ ձեռնարկը, որ կը վայելէր հովանաւորութիւնը Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, եւ նախագահութիւնը Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեանի:

Կիրակի, 23 հոկտեմբերին, Սեւակ Ղազարեանի զբօսաշրջական շրջագայութիւնը ընդգրկեց Ժէիթայի քարայրը, որմէ ետք ան այցելեց Զմմառու Տիրամօր Վանքը, ծանօթացաւ վանքի թանգարանին եւ հանդիպում ունեցաւ լեզուագէտ, խմբագիր, մտաւորական եւ ՀԿՀՄ-ի նախկին հոգեւոր վարիչ՝ գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին հետ: Յետմիջօրէին Ղազարեան գտնուեցաւ Ժըպէյլ քաղաքը եւ այցելեց «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը, ուր զինք դիմաւորեց հոգեշնորհ հայր Պսակ աբղ. Թեփիրճեան:

bs2

Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբերին Սեւակ Ղազարեան այցելեց «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատուն եւ հանդիպում ունեցաւ թերթի տնօրէնուհի տիկ. Անի Եփրեմեանին հետ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ հանդիպում ունեցան Սեւակ Ղազարեանի հետ, դարձեալ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ընթացքին իւրաքանչիւր վարժարան ասմունքեց Սեւակեան բանաստեղծութենէն կտոր մը եւ աշակերտները իրենց հարցումները ուղղեցին հանճարեղ բանաստեղծին թոռան: Այս ձեռնարկին նախորդած էր Ղազարեանի հանդիպումը Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստի հետ:

Օրուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի հետ: Այցելութեան ընթացքին Սեւակ Ղազարեան նաեւ ծանօթացաւ հրատարակչատան տպագրական աշխատանքներուն: Իսկ Հայաստան վերադառնալէ առաջ, Ղազարեանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի եւ համալսարանի «Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի» տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի հետ:

Երրորդ օրուան աւարտին, անմահանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի թոռը՝ Սեւակ Ղազարեան վերադարձաւ Հայաստան շատ հետաքրքրական, տպաւորիչ եւ գրական գեղեցիկ շաբաթավերջ մը պարգեւելով լիբանանահայ հանրութեան: