Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանը կը նշէ Հայ Գիրի եւ Դպրութեան տօնը

Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանը կը նշէ Հայ Գիրի եւ Դպրութեան տօնը

Հայ ժողովուրդը իր ազգային ու եկեղեցական տօներու շարքին ունի նաեւ իր լեզուին ու մշակոյթին տօնը: Իւրաքանչիւր տարուան հոկտեմբեր ամսուն մենք իւրայատուկ խանդավառութեամբ կը նշենք հայ մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան ծնողները հանդիսացող մեր Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու անմոռաց յիշատակելի օրը:

Ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2016-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ գիրերու գիւտը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծագոյն գիւտն է՝ աստուածաբոյր, աստուածային ճշմարտութեամբ օծուն: Ան աւելցուց, թէ Թարգմանչաց սերունդը անոր շնորհիւ կերտեց ազգ ու մշակոյթ, ստեղծեց հայադրոշմ հայրենիք եւ փոխանցեց դէպի ապագայ ճախրող երաշխիք: Կանիմեան իր խօսքը փակեց յորդորելով իր ընկերները՝ հայերէնին մօտենալու իբրեւ մայրենի եւ ոչ թէ երկրորդական լեզու, ուխտելով հաւատարիմ մնալ մեր դարաւոր անցեալի մաշտոցեան նշխարներուն:

th2Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն կատարած «Իմ Անունը Հայ Է» խմբերգով, որմէ ետք Ա. դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայաստանի Երգը», իսկ 5-րդ կարգի աշակերտները՝ «Իմ Մայր Լեզու» երգը:

Օրուան պատգամախօսն էր մեր վարժարանի առաջին տնօրէններէն, գրական բեղուն գործունէութիւն մշակած, Աստուածամօր նուիրուած բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ ներկայիս Այնճարի Վարդարանի Տիրամայր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերյարգելի Հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանը: Գերյարգելին առաջին հերթին շնորհաւորեց վարժարանիս ստացած Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենիի Պաշտպան» Ա. կարգի մրցանակը: Ապա ան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Դուք պաշտպանն էք հայ լեզուին, ոսկեղնիկին, մեծասքանչին: Դուք հպարտանքով պէտք է լեցուիք ձեր հայ ըլլալով, ուրախանաք երբ հայերէն կը խօսիք, կը գրէք ու կ՚երգէք, եւ չամչնաք որ դուք հայկական վարժարանի մէջ կ՚աշակերտէք»: Ան ըսաւ, թէ մեր հայերէն լեզուն, հայախօսութիւնը մեր ինքնութեան, պատկանելիութեան ու գոյատեւման կռուանն է, եւ երբ իւրաքանչիւր հայ հայերէն կը խօսի, կը գրէ ու կ՚աղօթէ, ապա ան աւելիով հայ է:

3-րդ, 4-րդ, 6-րդ եւ 7-րդ կարգերու աշակերտները երգով, պարով ու ասմունքով կենդանի պատկեր մը ներկայացուցին, որուն մէջ գովերգեցին հայ լեզուն, անոր գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ հայ լեզուով ստեղծագործած մեր բանաստեղծները:

Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մենք որպէս հայ կը գոյատեւենք շնորհիւ մեր այբուբենին, եւ «մայրենիի պաշտպան» մրցանակի արժանանալը ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է մեր վարժարանին համար, բայց զայն պահպանելու համար մենք պէտք է պաշտպանն ու տէրը ըլլանք մեր լեզուին, մեր մշակոյթին ու ինքնութեան:

Աւարտին բեմ բարձրացաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ վարժարանիս հոգեւոր խորհրդատու՝ գերյարգելի Հայր Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը, որ փակման աղօթք կատարելէ առաջ ըսաւ. «Յարգանք, պատիւ ու պարծանք մեզի, որ ունեցանք երկրորդ լուսաւորիչ մը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ լուսաւորեց մեր մտքերը»: Հուսկ, աշակերտները միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ