«Թարգմանչաց» տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձ. վարժարանի մէջ

«Թարգմանչաց» տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձ. վարժարանի մէջ

«Թարգմանչաց» տօնը նախախնամութեան տնօրինութեամբ կը համընկնի հոկտեմբեր ամսուն` կրթական տարեշրջանի սեմին, եւ այսպէս Հայ դպրոցը կը վերամկրտուի Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով եւ կը գօտեպնդուի իր ազգային ինքնուրոյն պատկանելիութեամբ:

Հայ դպրոցը հայ լեզուի ու պատմութեան ուսուցման կողքին իր առաքելութեամբ կը յիշատակէ եկեղեցական եւ ազգային տօներ, որոնք կը տօնախմբուին աշակերտական յատուկ հանդէսներով եւ անոնց ընդմէջէն հայ աշակերտին հոգիին ու մտքին մէջ կը թրծուին քրիստոսաւանդ կրօնքն ու հայկական ոգին:

thr2

Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը 27 հոկտեմբեր 2016-ին յիշատակեց «Թարգմանչաց» տօնը, ուր նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները իւրայատուկ ոճով եւ գեղարուեստական յայտագիրով արժեւորեցին «Թարգմանչաց» խորհուրդը, հայ լեզուի փառաբանանքը հիւսող բանաստեղծութիւններով, ասմունքներով, որոնք ընդելուզուած էին ջութակի, շվիի եւ դաշնամուրի երաժշտական մեղեդիներու ազգայնաշունչ թրթիռներով ու գաւառական պարով:

 

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ հիւրեր եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը:

Տնօրէնութիւնը օրthr3ուան պատգամը փոխանցելու համար հրաւիրած էր վարժարանի երկրորդական դասարաններու հոգեւոր դաստիարակ` Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը, որ հաղորդական ոճով վեր առաւ «Թարգմանչաց» տօնին իմաստն ու խորհուրդը` «հաւատա՛լ, ճանչնալ ու գործել» բնաբանով: Բանախօսը յորդորեց աշակերտներուն ամէնօրեայ ապրումի եւ կենցաղի վերածելու թարգմանիչներու սուրբ կտակը, ապա խօսքը ծնողներուն ուղղելով կարեւորեց հայօրէն ապրելու գիտակցութիւնը` գերադասելով հայկական արժէքներն ու աւանդութիւնները:

Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհին` առաքինափայլ քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց օրուան բանախօսին, գնահատեց աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը եւ ջերմօրէն շնորհաւորեց վարժարանին հայ լեզուի ուսուցիչները, որոնք բծախնդրութեամբ կ’ուսուցանեն Մեսրոպեան լեզուն, ապա խօսքը աշակերտներուն ուղղելով թելադրեց միշտ վառ պահել Մեսրոպ Մաշտոցի ու թարգմանիչներու կանթեղը եւ պատիւ զգան իրենց պատկանելիութեամբ: